«Գաբրիէլ Հրեշտակապետ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
 
No edit summary
Տող 1.
[[Պատկեր:Gabriel_from_Vysotsky_chin_(14c,_Tretyakov_gallery).jpg|մինի|335x335փքս|Գաբրիէլ հրեշտակապետ, բիւզանդական պատկեր:]]
[[Պատկեր:Archanioł_Gabriel.jpg|մինի|298x298փքս|Հրեշտակին ոսկի մազերը (Գաբրիէլ հրեշտակապետ), Նովգորոդեան պատկեր Ժբ., ռուսական թանգարան]]
'''ԳաբրիելԳաբրիէլ հրեշտակապետ''', այս անունը բառացիօրէն կը նշանակէ ամենակարող, ուժս<ref name="autogenerated1">[http://toldot.ru/tags/gavriel/ Архангел Гавриэль]</ref>։ Միայն երկուերեք հրեշտակներ հրեշտակապետ կոչուած են հրեշտակապետ՝՝ [[Միքայէլ Հրեշտակապետ|Միքայէլ հրեշտակապետ]]<nowiki/>ն ուը, Գաբրիէլ հրեշտակապետը։հրեշտակապետը եւ [[Ռաֆայէլ հրեշտակապետ |Ռաֆայէլ հրեշտակապետ]]ը։
 
== Երկնային զօրք կամ երկնային էակներ ==
Երկնային զօրք կամ երկնային էակներ արտայայտութեամբ կ'ակնարկուի հրեշտակներուն։ Հրեշտակ [[եբրայերէն]] կը նշանակէ [[պատգամաւոր]], պատգամաբեր, [[դեսպան |դեսպան]]։ [[Հրեշտակ |Հրեշտակ]]ները նախքան մարդոց եւ միւս էակներուն արարումը, ստեղծուած իմանալի, այսինքն` հոգեւոր, աննիւթական, ուրեմն եւ` նիւթական աչքի համար անտեսանելի արարածներ են, որոնք սակայն կարողութիւն ունին, սովորաբար մարդկային կերպարանք առնելով, տեսանելի դառնալու մարդոց։
 
Իբրեւ լուսեղէն էակներ՝ ըստ [[Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցի |Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ]] միջնադարեան վարդապետներուն, ստեղծուած են արարչութեան առաջին օրը` մշտնջենական լոյսին ստեղծման հետ միասին:
Հրեշտակները անմահ են, հրեղէն, լուսեղէն, այսինքն՝ աննիւթական լոյսէն կազմուած, թիւով` բազմաբիւր («հազարք հազարաց եւ բիւրք բիւրոց»., բնութեամբ բարի, մաքուր (սուրբ), կը բնակին նիւթական երկինքէն տարբեր` «հոգեւոր» կամ «լուսեղէն» կոչուող երկինքին մէջ:
 
Հրեշտակները սպասաւոր հոգիներ են, որոնք ստեղծուած են ծառայելու Արարիչին եւ մարդկութեան. անոնք մշտապէս կը փառաբանեն Արարիչը, իսկ մարդոց անտեսանելիօրէն կ'օգնեն` նպատակ ունենալով վերջիններուն փրկութիւնը<ref>[https://lusamut.net/%D5%A3%D5%A1%D5%A2%D6%80%D5%AB%D5%A5%D5%AC-%D6%87-%D5%B4%D5%AB%D6%84%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D5%AC-%D5%B0%D6%80%D5%A5%D5%B7%D5%BF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%A5%D6%80%D5%B6-%D5%B8%D6%82-%D5%A5/ Գաբրիէլ Հրեշտակապետ]</ref>։
Ըստ Ս. [[Գրիգոր Տաթեւացի]]ի՝ իւրաքանչիւր մարդ ունի իր պահապան հրեշտակը, որ իրեն կը տրուի երբ տակաւին մօր որովայնին մէջ կ'ըլլայ ան, երբ կը ստանայ բանական հոգին։
Պահապան հրեշտակը մարդուն կ'ուղեկցի անոր ողջ կեանքին ընթացքին եւ անտեսանելիօրէն կ'օգնէ անոր։
== Գաբրիէլ Հրեշտակապետ ==
Գաբրիէլի հիմնական պարտականութիւնն է բարի լուր եւ գիտելիքներ փոխանցելը: Աստուածաշունչը զինք կը նկատէ ողջ մարդկութեան հիմնական խնամակալը: Ս. հրեշտակ Գաբրիէլը ներկայացուած է պատկերակով, որ կը պաշտպանէ ուղղափառ հաւատացեալները:
 
Գաբրիէլ բարձր դիրք ունեցող հրեշտակ է, որու ծառայութիւնը սերտօրէն կ'առնչուի երկնային «գաւիթի»ն հետ: Աստուած զինք «կ'ուղարկէր», որ յատուկ տեղեկութիւններ յայտնէր իր երկրային ծառաներուն ։
Գաբրիէլ Տիրոջ կարեւորագոյն որոշումներն ու տնօրինութիւնները իրագործող անմիջական պաշտօնեան է։ Ան գիտէ Տիրոջ բոլոր գաղտնիքները: Գաբրիէլ հրեշտակապետը Փրկիչին գալստեան առնչուող խորհուրդները մարգարէներուն կը բացահայտէ եւ կը մեկնաբանէ անոնց տեսիլքները, ինչպէս՝ յայտնուելով [[Դանիէլ մարգարէ |Դանիէլ մարգարէ]]ին՝ կը մեկնէ վերջինիս տեսիլքը, կը յայտնուի [[Զաքարիա]] քահանային՝ [[Յովհաննէս Մկրտիչ |Յովհաննէս Մկրտիչ]]ին հօրը եւ կը յայտնէ անոր որդիին ծնունդը: Ան կը դառնայ Քրիստոսի փրկագործութեան վկան եւ մասնակիցը՝ երբ կը յայտնուի [[Ս. կոյս Մարիամ]]ին՝ աւետելով Փրկիչին ծնունդը <ref>[https://www.qahana.am/am/christian/show/459885853/50 Հրեշտակապետեր]</ref>։
 
Եկեղեցւոյ հայրերուն հաւաստիացումով՝ թէ՛ Գաբրիէլ եւ թէ՛ Միքայէլ հրեշտակապետերը կը կանգնին Աստուծոյ առջեւ, իսկ Ռաֆայէլը վեր կը հանէ մարդոց աղօթքները,«կը մտնէ Ս.եւ փառաւոր Աստուծոյ քով եւ կը մատուցէ Անոր:
 
== Գաբրիէլ Հրեշտակապետը՝ սրբապատկերներուն մէջ ==
Սրբապատկերներուն մէջ Գաբրիէլ կը ներկայանայ ձեռքը՝ հայելի մը, որ կը խորհրդանշէ Տիրոջ գործերուն եւ միտքերուն իմաստը ամբողջութեամբ փոխանցելը:
== Աղբիւրներ ==
[[Աստուածաշունչ|Ս.Գիրք]], (Ծննդ. Ա.,3),(Դան. Է. 10, Յայտ. Ե. 10),(Դան. Ը 16, Թ. 21),(Ղկ. 1:19, 26)
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}