«Ինտրա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Երկերի մատենագիտութիւն: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (8) using AWB
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
'''Ինտրա''', (''Տիրան Չրաքեան)''') ([[1875]] - [[1921]] թթ.), հայ բանաստեղծ։
 
== Կենսագրություն ==
== Կեանքը ==
Ծնած է 1875-ին Պոլիս, Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք թաղային դպրոցը, յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան, ուր կրած է Ռէթէոս Պէրպէրեանի խոր ազդեցութիւնը: Մեծանուն կրթական գործիչը խօսելով իր աշակերտին մասին, կը գրէ.- «Լուսալի աչքերով աշխոյժ բայց արդէն խոհուն պատանեկիկ մըն էր, չարաճճի հարցուփորձող ժպիտով մը»: Տիրան Չրաքեան ուշիմ աշակերտ եղած է, մասնաւոր սէր ու հակում ունեցած է նկարչութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան հանդէպ: Իր ստորագրութիւնը կրող քանի մը յաջող իւղանկարներ եւ գծանկարներ մնացած են կարգ մը բարեկամներու մօտ: Ամէն հարցի խորը թափանցելու հետաքրքրութիւնը կը մղէ որ Չրաքեան կլանուի նաեւ գիտութեամբ: Լայն ծանօթութիւններ ձեռք կը բերէ մասնաւորաբար բնապատմութեան ճիւղին մէջ:
 
Տող 10 ⟶ 11՝
Գրական նախափորձերը եղած են ոտանաւորներ՝ գրուած Պէրպէրեան վարժարանի ուսանող եղած օրերուն: «Բիւզանդիոն», «Շիրակ», «Ոստան», «Արեւելք» թերթերուն աշխատակցած է արձակ էջերով, քննադատական փորձերով, ճամբորդական նօթերով եւ իմաստասիրական ու ոգեհարցական ուսումնասիրութիւններով: Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը» հրատարակած է Չրաքեանի արժէքաւոր նամակները, որոնք յոյս կը սփռեն իր կեանքին եւ հոգեկան բեկումներուն վրայ: Կը խօսուի նաեւ վէպի մը եւ սիրային արձակ քերթուածներու մասին, որոնք շատ հաւանօրէն յանձնուեցան կրակին, իր հոգեկան տագնապի օրերուն: Հատորի ձեւին տակ Ինտրայէն մեզի հասած են երկու գործեր.-
 
1)'''«ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ»'''.- Տպուած 1906-ին, բայց գրուած 1898-1900 շրջանին, այսինքն երբ հեղինակը 23 տարեկան էր տակաւին: Տիրան Չրաքեան 16 Հոկտեմբեր 1900-ին Մ. Կիւրճեանին ուղղուած նամակի մը մէջ կը գրէ. «Գիրքս լմցուցի այսօր: Օ~հ, մեծ, մեծ ազատումը, զոր սակայն, վարժութեամբ դեռ չեմ կրնար կոր չափել. գործին գաղափարը զիս այնքան նեղած էր, որ կարծես թէ դեռ լմնցուցած չեմ զայն. մինչդեռ իսկապէս լմնցաւ այս առտու»: Գիրքը ձօնուած է իր ուսուցիչ-տնօրէնին՝ Ռ. Պէրպէրեանին: Պէրպէրեան գրած է շահեկան յառաջաբան մը, ուր կը ջանայ մատնանշել Ինտրայի տաղանդին յատկանիշերը: Ինչպէս խորագիրը ցոյց կու տայ, այս գիրքը կը պատկերացնէ Ինտրայի ներքին աշխարհը՝ արտաքին պատկերներու եւ դէպքերու շրջանակին մէջ: Հոն կը գտնենք բնութեան նկարագրութիւններ՝ «խոկացող» նոճիներով, ձիւնածածկ լեռներու տաճարային խորհուրդով, Պոլսոյ սլացիկ մինարէներով: Ականատես կ'ըլլանք բանաստեղծի ապրումներուն՝ իր սենեակի առանձնութեան մէջ, գիշերուան լամպարի աղոտ լոյսին մէջ: Մեզ կը փոխադրէ Սեւ Ծովու ափերը կամ բուրգերու ստորոտը, «Առասպելօրէն անրջացած սփինքսին» խորհրդաւոր նայուածքին տակ: Այս գիրքին մէջ կը գտնենք տակաւին պաշտամունքը լոյսին, իր բիւրեղային մաքրութեամբ: Հոս է սէրը՝ Իրենան, «լուսեղէն եւ արփային» այդ էակը, որ ամբողջովին լոյս է ու հոգի: Գիրքը մեր առջեւ կը բանայ նաեւ մանկութեան յիշատակներ, եկեղեցիի զանգակին եւ խունկի բուրումներուն կախարդանքովը անուշցած: Բանաստեղծական այս բոլոր ապրումներուն քովն ի վեր, «Ներաշխարհ»ը կու տայ վկայութիւններ արեւելքի եւ արեւմուտքի իմաստասիրական մտածումներէն, ինչպէս նաեւ արձագանգը կը հանդիսանայ ընկերային հարցերու: Դժուար է այս գիրքին նիւթը ամփոփել, որովհետեւ աւելի վերլուծում է մտածումներու եւ զգացումներու, քան թէ դէպքերու պատմում:
Մեզ կը փոխադրէ Սեւ Ծովու ափերը կամ բուրգերու ստորոտը, «Առասպելօրէն անրջացած սփինքսին» խորհրդաւոր նայուածքին տակ:
Այս գիրքին մէջ կը գտնենք տակաւին պաշտամունքը լոյսին, իր բիւրեղային մաքրութեամբ:
Հոս է սէրը՝ Իրենան, «լուսեղէն եւ արփային» այդ էակը, որ ամբողջովին լոյս է ու հոգի:
Գիրքը մեր առջեւ կը բանայ նաեւ մանկութեան յիշատակներ, եկեղեցիի զանգակին եւ խունկի բուրումներուն կախարդանքովը անուշցած:
Բանաստեղծական այս բոլոր ապրումներուն քովն ի վեր, «Ներաշխարհ»ը կու տայ վկայութիւններ արեւելքի եւ արեւմուտքի իմաստասիրական մտածումներէն, ինչպէս նաեւ արձագանգը կը հանդիսանայ ընկերային հարցերու:
Դժուար է այս գիրքին նիւթը ամփոփել, որովհետեւ աւելի վերլուծում է մտածումներու եւ զգացումներու, քան թէ դէպքերու պատմում:
 
