«Մինաս Թէօլէօլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 30.
 
== Կենսագրութիւն ==
Յաճախած է Սրբոց Թարգմանչաց եւ [[Վիեննա]]կան Մխիթարեան վարժարանն, երը։ Ուսուցչագործած է Իսթանսպուլի Վիեննական Մխիթարեան, Սոֆիայի Գէորգ-Մեսրոպ ճեմարան, Գոսթանցափ Ազգային եւ [[Հալէպ]]ի Հայկազեան Ազգային եւ [[Քարէն Եփփէ]], եւ [[Պէյրութ]]ի Ս. Նշան Ազգային վարժարաններուն մէջ։ Իբրեւ տնօրէն պաշտօնավարած է Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի եւ Պէյրութի[[Պէյրութ]]ի Ս. Նշան վարժարանին մէջ։
 
[[1922 թուական|1922]]-ին, Իզմիրի ջարդերէն ետք, պատանի Մինասը ղրկուեցաւ [[Պոլիս]], ուր յաճախեց Մխիթարեաններու Լիսէն: Մխիթարեաններու մօտ աշակերտութեան շրջանին էր, որ 13 տարեկանին Թէօլէօլեան գրեց իր առաջին ոտանաւորը: Իսկ հազիւ 17 տարիքը թեւակոխած՝ ընկերոջ մը հետ, Թէօէօլեան սկսաւ հրատարակել «Արձան» գեղարուեստական պարբերաթերթը:
 
[[1933 թուական|1933]]-ին աւարտեց «Մխիթարեան»-ներու վարժարանը եւ ներկայացուց աւարտաճառ մը՝ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութեան մասին:
 
Զօրակոչուեցաւ թրքական բանակ եւ զինուորական ծանր ծառայութիւնը կատարելէ ետք, Թէօլէօլեան ուսուցչական աշխատանքի կոչւեցաւ Մխիթարեաններուն մօտ՝ հայ գրականութիւն դասաւանդելու համար:
 
[[1937 թուական|1937]]-ին, սփիւռքահայ մամուլին արդէն աշխատակից՝ Մինաս Թէօէօլեան ստիպուեցաւ հեռանալ Թուրքիայէն, որովհետեւ իր դէմ սկսան ոստիկանական հետապնդումներ, նաեւ՝ դատական հարցաքննութիւններ, Ֆրանսիայի եւ Մ. Նահանգներու դաշնակցական թերթերուն՝ «Յառաջ»-ին եւ «Հայրենիք»-ին հետ իր ունեցած կապերուն եւ աշխատակցութեան համար:
 
Երկու տարի ուսուցչութիւն ըրաւ [[Պուլկարիա|Պուլկարիո]]յ մէջ: Տարի մըն ալ դասաւանդեց [[Ռումանիոյ Հայերը|Ռումինիա]]յի հայկական վարժարաններուն մէջ: Բայց, [[1939 թուական|1939]]-ի վերջերուն վերադարձաւ Պոլիս, ուր կանոնաւոր աշխատակիցը դարձաւ պոլսահայ թերթերուն եւ մնաց մինչեւ 1944, երբ ազգային-քաղաքական ու գաղափարական իր հրապարակումներուն համար դարձեալ հետապնդումի տակ առնւեցաւ: Այս անգամ վերջնականապէս հեռացաւ Թուրքիայէն եւ հաստատւեցաւ Սուրիա:
 
Նոյն տարին իսկ, [[Հալէպ]]ի մէջ, [[Մինաս Թէօլէօլեան]] պաշտօնապէս միացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն: Ուսուցչութեան կոչուեցաւ Հալէպի «Հայկազեան» վարժարանին մէջ՝ միաժամանակ վարելով ՀՅԴ Սիրիոյ պաշտօնաթերթ «Արեւելք»-ի խմբագրութիւնը:
 
Օրուան Բերիոյ թեմի առաջնորդ եւ հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա Փայասլեանի եւ ՀՅԴ ղեկավար գործիչ ու պետական պատգամաւոր Հրաչ Փափազեանի առաջարկով՝ Թէօլէօլեան [[1948 թուական|1948]]-ին նշանակուեցաւ Քարէն Եփփէ ճեմարանի առաջին տնօրէն եւ այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ [[1956 թուական|1956]]:
 
[[1956 թուական|1956]]-ին, քաղաքական պատճառներով, արտաքսուեցաւ [[Սուրիա]]յէն եւ հաստատոեցաւ Գահիրէ, ուր Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք մէկ տարի ստանձնեց ՀՅԴ Եգիպտոսի պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»-ի խմբագիրի պաշտօնը: 1957-ին հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր երեք տարի վարեց ազգ. «Ս. Նշան» վարժարանի տնօրէնութիւնը: Այս շրջանին կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ ինչպէս Լիբանանի «Ազդակ», նոյնպէս եւ Փարիզի «Յառաջ» դաշնակցական թերթերուն:
 
[[1960 թուական|1960]]-ին, կուսակցական գործիչի առաքելութեամբ, Մինաս Թէօլէօլեան գործուղուեցաւ ու հաստատւեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: [[1962 թուական|1962]]-էն սկսեալ մինչեւ 1979 վարեց «Հայրենիք»-ի խմբագրի պաշտօնը՝ միաժամանակ մաս կազմելով «Հայրենիք» գրական ամսագրի խմբագրութեան: Այնուհետեւ, խմբագրի պաշտօնէն հանգստեան կոչուելով հանդերձ, Թէօլէօլեան մինչեւ իր վերջին շունչը կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «[[Հայրենիք (օրաթերթ)|Հայրենիք]]»-ին ու Քալիֆորնիոյ «Նոր կեանք» շաբաթաթերթին:
 
Հրապարակագրական իր երկարամեայ ծառայութեան շրջանին, Մինաս Թէօլէօլեան կանոնաւոր աշխատակիցը եղաւ յատկապէս ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին՝ 1969-ին Բէյրութի մէջ իբրեւ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անոր վերահրատարակութեան առաջին օրերէն մինչեւ, [[1986 թուական|1986]]-էն սկսեալ, Աթէնքի մէջ ուղղակի «Դրօշակ» անունով անոր հրատարակութեան շրջանին:
 
== Գրական Վաստակ ==