«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: վախճանի → մահուան using AWB
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ
| անուն ազգանուն = Բարսեղ Կանաչեան
| բնագիր ԱԱՀ =
| պատկեր = Բարսեղ Կանաչյան 1.jpg
| չափ =
| նկարագրութիւն =
| ծնած է = [[17 Ապրիլ]], [[1885 թուական|1885]]
| ծննդավայր = [[Ռոտոսթօ]]
| վախճանած է = [[21 Մայիս]], [[1945 թուական|1967]]
| մահուան վայրը = [[Պէյրութ]], [[Լիբանան]]
| քաղաքացիութիւն =
| հպատակութիւն =
| ազգութիւն = Հայ
| ալմա մատեր =
| կրօնք = Քրիստոնեայ
| ազդուած է =
| ազդած է =
| երկեր = «Վարդերու Հետ», «Աբեղայ», եւ «Նանօր»
| աշխատանք =
| կարողութիւն =
| մասնագիտութիւն = խմբավար եւ յօրինող
| ամուսին = Քրիստինէ
| ծնողներ =
| երեխաներ = Սեդա, Այտա եւ Ռիթա
| պարգեւներ և մրցանակներ =
| կայքէջք =
| ստորագրութիւն =
}}
'''Բարսեղ Կանաչեան''' ([[17 Ապրիլ]] [[1885 թուական|1885]], [[Ռոտոսթօ]] - [[21 Մայիս]] [[1945 թուական|1967]], [[Պէյրութ]]), տաղանդաշատ խմբավար, յօրինող եւ երաժշտական-հասարակական գործիչ։
 
== Կենսագրութիւն ==
Բարսեղ Կանաչեան ծնած է [[1885]]-ին, [[Ռոտոսթօ]]։ Կօշկակարի մը զաւակ է։ Երեք տարեկանին կը մեկնի [[Պոլիս]] եւ կը յաճախէ [[Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարան]]ը: 90-ական թուականներուն կը գաղթէ [[Պուլկարիա]] եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը։ [[Վառնա]]յի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու, աշակերտելով [[Մեծիկեան]]ի եւ պարսկահայ ջութակահար [[Նաթան բէկ Ամիրխանեան]]ի: Վառնայի մէջ կ՚աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւեւ գրագիր։ 1905-ին ընտանեօք կը փոխադրուի [[Պուքրէշ]], ուր ջութակի դասերը կը շարունակէ ռումանացի ջութակահար [[Ժորժ Պույուք]]ի քով։ Նկատելով Կանաչեանի ընդունակութիւնները, Պույուք անոր կը սորվեցնէ դաշնակ նուագել: Կ՚երգէ եկեղեցիներուն մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին: Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»ը, ապա «Մասիս»ը: Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէն ներս: 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կ'անդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին լաւագոյն աշակերտներէն մէկը՝ 1913-էն [[1915]]:
 
Բարսեղ Կանաչեան ծնած է [[1885]]-ին, [[Ռոտոսթօ]]։ Կօշկակարի մը զաւակ է։ Երեք տարեկանին կը մեկնի [[Պոլիս]] եւ կը յաճախէ [[Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարան]]ը: 90-ական թուականներուն կը գաղթէ [[Պուլկարիա]] եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը։ [[Վառնա]]յի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու, աշակերտելով [[Մեծիկեան]]ի եւ պարսկահայ ջութակահար [[Նաթան բէկ Ամիրխանեան]]ի: Վառնայի մէջ կ՚աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւեւ գրագիր։ 1905-ին ընտանեօք կը փոխադրուի [[Պուքրէշ]], ուր ջութակի դասերը կը շարունակէ ռումանացի ջութակահար [[Ժորժ Պույուք]]ի քով։ Նկատելով Կանաչեանի ընդունակութիւնները, Պույուք անոր կը սորվեցնէ դաշնակ նուագել: Կ՚երգէ եկեղեցիներուն մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին: Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու:
Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»ը, ապա «Մասիս»ը: Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէն ներս: 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կ'անդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին լաւագոյն աշակերտներէն մէկը՝ 1913-էն [[1915]] :
 
== Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը ==
[[Պատկեր:Parsegh Ganachian With Gomidas and his friends.jpg|մինի|Բարսեղ Կանաչեան Կոմիտասի եւ ընկերներուն հետ]]
Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի [[Կոմիտաս վարդապետ]]ին եւ ներկայ կ՚ըլլայ անոր համերգին։ Մեծապէս ազդուած, խումբին կ՚անդամակցի իբրեւ «պաս»: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ՚ընտրէ իբրեւ սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ՚իջնէ 5-ի։ Ահա ասոնցմէ մէկն էր Կանաչեան։ Ա. Աշխարհամարտին կը զինուորագրուի եւ զինուորական նուագախումբին մէջ կը նուագէ մինչեւ որ կ՚աքսորուի [[Տիգրանակերտ]], ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի [[Հալէպ]], ուր գտնուած միջոցին զինադադար կը կնքուի։ Եղեռնէն վերապրած այլ մտաւորականներու հետ, Կանաչեան Հալէպի մէջ երիտասարդութիւնը իր շուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ, գաղթականներուն ի նպաստ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ»ը) երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ՚անցնի [[Կիլիկիա]], ուր համերգներ կու տայ, ապա կ՚երթայ Պոլիս։
[[Պատկեր:An advertisement About Kousan.jpg|մինի|ձախից]]
[[Կոմիտաս Վարդապետ|Կոմիտաս]]ի սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «''Կոմիտաս Սանուց Միութիւն''»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը: Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն` «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներգի եւ խմբերգի համար:
 
Կոմիտասի սաները [[Փարիզ]] կը ղրկուին իրենց ուսումը կատարելագործելու համար։ Կանաչեան 1921-ին կը մեկնի ֆրանսական մայրաքաղաքը, ուր կը հետեւի երաժշտական բարձրագոյն ուսման հետեւելով [[Ռընէ Լընորման]]ի դասընթացքներուն։ Կանաչեան Փարիզէն կ՚անցնի [[Եգիպտոս]], ուր համերգներ կու տայ: Հոն կը գրէ «Տալիլօ»ն: Երաժշտական գործունէութիւն ունեցած է նաեւ Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: 1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Համերգային ելոյթներով կը շրջի Դամասկոս, Թրիփոլի, Զահլէ, Լաթաքիա, Ալեքսանտրէթ, Հալէպ եւայլն:
Երաժշտական գործունէութիւն ունեցած է նաեւ Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: 1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Համերգային ելոյթներով կը շրջի Դամասկոս, Թրիփոլի, Զահլէ, Լաթաքիա, Ալեքսանտրէթ, Հալէպ եւայլն:
 
Կանաչեան երկար տարիներ մանկավարժ,երգի ուսուցիչ ու խմբավար եղած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի մէջ։ Ան իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրած է հայ երաժշտութեան, տարածելով կոմիտասեան սկզբունքները, իր արժանաւոր տեղը գտնելով երաժշտութեան գանձարանէն ներս: Ստեղծագործած է խմբերգեր ու մեներգեր: Կատարած է նաեւ ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերու մշակումներ, յօրինած է մանկական երգեր ու դաշնամուրային գործեր:
 
