«Վահան Նաւասարդեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: վախճանի → մահուան using AWB
Տող 40.
Կովկասեան ռազմաճակարտի վերաշխուժացման կարիքը տեսնելով Ռուսական յեղափոխութեան հետեւանքով, ան իր ներդրումը կ՚ունենայ փոխարինելու ռուս զինուորներու դիրքերը հայ կամաւորական ուժերուն հետ։ Ան կ՚ընտրուի [[Կիւմրի|Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի)]] Քաղաքական Վարչութեան։ Երբ Քաղաքական Վարչութեան նախագահ, [[Ալեքսանդր Խատիսեան]], կը կանչուի Թիֆլիս ան կը ստանձնէ այդ պատասխանատուութիւնը։ Ան իր ներդրումը կ՚ունենայ [[Հայ Ժողովուրդի Մայիսեան Հերոսամարտեր|Ղարաքիլիսայի հերոսամարտի]] կազմակերպման մէջ։
 
Հայաստանի անկախութեան կերտումէն ետք, իրեն կը վստահուի Թիֆլիսի ՀՅԴ-ի «Հորիզոն պաշտօնաթերթ»ի օրաթերթի խմբագրութիւնը, որ շատ մեծ պատասխանատուութիւն էր որովհետեւ նորակառուց երկիրը ունէր լուրջ կազմաւորման խնդիրներ։ Թիֆլիսի ոստիկանութիւնը կը սկսի իրեն հետապնդել երբ հայ-վրացական զօրքերու միջեւ պատերազմ սկսաւ եւ ան կը ստիպուի թաքստոցէն վարել հայ- վրացական հաշտութեան բանակցութիւնները։
 
Կ՚ընտրուի Հայաստանի Խորհրդարանի պատգամաւոր եւ կը փոխադրուի Երեւան։ Իբր պատգամաւոր իր մասնակցութիւնը կը բերէ արտագին դիւանագիտական աշխատանքներու ծիրէն ներս, կեդրոնանալով Հայ-ռուսական բանակցութիւններու շրջագիծին վրայ։