«H-Pem» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ՉNo edit summary
Տող 15.
H-Pem-ը մեծ մասամբ մատչելի է հանրութեան։ Այցելուներ նաեւ կրնան անվճար արձանագրուիլ՝ փոխանցելու համար իրենց մեկնաբանութիւնները, ստեղծագործութիւնները եւ առաջարկները , ինչպէս նաեւ՝ կապ հաստատելու իրարու հետ։
 
H-Pem-ի բովանդակութիւնը բաժնուած է երկու մասի․Featured content, ուր կը հրապարակուին բեմին աշխատակիցներուն գրութիւնները, եւ Your stage, ուր լուսարձակի տակ կ՚առնուին այցելուներու կողմէ տրամադրուած գործեր։մասի՝
 
# Featured content, ուր կը հրապարակուին բեմին աշխատակիցներուն գրութիւնները, եւ
# Your stage, ուր լուսարձակի տակ կ՚առնուին այցելուներու կողմէ տրամադրուած գործեր։
 
=== Featured content ===
Featured content-ը h-pem-ի առցանց թերթն է, որ կ՚ընդգրկէ լրագրական եւ գեղարուեստական գրութիւններ (Stories), հարցազրոյցներ (Interviews), քննական ակնարկներ (Analyses), արուեստի եւ մշակոյթի մէջ իրագործումներ կատարած անձերու արժեւորումներ (Profiles), ինչպէս նաեւ՝ լուսանկարներով պատմուած նիւթեր (In pictures)։
 
=== Your stage ===
Your stage-ը փորձարկութեան վայր մըն է, ուր Multimedia guide մասին մէջ կը ներկայացուին լսատեսողական միջոցներով իրականացած արուեստի գործեր, իսկ Submissions մասին մէջ նորահաս թէ հաստատուած արուեստագէտներու կը տրամադրուի  իրենց ստեղծագործական աշխատանքը ծանօթացնելու վայր մը։ Your stage-ի Collaborations մասին մէջ բեմը կը կեդրոնանայ յատուկ նիւթերու վրայ եւ  գործակցաբար ծրագիրներ կ՚իրականացնէ զանազան մարզերու մէջ ստեղծագործող  արուեստագէտներու, գրագէտներու, մշակութային գործիչներու, ուսանողներու եւ նորաւարտներու հետ, ինչպէս նաեւ՝ կազմակերպութիւններու, հիմնարկներու եւ տարբեր գաղութներէ հայերու։
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/H-Pem» էջէն