«Պերճ Թիւրապեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 10.
 
Հեղինակային համերգներ ունեցեր է [[Երեւան]]ի մէջ, [[Միացեալ Նահանգներ]]ու, [[Գանատա]]յի շարք մը քաղաքներու և Փարիզի մէջ: Ֆրանսերէնէն հայերէն թարգմանած է [[Շարլ Ազնաւուր|Շառլ Ազնաւուր]]ի երգերը<ref>[https://my.mamul.am/am/photoreportage/88 Շառլ Ազնաւուրը հայերէն, թարգմանութիւն՝ Պերճ Թիւրապեան]</ref>: 2010 թուականին Երևանի մէջ լոյս տեսած է «Ազնաւուրը՝ հայերէն» ձայներիզը, որուն մէջ ընդգրկուած են Շառլ Ազնաւուրի 13 երգերու հայերէն տարբերակները<ref>[https://archive.168.am/articles/25063 Շառլ Ազնաւուրի երգերը հնչելու են հայերէն լեզուով]</ref>: Թարգմանած ու կատարած է յայտնի ֆրանսացի երգիչներու՝ Ժաք Պրելի (Jacques Brel), Լէո Ֆեռէի (Léo Ferré), Ճորճ Պրասէնսի (Georges Brassens) ու Շառլ Ազնաւուրի երգերը։
 
Պերճ Թիւրապեան, որ նիւեորքաբնակ յայտնի յօրինող եւ երգիչ է, մերթ ընդ մերթ բացատրութիւններ տալով Զարեհ Խրախունիին չորս բանաստեղծութիւնները՝ «Մակոյկը», «Ձեռնածու»ն, «Թռչնահոգի»ն, եւ «Կաթիլներ»ը իր յօրինած երգերով ներկայացուց: Արդէն «Մակոյկը» նախապէս ցոյց տրուած շարժանկարին մէջ մասամբ նուագուած եւ հետաքրքրութիւն արթնցուցած էր: Թիւրապեանի կողմէ հրամցուած այս չորս երգերը բոլորովին տարբեր ոգեւորիչ մթնոլորտ մը ստեղծեցին հանդիսատեսերուն միջեւ: Պերճ Թիւրապեան անուանի բանաստեղծնեուն գործերը երաժշտութեան վերածած եւ այդ գործերէն իւրաքանչիւրին նոր շունչ մը եւս տուած է (http://www.bergeturabian.com/):
 
== Գիրք-ձայնապնակներ ==