«Մանտարին (պտուղ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎top: մանր-մունր փոփոխութիւններ, replaced: , → , using AWB
 
Տող 2.
'''Մանտարին (King Orange)''', հիանալի տիեթիկ պտուղ է, զարմանահրաշհամով: Շատ օգտակար է հիւանդ եւ թոյլ օրկանիզմին համար, քանի որ ան կը պարունակէ կենսաբանօրէն գործօն նիւթեր: Մանտարինի պարունակած հանքային նիւթերու մէջ կը գերակշռէ փոթասիումը: 100կրամ մանտալինի մէջ անոր քանակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 150մլկ., որը կը համարուի կարեւոր սնունդ սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու ժամանակ: [[Մանտարինի]] կեղեւի բաղադրամասերը կ'ընկճեն [[սթաֆիլաքոք]] մանրէներու աճը: Մանտարինի ամէնորեայ պարբերական օգտագործումը կը բարձրացնէ օրկանիզմի դիմադրողականութիւնը, յատկապէս մրսածութիւնէ յառաջացած հիւանդութիւններու պարագային: Կեղեւի պարունակած եթերային իւղերը ունին լարուածութիւնը չէզոքացնող, ջղային համակարքը հանգստացնող յատկութիւն: Դիւրին իւրացուող օրկանական երկաթի շնորհիւ օգտակար է տարաբնոյթ սակաւարիւնութիւններու ժամանակ: Ան անհրաժեշտ է քրոնիկ փորկապութեամբ տառապողներուն:
 
Մանտարինի հոտէ կը խուսաբին մժեղները: Անոր կեղեւներով պատրաստուած թէյը լաւ միջոց է փորհարութենէ տառապողներու համար: Սնկային հիւանդութիւններու ժամանակ պտղահիւթով շփել մորթի ախտահարուած մասերը: Վահանաձեւ գեղձի, քլիմաքսի (menopause), նորագոյացութիւններու եւ ծանր հիւանդութիւններու ժամանակ, մանտարինի կեղեւը խիւսի վերածել , խառնել մեղրի հետ՝2: 1 յարաբերականութեամբ, փակ ամանի մէջ պահել սառնարանը: Ուտել մէկական ճաշի դգալ ճաշէ առաջ: Մանտարինի չորցուած կեղեւներու եփուկը խմել որպէս խորխաբեր, հազը հանգստացնող, սրտախառնուկը մեղմացնող եւ մարսողութիւնը լաւացնող միջոց:
== Աղբիւրներ ==