«Արսէն Բագրատունի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 4.
== Կենսագրութիւն ==
Արսէն Բագրատունի ծնած է 21 Օգոստոս [[1790|1790-ին,]] [[Կոստանդնուպոլիս|Կոստանդնուպոլս]]ոյ մէջ, ուսումնառութիւնը ստացած է Մխիթարեաններու մօտ. եղած է միաբանութեան անդամ։ Քաջատեղեակ էր դասական լեզուներուն։ Եղած է [[գրաբար]]ի հմուտ։
 
 
 
Գրապայքարին մէջ կանգնած էր գրաբարեաններու կողմը։ Կատարած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ դասական հեղինակներու։ Անոր խմբագրութեամբ հրատարակուած են հայերէն դասական ու թարգմանական երկեր։
Տող 22 ⟶ 20՝
 
«Հայկ Դիւցազն»-ը կազմուած է 20 գլուխներէ: Թէեւ նիւթը [[Հայկ Նահապետ|Հայկ]]<nowiki/>ի եւ [[Բել]]<nowiki/>ի՝ Խորենացիի աւանդած յայտնի աւանդութիւնն է‚ սակայն հեղինակը կատարած է բազմաթիւ յաւելումներ ու լրացումներ։ Օրինակ‚ ավելացված է Վստամի թեման‚ որ [[Հայաստան]]<nowiki/>ի տեղական բնիկներէն էր եւ դեմ էր Բելի դեմ պատերազմելուն‚ թէեւ‚ ի վերջոյ‚ կը փարի Հայկին։ Աւելացուած է Հայկին աղջիկը՝ [[Հայկանուշ]]<nowiki/>ը‚ որը հօրը վիրաւորուելէն ետք կը հագնի անոր զէնքերը‚ կը նետուի կռիւի դաշտ եւ թշնամիները‚ կարծելով‚ որ գործ ունին Հայկին հետ‚ խուճապահար կը փախչին։Նոր են նաեւ [[Նոյ նահապետ]]<nowiki/>ին եւ [[Բիւրասպ]]<nowiki/>ին կերպարները‚ որոնցմէ առաջինը բոլոր ձեւերով կ'օգնէ Հայկին‚ միւսը՝ Բելին ու անոր կողմնակիցներուն։ Վերջապէս‚ ըստ Բագրատունիի‚ Հայկն ու Բելը իրարու կը հանդիպին եւ հինգ-վեց անգամ գոյամարտելէ ետք, միայն վերջին կռիւին Հայկ կը յաջողի յաղթել Բելին‚ մինչդեռ աւանդութիւնը կը սովորեցնէ‚ որ անոնք հանդիպած են միայն մէկ անգամ։
 
Որոշակիօրէն հետեւելով Հոմերոսին‚ Բագրատունին ալ իր հերոսները կը նկարագրէ որպէս մարդ-աստուածներ‚ որոնք որեւէ քայլ ձեռնարկելու ատեն կը խորհրդակցին աստուածներուն հետ‚ կը լսեն անոնց կարծիքը‚ կը ղեկավարեն անոնց ցուցմունքներով ու խորհուրդներով եւ այլն։ Հոս «Երկրային հերոսները» կը դառնան բարձրագոյն կամքի իւրատեսակ կամակատարներ միայն։ Հայկին‚ օրինակ‚ կ'օգնեն բոլոր բարի աստուածներն ու հրեշտակները‚ իսկ Բելի կողմն է դժոխքն իր սատանաներով ու դեւերով։ Ամէն մէկ յարմար առիթով անոնք խորհուրդներ կու տան երկրային իրենց «ներկայացուցիչներուն»‚ Հայկի ու Բելի կողմնակիցներուն կռիւներուն ատեն կռիւներ տեղի կ'ունենան նաեւ երկնային ուժերուն միջեւ‚ Բելի պարտութեամբ կը կործանին ամբողջ դժոխքի սեւ ուժերը։
 
== Աղբիւրներ ==