«Գերմանիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Replacing Deutsches_Reich_1871-1918.png with File:Deutsches_Reich_(1871-1918)-en.png (by CommonsDelinker because: Criterion 4 (harmonizing names of file set)).
Տող 15.
Ռուսիոյ մէջ, նապոլեոնեան բանակի ջախջախումէն ետք, [[1813]]-ին Գերմանիոյ տարածքը ազատագրուեցաւ նուաճողներէն։ Վիեննայի քոնկրէսի որոշմամբ ստեղծուեցաւ Գերմանիոյ միութիւնը (39 պետութիւններէն), ուր ղեկավար դեր կը խաղար [[Ավստրիա]]ն։ XIX դ․ 30-ական թթ․ Գերմանիոյ մէջ, սկսաւ արտադրական յեղաշրջում։ 1834-ին ստեղծուեցաւ, Գերմանիոյ մաքսային միութիւնը, որ նպաստեց ազգային շուկայի ձեւաւորման, արդիւնաբերութեան ու առեւտուրի զարգացման։ [[1844]]-ին տեղի ունեցաւ Սիլեզիայի ջուլհակներու ապստամբութիւնը։ 40-ական թթ․ Գերմանիոյ մէջ, ծնունդ առաւ պրոլետարիատի գիտական աշխարհայացքը՝ մարքսիզմը, որուն հիմնադիրներն էին գերմանացի ժողովուրդի մեծ զաւակներ՝ Գառլ Մարքսը եւ Ֆ․ էնգելսը։ [[1848]]—49-ին տեղի ունեցաւ բուրժուադեմոկրատական յեղափոխութիւն, որուն գլխաւոր խնդիրներն էին ազգային հարցի լուծումը, ֆեոդալա միապեաական վարչակարգի վերացումը, ագրարային հարցի դեմոկրատական լուծումը։ Բուրժուազիայի դաւաճանական քաղաքականութեան հետեւանքով յեղափոխութիւնը պարտութիւն կրեց։ 1862-ին Պրուսիայի թագաւոր Վիլհելմ I կառավարութեան ղեկավար նշանակեց Գերմանիոյ Բիսմարկին, որ Պրուսիայի շուրջը Գերմանիոյ միաւորումը իրականացուց «երկաթով ու արիւնով»։ Այդ ուղղութեամբ առաջին քայլերը եղան դանիական պատերազմը ([[1864]]) եւ աւստրո-պրուսակաև պատերազմը ([[1866]])։
 
[[Պատկեր:Deutsches Reich (1871-1918)-en.png|մինի|աջից|270px|Գերմանական Կայսրութիւնը 1871-1918 թուականներիուն (Փրուսիան կապոյտ գոյնով է)]]
=== Գերմանական Կայսրութեան Միաւորում ===
Աւստրիոյ պարտութենէն ետք, Պրուսիան Մայն գետէն հիւսիս գտնուող պետութիւններէն իր գլխաւորութեամբ ստեղծեց հիւսիս-գերմանական միութիւնը (1867)։ Գերմանիոյ միաւորման վերջին փուլը հանդիսացաւ պատերազմը Ֆրանսայի դէմ։ [[1871]]-ի [[Յունուար 18]]-ին Վերսալում Գերմանիան հռչակուեցաւ կայսրութիւն՝ Վիլհելմ I-ի գլխաւորութեամբ։ [[Ֆրանսա]]յէն Պրուսիային անցան Էլզասը եւ Արեւելեան Լոթարիեւգիան։ Պրուսիան ստացաւ 5 միլիառ դրամ ռազմատուգանք։ Այս բոլորը նպաստեցին Գերմանիոյ արագ զարգացման։ XIX դ․ 70-ական թթ․ Գերմանիոյ բանւոր դասակարգը հասաւ զգալի յաջողութիւններու։ [[1875]]-ին Գերմանիոյ, ընկերա-դեմոկրատական բանւորական կուսակցութեան եւ լասալեան Տամընդհանուր գերմանական բանւորական միութեան միաւորման հետեւանքով ստեղծեցաւ Գերմանիոյ ընկերային բանւորական կուսակցութիւնը։ Բանւորական շարժման դէմ պայքարը զորացնելու նպատակով ռայխստագը [[1878]]-ին բացառիկ օրէնք ընդունեց ընկերականներու դէմ։ Սակայն կանգնեցնել ընկերա-դեմոկրատական կուսակցութեան ազդեցութեան աճը այլեւս կարելիչէր։ [[1890]]-ին օրէնքը վերացուեցաւ։ Բիսմարկի քաղաքականութիւնը ուղղուած էր յունկերա-բուրժուական միլիտարիստական պետութեան ամրապնդման։ [[1879]]-ին Գերմանիան դաշինք կնքեց Աւստրո-Հունգարիոյ հետ ընդդէմ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ։ Երբ [[1882]]-ին անոնց միացաւ [[Իտալիա]]ն, կազմուեցաւ Եռեակ միութիւնը, ի հակակշիռ որուն յետագային, կազմուեցաւ Անտանտը։ 80-ական թթ․ Գերմանիան իր պրոտեկտորատը հաստատեց [[Ափրիկէ]]յի զգալի տարածքներու (Տոգո, Կամերուն, Արեւելեան Ափրիկէ եւ այլն) վրայ, 90-ական թթ․ զաւթեց խաղաղովկիանոսեան շարք մը կղզիներ։ XIX դ․ վերջին, XX դ․ սկզբը Գերմանիան թեւակոխեց իմպերիալիզմի փուլը։ Տնտեսապէս զարգացմամբ առաջ անցնելով [[Անգլիա]]յէն, պայքար ծաւալեց աշխարհի վերաբաժանման համար։ Գերագնահատելով իր ռազմական հզորութիւնը եւ ենթադրելով, որ Մեծ Բրիտանիան չաջակցիր Ռուսիոյ, Գերմանիան սանձազերծեց առաջին համաշխարհային պատերազմը։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Գերմանիա» էջէն