«Ծերենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (7) using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: վախճանի → մահուան using AWB
Տող 18.
[[1875]]-ին Ծերենց հազիւ ստանձնած էր [[Օրթագիւղ]]ի հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, երբ կառավարական բժիշկի պաշտօնով կ՚ուղարկուի [[Կիպրոս]]։ Ասիկա տեսակ մը աքսոր էր՝ զինք իբրեւ կասկածելի մեկուսացնելու համար։ Կիպրոսի մէջ, Ծերենց կը գրէ իր առաջին պատմական վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, որ կը հրատարակուի [[1877]]-ին, Պոլսոյ մէջ։ Ծերենց յաջորդ տարին կը վերադառնայ ծննդավայրը, ուրկէ կ'անցնի Կովկաս եւ կը հաստատուի Թիֆլիս, ուր կ'անցնի իր կեանքին մնացեալ տարիները։ Այս շրջանին կը զբաղի ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով հայոց պատմութիւն [[Ներսիսյան դպրոց (Թիֆլիս)|Ներսիսեան վարժարան]]ի մէջ։
 
[[1879]]-ին Թիֆլիսի մէջ կը հրատարակուի Ծերենցի երկրորդ պատմական վէպը՝ «Երկունք Թ. Դարու»ն, իսկ [[1881]]-ին երրորդը՝ «Թէոդորոս Ռշտունի»ն։ [[1884]]-ին, իր դստեր Թագուհիի մահով, Ծերենց խորապէս կ՚ընկճուի եւ տակաւ կը կորսնցնէ հասարակական կեանքի հանդէպ իր ոգեւորութիւնը։ Ան կարճ ժամանակով կ'անցնի Պոլիս, իր վիշտը մոռնալու։ Սակայն անկարող կ'ըլլայ իր սիրասուն աղջկան յիշատակը ջնջել եւ կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր երկար հիւանդութենէ մը ետք, կաթուածահար կը վախճանիմահուան [[17 Փետրուար]] [[1888]]-ին։ Ծերենցի աճիւնը կ'ամփոփուի հայկական գերեզմանատան մէջ, իր աղջկան կողքին, [[Րաֆֆի]]ի եւ [[Գրիգոր Արծրունի]]ի հողակոյտերուն մօտ։
 
== Ստեղծագործութիւն ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ծերենց» էջէն