«Յովհաննէս Երզնկացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
No edit summary |
|||
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
'''Յովհաննէս Երզնկացի''' ({{ԱԾ}}), ամենայն հայոց կաթողիկոս։
== Կենսգրութիւն ==
▲'''Յովհաննէս Երզնկացի''', ամենայն հայոց կաթողիկոս։ Ծնած է [[1225]]-[[1230]] թուականներու միջեւ, [[Մեծ Հայք]]ի [[Եկեղեաց Գաւառ|Եկեղեաց գաւառին]] մէջ։ Երզնկացի կոչուած է կամ իր ծննդավայրի անունով եւ կամ տեղի հռչակաւոր վանքերուն մէջ կրթութիւն ստացած ըլլալու պատճառով։ Պլուզ մականունը անոր, հաւանաբար, կարճահասակութեան համար տրուած է։ Անոր մասին նաեւ կ՛ակնարկէ ժողովրդական աւանդութիւնը, ըստ որուն ան փոքրամարմին եղած է։
Երզնկացին մանկութիւնը հայրենի երկրի [[Լուսաւորչի Լեռներ|Լուսաւորչի լեռներու]] մէջ գտնուող դպրանոցներուն մէջ անցուցած է։ Ուսման ծարաւը անոր աշակերտելու ժամանակի նշանաւոր ուսուցիչ [[Վարդան Արեւելացին|Վարդան Արեւելցի]] տարած է, որուն հետագային երախտագիտութեամբ կը յիշէ, իր հոգեւոր հայրը կ՛անուանէ։ Երզնկացին հմտացած է [[Փիլիսոփայութիւն|փիլիսոփայութեան]], [[Տիեզերագիտութիւն|տիեզրագիտութեան]], [[Քերականութիւն|քերականութեան]] մէջ, խորամուխ եղած է արուեստներու, երաժշտութեան, բժշկութեան ու զանազան բնական գիտութիւններու մէջ։
|