«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/02» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «* Այս տարի կը սկսին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի տակ գտնուող պատմական շերտի բացման եւ այն թան...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

08:37, 2 Փետրուար 2020-ի տարբերակ

  • Այս տարի կը սկսին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի տակ գտնուող պատմական շերտի բացման եւ այն թանգարանային հատուածի վերածելու աշխատանքները հրապարակը դառցնելու շատ աւելի տեսարժան վայր: Հին Երեւան քաղաքը վերականգնելու այլ նոր հնարաւորութիւններ եւս կը քննարկուին մասնագէտներու կողմէ:
  • Հայաստանի «Հիւսիս-Հարաւ» շինարարական ծրագրի մեկնարկէն 6 տարի անց ճանապարհի միայն մէկ հատուածը պատրաստ է՝ բաժին թիւ մէկը: Անոր երկարութիւնը 31 քիլոմեթր է: Վերջին 6 տարին աւելի քան 550 քիլոմեթր ճանապարհէն միայն այդ հատուածը շահագործման յանձնուած է: Այս ժամանակահատուածին պէտք է աւարտած ըլլար ամբողջ ճանապարհի շինարարութիւնը:
  • Իրանահայ երգիչ Էնտի Մատատեանը իր աստղը պիտի ունենայ Հոլիվուտի «Համբաւի Ճեմուղի»ին վրայ՝ դառնալով առաջին իրանցի արուեստագէտը, որ կ՛արժանանայ այդ պատիւին:
  • 21 Յունուար 2020-ին Լիբանանի նոր նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապ կազմեց իր կառավարութիւնը: Նոր կառավարութեան կազմը կ՜ընդգրկէ հայազգի Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը որ պիտի ծառայէ որպէս Լիբանանի Երիտասարդութեան ու Մարմնակրթութեան Նախարար:
  • Ամերիկացի անուանի նախկին պասքեթպոլիստ Քոպի Պրայընթ (41 տարեկան) զոհ գացած է ուղղաթիռի արկածի մը։