«Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Removing ASALA_50.jpg, it has been deleted from Commons by Arthur Crbz because: Media missing permission as of 31 December 2019. To undelete the file, the copyright holder must send a [[:c:COM:CONSENT|permi
Տող 25.
== Զինեալ պայքարը ==
ՀԱՀԳՊ-ի ռազմական գործողութիւնները հիմնականին մէջ ուղղուած էին թրքական դեսպանատուներուն, հիւպատոսարաններուն, դիւանագէտներուն, պետական պաշտօնատար անձանց, զինուորական եւ ոստիկանական հաստատութիւններուն, թրքական առեւտրական միջավայրին, յատկապէս՝ «Turkish Airlines» ընկերութեան գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու պետական ու հասարակական այն կառույցներուն, որոնք դրամական կամ ռազմական օժանդակութիւն ցոյց կու տան թրքական պետութեան, խոչընդոտ կը հանդիսանայ ՀԱՀԳՊ-ի գործունէութեան։ ՀԱՀԳՊ-ն իր գոյութեան մասին առաջին անգամ յայտնեց, երբ ստանձնեց [[20 Յունուար]] [[1975]]-ին Պէյրութի մէջ Եկեղեցիներու համաշխարհային միութեան գրասենեակի ռմբահարման պատասխանատուութիւնը։ Այս գործողութեան շարժառիթ կը հանդիսանար Եկեղեցիներու համաշխարհային միութեան Պէյրութեան գրասենեակի կողմէ լիբանանահայութեան արտագաղթը երրորդ երկիր, յատկապէս՝ ԱՄՆ եւ Քանատա, կազմակերպելը։ Այս ռազմագործողութեան յաջորդեցին շուրջ 200-էն 300 զինուած ռազմագործողութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք սպանուեցան շուրջ 100 եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 200 մարդիկ, այդ թիւին մէջ՝ շուրջ չորս տասնեակ թուրք դիւանագէտներ եւ այլ պաշտօնատար անձինք։ Առաւել մեծ արձագանք ստացած են գաղտնի կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած Օրլի ռազմագործողութիւնը, «Վան» գործողութիւնը, «Կարին – Էրզրում» գործողութիւնը եւ Շուկայի վրայ յարձակումները։
 
[[Պատկեր:ASALA 50.jpg|350px|մինի|ձախից|ՀԱՀԳԲ–ի մարտիկները մարզման ժամանակ]]
== ՀԱՀԳՊ-ն եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ==
Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը ստեղծուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եւ իր կարեւորագոյն խնդիրներուն կը համարէ նաեւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը։ Այս առումով մեծ ներդրում ունեցած է զինուած պաշտպանութեան գործին մէջ։ Յաճախ ստիպուած է հակադրուիլ հայկական քաղաքական կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս ՀՅԴ-ին, որ երբեմն վերածուած է զինուած ընդհարումներուն։