«Գարեգին Խաժակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: վախճանի → մահուան using AWB
ՉNo edit summary
Տող 36.
1906-ին, երբ հնարաւոր դարձաւ ընկերվարական ոգիով թերթեր հրատարակել, Ա.Ահարոնեանի, Թօփչեանի հետ միասին հիմնեցին «Յառաջ», «Ալիք», եւլն. Թերթերը։ 1908-ին ձերբակալուեցաւ եւ վեց ամիս բանտ մնալէ ետք երսշխաւորութեամբ ազատ արձակուեցաւ։ Ինը ամիս ետք վերստին ձերբակալուեցաւ եւ տարիի մը չափ բանտային կեանք մը բոլորեց [[Թիֆլիս]], Բագու, Ռոստով եւ Նօվօչէրքասք։ 1912-ին ամրան Ահարոնեանին հետ Պոլիս կու գայ եւ 1913-ին Սամաթիոյ ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ։ Խօսելու ընդունակութիւնը ժառանգած է մօրմէն՝ Տիկին Սուլթանէն, որ սիրուած էր շատերէ։ 1887 Մայիսին առաջին անգամ երեւցաւ «Մշակ»ի մէջ Գաւառացի Երիտասարդութիւն յօդուածով, յետոյ աշխատակցեցաւ «Մուրճ»ի եւ «Տարազ»ի։
 
1896-ին հրապարակեց «Մի բարոյական այլանդակութիւն յեղափոխական մաքուր գործում» եւ «Ժողովուրդի բանաստեղծը Քամառ Քաթիպա»: 1904-ին «Հարկերը Տաճկաստանում», «Հայրենիք եւ ազգ շարժումներ», «Հայկական շարժման պատճառները», 1905-ին«Ռուսական Զեմսդվօն եւ Կովկասի պահանջները», 1907-ին «Դէպի Ֆէտէրքցիա», 1912-ին «Ի՞նչ է ազգութիւնը», «Տառապանքի գիշերը», 1913-ին «Ի՞նչ է դասակարգը», «Հին արեւելք», «Հայոց պատմութիւն»: Ունի թարգմանական գործեր եւ թատերական երկեր։ Դաշնակցական այս պատկառելի անդամը ճանչցուած է մեր մէջ իբրեւեւիբրեւ բեմբասաց եւ գրագէտ։ Գրական իր ծածկանունը եղած է «Պապա Գասպար»:
 
== Աղբիւրներ ==