«Նուպար-Շահնազարեան վարժարան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Նուպար-Շահնազարեան վարժարան,''' միջնակարգ (երկրորդական) դպրոց<ref>{{Cite web|url=http://www.armin.am/armeniandiaspora/am/Ency...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

11:25, 16 Յունուար 2020-ի տարբերակ

Նուպար-Շահնազարեան վարժարան, միջնակարգ (երկրորդական) դպրոց[1], հիմնադրուած՝ 1866 թուականին։ Վարժարանը կառուցուած է Ներսէս եպիսկոպոս Վարժապետեանի ջանքերով եւ Կարապետ վարդապետ Շահնազարեանի կտակին, ինչպէս նաեւ Նուպար փաշայի նուիրատուութեան շնորհիւ[2]։

Խասգիւղի մէջ կառուցուած վարժարանը իր երկու բարերարներուն անունով նախ կոչուած է ժառանգաւորաց գիշերօթիկ վարժարան[3]։ Ներսէս եպիսկոպոս ստանձնած է դպրոցին տնօրէնութիւնը, լուծել տուած է Ներսէսեան վարժարանին վերին կարգերը եւ անոնց աշակերտները ուսուցիչներով միասին փոխադրեց նոր վարժարանը[2]։

Նուպար-Շահնազարեանի կրթական ծրագիրը կընդգրկէր՝ հայերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն, անգլերէն, թուաբանութիւն, հանրահաշիւ, երկրաչափութիւն, տիեզերագիտութիւն, հաշուապահութիւն, ընդհանուր եւ ազգային պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն։

Նուպար-Շահնազարեանէն շրջանաւարտ անուանի մտաւորականներէն եւ ազգային-հասարակական գործիչներէն են՝ Գրիգոր Զօհրապը, Եղիա Տէմիրճիպաշեանը եւ Մինաս Չերազը։

Դպրոցը աշակերտներ ունեցած է ե՛ւ Պոլիսէն, ե՛ւ այլ գաւառներէն։ Աշակերտները, տնօրէնութեան աջակցութեամբ եւ ուսուցչական կազմին մասնակցութեամբ, 1870-1871 հրատարակած է «Երկրագունտ» շաբաթաթերթը։

Ծանօթագրութիւն

  1. «Թուրքիայում հայկական դպրոցների դերն ու նշանակութիւնը | armeniandiaspora.am»։ www.armin.am։ արտագրուած է՝ 2020-01-16 
  2. 2,0 2,1 «Պոլսահայ կրթական հաստատութիւնները։ Նուպար-Շահնազարեան վարժարանը։»։ www.archivioradiovaticana.va։ արտագրուած է՝ 2020-01-16 
  3. maik1970 (2017-08-29)։ «Կարապետ Վարդապետ Շահնազարեան (1814-1865)»։ Azat Or (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-01-16