2)'''«ՆՈՃԱՍՏԱՆ»''' (1908).- քառասուն հնչեակներու հաւաքածոյ մը, որուն մէջ տեղ գտած բոլոր քերթուածներն ալ ներշնչուած են նոճիներու խորհուրդէն եւ կը սեւեռեն անցաւորէն դէպի յաւիտենական կեանք ձգտող հոգիի մը տագնապանքը: Ինտրա հմայուած է նոճիներու երջանիկ ճակատագրէն, որովհետեւ, ըստ իրեն, անոնք ի վիճակի են ձգտելու յաւերժական լոյսին եւ ճշմարտութեան, իսկ ինք զուրկ է այդ գեղեցկութեանց հասնելու կարողութենէն:
 
== Գրական 3ատկանիշերյատկանիշեր ==
Ինտրայի գրականութիւնը, իր ամբողջութեան մէջ, անմահութեան եւ անհունութեան հասնելու ձգտում մըն է՝ աննիւթացման եւ հոգեղինացման ճամբով: Այսպէս՝ երբ կը կարդանք «Ներաշխարհ»ը, անմոջապէս կ'անդրադառնանք որ անսովոր, բացառիկ գործի մը առջեւ կը գտնուինք: Այդ գիրքը ոչ բանաստեղծութիւն է եւ ոչ վէպ՝ ընթացիկ իմաստով: Սակայն իր մէջ կը պարունակէ թէ՛ բանաստեղծական եւ թէ՛ վիպային տարրեր: Ամբողջութիւնը խօսակցութիւն մը կը ներկայացնէ իր իսկ հոգիին եւ ապա նաեւ տիեզերական ոգիին հետ:
Ինտրա ոգեղէնի սիրահարն է եւ ամէն ինչ կ'ոգեղինացնէ: Կը խորշի առօրեայ կենցաղէն, նիւթէն եւ նիւթականէն: Յաւիտենականին եւ աստուածայինին գեղեցկութիւններն են որ զինք կը քաշեն: Իր սէրը, մարմնաւորուած Իռենայի անձով, ամբողջովին մաքրազտուած է աշխարհային եւ մարմնեղէն տարրերէ: Սէրը, Ինտրայի համար, բնութեան մէկ սքանչելի երեւոյթն է, անոր հրաշալի խորհուրդներէն մին: Իռենան կը ներկայանայ իրեն իբրեւ Աստուծոյ սրբալոյս մէկ ցոլքը, աննիւթ եւ անհպելի, որուն կարելի է մօտենալ լոկ կրօնական ջերմեռանդութեամբ:
Տող 46 ⟶ 42՝
* Հովին ձայնը (Երկեր), գիրք Բ. Էսսեներ, Յօդուածներ, Գրական դիմանկարներ, Գրախոսութիւններ, Երեւան, 2014, 456 էջ:
 
 
[[Ստորոգութիւն:1875 ծնունդներ]]
[[Ստորոգութիւն:1921 մահեր]]
[[Ստորոգութիւն:Գրողներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ գրողներ]]
[[Ստորոգութիւն:Պոլիս ծնածներ]]
[[Ստորոգութիւն:Տիարպեքիր մահացածներ]]
[[Ստորոգութիւն:Բանաստեղծներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ բանաստեղծներ]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ինտրա» էջէն