«Բաբելոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
Տող 17.
Այսպէս կոչուած է գլխաւոր քաղաք՝ Բաբելոնի անունով։ [[Համմուրապի]] արքայի օրով, [[Միջագետք]]ի մեծ մասը կը միաւորուի Բաբելոնի իշխանութեան տակ։ Ք.ա. 2-րդ հազարամեակի կէսէն՝ զանգուածաբար, Բաբելոն թափանցած քասիտական ցեղեր, յառաջատաբար կը տկարացնեն ստրկատիրական ծաղկուն պետութիւնը եւ կը հիմնեն իրենց տիրապետութիւնը [[1518]] - [[1204]] թ․։ Քասիտական իշխանութեան անկումէն յետոյ, Բաբելոնը ժամանակաւոր վերելք կ՛ապրի նոր հարստութեան ներկայացուցիչ Նապուքոտոնոսոր I-ի օրօվ, 1146-1123) թ․, որ ետ կը մղժէ դրացի [[Ասորեստան]]ի եւ [[Էլամի]] ոտնձգութիւնները, կը պահպանէ պետութեան անկախութիւնն ու հզօրութիւնը։ Իրմէ ետք Բաբելոն կը տկարանայ։ Կը քայքայուի եւ կը վերակառուցուի Ասորեստանցիներէն, որպէսզի կրկին Բաբելոնը մայրաքաղաք դառնայ կարճատեւ կեանք ունեցող Նոր-Բաբելոնիան Կայսրութեան՝ Ք․ա․ 609-539թ․։ Այնուհետեւ Բաբելոնը, կ՛ենթարկուի [[Ասորեստան|Ասորեստանի,]] Աքամենեան, [[Մեծն Աղեքսանտր]]ի կայսրութեան, Սելեւկեան, [[Հռոմէական Կայսրութիւն|Հռոմէական]], Պարթեւաստանի եւ Սասանեան իշխանութիւններուն։
 
Կ՛ենթադրուի թէ Ք․ա․ 1770-1670թ․ եւ Ք․ա․ 612-320թ․ Բաբելոնը ծանօթ աշխարհի ամենէն ընթարձակ քաղաքն է։ Հաւանական է, թէ առաջին քաղաքը եղած ըլլայ, որուն բնակչութեան թիւը 200,000 հասած է։ <ref name=":0" /><ref /> <ref>[https://www.quora.com/Who-was-Nabuchodonosor Ո՞վ էր Նապուքոտոնոսոր {{ref-en}}]</ref><ref>[https://unesdoc.unesco.org/ark:/48223/pf0000183134 Բաբելոնի գրած վնասները {{ref-en}} ]</ref><ref>[https://www.ancient.eu/Nebuchadnezzar_II/ Նապուքոտոնոսոր Բ․ {{ref-en}}]</ref> <ref>[http://mini-site.louvre.fr/babylone/EN/html/1.4.4.html Նոր-Բաբելոնեան Կայսրութիւնը {{ref-en}}]</ref>
<ref>[https://discovery.ucl.ac.uk/id/eprint/1445913/ Բաբելոն․ հնագիտութիւնը եւ պատկերացումը Միջագետքի մէջ {{ref-en}}]</ref>
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Բաբելոն» էջէն