«Վահէ Սէթեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: վախճանի → մահուան using AWB
Տող 32.
Ծնած է [[1905 թուական|1905]]-ին, [[Հալէպ]], ուր ստացած է նախակրթութիւնը եւ երկրորդականի ուսումը։ Եղած է գործի մարդ, զբաղելով առեւտուրով եւ առեւտարական հաստատութիւններ հիմնելով, նաեւ արդիւնաբերական աշխատանքի մարզով հետաքրքրուած ու այս ասպարէզին մէջ որոշ յաջողութիւններ ձեռք ձքած։
 
Երկար տարիներ ապրած է [[ԼիաբանանԼիբանան]] իր ընտանիքին հետ, ուր տարած է մշակութային գործունէութիւն, յատկապէս Համազգայինի մեծ ընտանիքին մէջ, որուն երկարամեայ պատուոյ անդամը մնաց մինչեւ իր մահը։
Իր մշակութային թէ արդիւնաբերական գործունէութեան համար եւ այդ ճամբով իսկ նպաստած ըլլալուն լիբանանեան մեր հայրենիքի ծաղկումին, 1970ական թուականներուն [[Լիբանան]]ի պետութիւնը զինք մեծարեց Մայրիներու Կարգի Շքանշանով։
Իր կեանքին վերջին տարիներուն հաստատուած էր [[Մոնթրէալ]], բայց յաճախակի այցելութիւններով կու գար [[Լիբանան]], ուր կը մնար անշուշտ իր սիրտը։ Վահէ Սէթեան ըլլալով քաջալերողը արուեստագէտներուն եւ գրողներուն, կատարած է մեկենասութիւնը հայ գրողներու գործերուն, նոյնպէս նկատառելի հաւաքածոյ մը ունի գեղանկարչական պաստառներու, արուեստի թանկարժէք իրերու եւ ստեղծագործութիւններու, հայ թէ օտար արուեստագէտներու գործերով։
 
Ազգային թաղումը եւ յուղարկաւորութիւնը կատարուած է Չորեքշաբթի, [[11 Հոկտեմբեր]]ին, 1995ին, [[Անթիլիաս]]ի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ի ներկայութեան [[Արամ Ա. Կաթողիկոս]]ի: Անոր մարմինը կը հանգչի [[Պուրճ Համուտ]]ի Ազգային գերեզմանատան մէջ։
 
== Աղբիւր ==