== Կանաչեանի գործերը ==
Գրած է «''Վարդերի հետ''» ինչպէս նաեւ մեղեդիներ, խմբերգեր եւ նուագախմբային հատուածներ, որոնց թիւը կը հասնի 25-ի: Ունի մանկական երգերու շարք մըն ալ, որոնցմէ 20-ի չափ հրատարակուած են առանձին գրքոյկով: Ան արաբական ժողովրդական երգեր ալ դաշնաւորած է առաջին անգամ ըլլալով: «Աբեղան» օփերան կը համարուի անոր գլխաւոր ստեղծագործութիւններէն մին, Մատթէոս Զարիֆեանի «Խենթը» բանաստեղծութենէն ներշնչուած մեներգը, Մեներգերուն ամէնէն նշանաւորը կը համարուի «Օրօր»ը, որուն մեղեդին սրտառուչ յօրինումը երգչախումբի ընկերակցութեամբ քաղցրօրէն հիւսուած շեշտ մը ունի: Մեներգերէն են նաեւ՝ «Ծով Աչեր», «Պճինկօ», «Ցայգերգ», «Ալվարդի երազը» եւ «Ծիծեռնակ»: Առաջին խմբերգերէն են՝ «Տալիլօ», «Հոյ Նար», «Վարդերի հետ», «Մարալօ», «Հելէ-Հելէ», «Շուշօ», «Գորանի», եւ «Նեննիր Նայ» խմբերգերը: Իսկ երկրորդներէն՝ «Լուսնակն ելաւ»,«Խնճոյք», «Ռազմերգ», « Կամաւորներու Քայլերգ», «Սօսին», «Հոփ Կիւլիզար», «Հայրենի Կարօտ», «Գարուն Եկաւ», «Կամերգ» եւ վերջապէս «Նանօր» վիպական - ողբերգական բնոյթի խմբերգային պատկերը, որ կը նկարագրէ դէպի Ս. Կարապետ ուխտագնացութիւնը:
 
Գրած է «''Վարդերի հետ''» ինչպէս նաեւ մեղեդիներ, խմբերգեր եւ նուագախմբային հատուածներ, որոնց թիւը կը հասնի 25-ի: Ունի մանկական երգերու շարք մըն ալ, որոնցմէ 20-ի չափ հրատարակուած են առանձին գրքոյկով: Ան արաբական ժողովրդական երգեր ալ դաշնաւորած է առաջին անգամ ըլլալով:
«Աբեղան» օփերան կը համարուի անոր գլխաւոր ստեղծագործութիւններէն մին,
Մատթէոս Զարիֆեանի «Խենթը» բանաստեղծութենէն ներշնչուած մեներգը,
Մեներգերուն ամէնէն նշանաւորը կը համարուի «Օրօր»ը, որուն մեղեդին սրտառուչ յօրինումը երգչախումբի ընկերակցութեամբ քաղցրօրէն հիւսուած շեշտ մը ունի:
Մեներգերէն են նաեւ՝ «Ծով Աչեր», «Պճինկօ», «Ցայգերգ», «Ալվարդի երազը» եւ «Ծիծեռնակ»:
Առաջին խմբերգերէն են՝ «Տալիլօ», «Հոյ Նար», «Վարդերի հետ», «Մարալօ», «Հելէ- Հելէ», «Շուշօ», «Գորանի», եւ «Նեննիր Նայ» խմբերգերը: Իսկ երկրորդներէն՝ «Լուսնակն ելաւ»,«Խնճոյք», «Ռազմերգ», « Կամաւորներու Քայլերգ», «Սօսին», «Հոփ Կիւլիզար», «Հայրենի Կարօտ», «Գարուն Եկաւ», «Կամերգ» եւ վերջապէս «Նանօր» վիպական - ողբերգական բնոյթի խմբերգային պատկերը, որ կը նկարագրէ դէպի Ս. Կարապետ ուխտագնացութիւնը:
 
Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Կանաչեան սերտօրէն կապուած է ազգային երգարուեստին: Ան ընդհանրացումներ կատարած է օգտուելով գեղջկական եւ գուսանական երգերու տարբեր յատկանիշներէն ու արտայայտութեան միջոցներէն: Յատկապէս խմբերգերու պարագային օգտագործած է բազմաձայնութեան ոճական ուղղութիւնը:
Տող 66 ⟶ 35՝
 
{{DEFAULTSORT:Կանաչեան, Բարսեղ}}
 
[[Ստորոգութիւն:1885 ծնունդներ]]
[[Ստորոգութիւն:17 Ապրիլի ծնածներ]]
[[Ստորոգութիւն:Ռոտոսթօ ծնածներ]]
[[Ստորոգութիւն:1945 մահեր]]
[[Ստորոգութիւն:21 Մայիսի մահացածներ]]
[[Ստորոգութիւն:Պէյրութ մահացածներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ երաժիշտներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ խմբավարներ]]