«Ազդակ (օրաթերթ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
'''«Ազդակ» Օրաթերթ''' [[Լիբանան]]ահայ օրաթերթ եւ պաշտօնական օրկանը՝ [[Լիբանան]]ի [[Հ.Յ.Դ.]]ին ([[1965]] թուականի [[Յունիս]]էն)։ Հիմնադրուած է [[Մարտ]], [[1927]]-ին [[Պէյրութ]], [[Լիբանան]]։ Իր քաղաղական, լրատուական, մշակութային եւ մարզական հարուստ բովանդակութեամբ, կարեւոր եւ ազդեցիկ դեր ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ՝ Լիբանահայութեան կեանքին մէջ։
 
1927-ին «Ռի­ատ Սոլհ» շրջա­նին մէջ գտնուող տպա­րա­նին մէջ ծնունդ առած «Ազ­դակ»-ը կը սկսի հրա­տա­րակ­ուիլ 4 էջե­րով` իւ­րա­քան­չիւր չո­րեք­շաբ­թի ու շա­բաթ օրե­րը, եռօր­եայ ու ապա եր­կօր­եայ դրու­թեամբ` ձեռ­քով շա­րուող ու բա­նող սար­քե­րու եր­կուն­քով:
 
Սկզբը եղած է եռօրեայ թերթ, [[1930]] թուականէն՝ երկօրեայ, իսկ [[1932]] թուականէն մինչեւ օրս՝ օրաթերթ։ Հիմնադիր եւ սեփականատէր-տնօրէն՝ Հայկ Պալեան։ Երբ Հայկ Պալ­եան կը նա­խա­ձեռ­նէ «Ազ­դակ»-ի հրա­տա­րա­կու­թեան գոր­ծին, իր թի­կուն­քին կ՛ու­նե­նայ քա­ջա­լե­րանքն ու գործ­նա­կան աջակ­ցու­թիւնը ՀՅԴ-ի Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէ­ին: Հայկ Պալ­եան կը գնէ «Նոր Փիւ­նիկ»-ին տպագ­րա­կան գոր­ծիք­նե­րը եւ տա­ռե­րը, որոնք հե­տա­գա­յին տա­րի­ներ շա­րու­նակ կը ծա­ռա­յեն «Ազ­դակ»-ին: