«Վահան Գարտաշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
'''Գարտաշեան Վահան''' ({{ԱԾ}}), փաստաբան եւ մտաւորական։
== Կենսագրութիւն ==
Տող 35 ⟶ 8՝
== Ստեղծագործական Կեանք ==
Հեղինակած է այլեւայլ գիրքեր, ինչպէս Օսմ. Կայսրութիւնը Ի. Դարուն ([[1908]]): Արեւելեան տնդրոյ վրայ կարճ բացատրութիւն մը (1908), Խորհրդարանական օրինաց սկզբունքները ([[1909]]), Արդի կեանքը թրքական հարէմին մէջ ([[1912]]), [[Հայաստան]] եւ Հայք ([[1916]]): Ունի բազմաթիւ յօդուածներ եւ տետրակներ Արեւելեան խնդրոյն մասին ([[1916]]-[[1923]]). Հայկ եւ Արման անուններով աշխատակցած է Հայրենիքի: [[1907]]-1923 շրջանին կատարած է գիտական կաճառներու եւ Համալսարաններու մէջ բազմաթիւ բանախօսութիւններ Արեւելեան խնդրոյն եւ անոր յարակից նիւթերու մասին:
Վահան Գարտաշեան թերեւս տաղանդ ունէր սակայն դժբախտութիւն մըն է, որ նկարագրով բախտախնդի մը եղած է: 1908-ին ամուսնանալով տարէց այրի Ամերիկուհիի մը հետ, անոր նիւթական միջոցները ուզած է իրեն բարձրացման պատուանդան դարձնել, եւ ասոր համար է որ իր ծառայութիւնը տրամադրած է նախ Թուրքերուն: Կարծելով թէ կրնայ օգտագործել Թուրք կառավարութիւնը [[1913]]-ին կ'երթայ [[Կոստանդնուպոլիս|Կ. Պոլիս]], իբր թէ լուսաւորելու համար թուրք ժողովուրդը եւ թուրք կառավարութիւնը թէ [[Օսմանեան Կայսրութիւն|Օսմ. կայսրութիւն]]ը կազմող զանազան ցեղերը պարտ էին սորվիլ բարեկամ ըլլել իրարու հետ եւ մշակել եղբայրութեան ոգին: Միւս կողմէ Ամերիկացիներուն կը ներկայանար իբր պետը կազմակերպութեան մը, որուն նպատակն էր յառաջացնել Թուրքիոյ մէջ բարոյական վիճակներ, որոնք հարկաւոր էին նոր բէժիմին յաջողութեան»: Արդարեւ Թուրքիայէն կը դառնար ձեռք բերած վերը նշանակուած շահաբեր պաշտօնները, (Ելեւմտական գործակալ, օգնական բարձր յանձնակատարի եւ փաստաբան Նիւ Եորքի թուրք հիւպատոսարանին) որոնք պահեց մինչեւ [[1918]] գէթ իբր տիտղոս, եւ գործակցեցաւ այն մարդոց որոնք Թուրքիոյ ամբողջութիւնը պաշտպանելու նպատակով ծրագիրներ կը յղանային եւ կը պատրաստէին «''Reconstruction Work in Turkey''» գիրքը որ հազարաւոր օրինակներով ձրի ցրուուեցաւ, եւ խոշոր դեր կատարեց ամերիկացիներու միտքերը յեղաշրջելուն մէջ:
Տող 52 ⟶ 24՝
{{DEFAULTSORT:Գարտաշեան, Վահան}}
[[Ստորոգութիւն:1 Դեկտեմբերի ծնածներ]]
[[Ստորոգութիւն:12 Յունիսի մահացածներ]]
[[Ստորոգութիւն:Նիւ Եորք մահացածներ]]
|