«Սօս Վանի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: վախճանի → մահուան using AWB
Տող 43.
[[Յունաստան]]՝ կը նուիրուի իր այնքան սիրած ուսուցչական ասպարէզին։1922-էն մինչեւ 1949 յաջորդաբար կը պաշտօնավարէ Թեսաղոնիկէ, Քոքինիա, Աղեքսանդրուպոլիս, Տրամա, Գավալա, Քոմոթինի, բեղուն գործունէութեամբ։ [[1949 թուական|1949]]-ին, [[Աթէնք]] կը փոխադրուի ու կը հաստատուի Քոքինիա (այժմ Նիքէա), ուր կը վերսկսի իր ուսուցչական աշխատանքին։
 
Շուրջ 15 տարի կը գործէ իբրեւ ուսուցիչ, յետոյ կը դառնայ տնօրէն Ֆիքսի եւ Քոքինիոյ «Միացեալ» եւ «<nowiki/>[[Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան վարժարան|Զաւարեան» վարժարան]]<nowiki/>ներուն։ներուն<ref>Զաւարեան վարժարանի կայքէջ, Պատմական բաժին http://dim-kyan-stavr-nikaias.att.sch.gr/?page_id=84</ref>։ Տարիքի բերումով հանգտեան կը կոչուի եւ կը քաշուի կրթական ասպարէզէն, ուր ծառայեց 45 տարի։
 
=== Գրագէտ եւ հէքիաթագիր ===
Գրագէտի եւ հեքիաթագիրի իր համբաւը ան կը պարտի մամուլին մէջ իր ստորագրած հարիւրաւոր հետաքրքրական գրութիւններուն, որոնց մէկ մասը միայն լոյս տեսաւ առանձին հրատարակութիւններով, ինչպէս «Վահագնածնունդ»ը, «Ծամթելս ծովը ընկաւ»ը, «Ճանչնանք մեր հայրենիքը» (Վասպուրականի մասին) եւ «Այն օրէն ի վեր, այն օրէն անդին»ը՝ պատմուածքներու եւ աւանդութիւններու երկու հատորներ։
Իրմէ մնացած են բազմաթիւ անտիպ գործեր՝ հայրենագիտական ուսումնասիրութիւններ, աւանդութիւններ, հեքիաթներ, թատերակներ (որոնցմէ մի քանին ձեռագիր, այժմ կը գտնուին Յունաստանի Համազգայինի գրադարանը), եւայլն։ Սօս-Վանիի կեանքին վերջին մէկ քանի տարիներուն առողջական վիճակը քայքայուած էր։ Իր կեանքը փրկելու համար անոր գաղափարակից ընկերներուն զոհաբերութիւնները բաւարար չեղան․ աչքերը փակեց Փիրէայի պետական հիւանդանոցին մէջ։
 
Ի պատիւ Սօս Վանիի տարած գործունէութեան, [[Յունաստան]]<nowiki/>ի Ատտիկէի շրջանի Համազգայինի մասնաճիւղը անոր անունը կը կրէ․ Հա­մազ­գա­յի­նի «­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղ։
 
== Աղբիւրներ ==
Տող 53 ⟶ 55՝
* «ԱՄԷՆՈՒՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔԸ» 1967-68, Կարօ Գէորգեան
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
<br />
== Տե՛ս նաեւ ==
* [[Օննիկ Զաքարեան]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Սօս_Վանի» էջէն