«Ֆլորիտա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 13.
== Բնակչութիւն ==
1920ս-ին Ֆլորիտան դարձաւ ԱՄՆ-ի ամենայաջող եւ ամեաարագ զարգացող նահանգներէն մէկը։ 1920-1990ս-ականներուն բնակչութիւնը աճե 13 անգամ։ 2013ս-ի մարդահամարի տուեալներով նահանգին մէջ կ՚ապրի 19 552 860 անձ։ Բնակչութեան խտութիւնը հաւասարաչափ բաշխուած չէ։ Բնակչութեան մօտ 85 %-ն կ՚ապրի խոշոր քաղաքներու կամ ծովափերու մէջ։ Թերակղզիի կեդրոնական եւ հիւսիսարեւմտեան շրջաններու մէջ նոյնպէս բնակչութիւնը շատ է. այդտեղ մարդիկ կը զբաղուին [[Գիւղատնտեսութիւն|գիւղատնտեսութեամբ]]։ Իսկ Ֆլորիտայի հարաւային շրջաններու բնակավայրերը փաստացի գրեթէ անբնակ են։
 
== Կլիմա ==
Ֆլորիտան կը ներկայացնէ 2 կլիմայական գօտի։ Հիւսիսային Ֆլորիտայի մէջ կլիման խոնաւ է, հարաւային՝ ովկիանոսային։ Ձմրան հարաւային Ֆլորիտայի մէջ (Մայամի) զարգացած է [[Զբօսաշրջիկութիւն|զբօսաշրջիկութիւնը]]՝ տաք կլիմայի շնորհիւ։
 
Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ֆլորիտաները տարուան ընթացքին կը ստանան 2400-2800 ժամ արեւային լոյս, Հարաւայինը՝ 2800-3200:
 
Ամրան միջին ջերմաստիճանը կը կազմէ սկսած 26 °С՝ հիւսիսը մինչեւ 28 °С՝ հարաւը, ձմեռնայինը՝ սկսած 12 °С հիւսիսը մինչեւ 20 °С հարաւը։ Ամրան ջերմաստիճանը հազուադէպ կ՚անցնի 38 °С:
 
Ֆլորիտայի կլիման կ՚անուանեն ամենաթանկ եւ ամենակարեւոր «բնական աղբիւրը»։ Կլիմայի շնորհիւ այդ տեղը տարուան ընթացքին կը հետաքրքրէ միլիոնէ աւել զբօսաշրջիկներու։ Ձմրան ի հարկէ օտարերկրացիները աւելի շատ են։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ֆլորիտա» էջէն