«Լալան Ու Արան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{Անաւարտ}} '''Լալան ու Արան''', հայերէն լեզուով մանկապատենական ծրագիր մը, ստեղծուած Համազգայինի Կ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

18:29, 6 Փետրուար 2020-ի տարբերակ


Լալան ու Արան, հայերէն լեզուով մանկապատենական ծրագիր մը, ստեղծուած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ:

Պատմութիւն

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը 2015 թուականին հաստատեց նոր կառոյց մը, որ կը կոչուի «Համազգայինի մանկա-պատանեկան ծրագիրներու բաժանմունք»։ Այս բաժանմունքի պատասխանատուն նշանակուեցաւ Արին Գալուստեան, որ իր կողքին գործի հրաւիրեց մասնագէտներ, որոնք պիտի նպաստէին որակեալ, արդիական եւ գրաւիչ ծրագիրներու ստեղծման։

Մասնագէտներն էին՝ Թալին Եահնիյեան (մանկավարժ), Նայիրի Կէօզիւքէօյիւքեան (գծագրիչ) եւ Սերուժ Պաղտասարեան (ծրագրող, երաժշտական համադրող):

Նպատակ

Նպատակներն են՝

  • Զարգացնել երեխային լեզուական կարողութիւնները։
  • Զարգացնել երեխային տրամաբանելու, յիշելու եւ կեդրոնանալու կարողութիւնները։
  • Զարգացնել երեխային երեւակայելու եւ ստեղծելու կարողութիւնները։
  • Զարգացնել երեխային մօտ հետազօտելու ցանկութիւնը։
  • Արթնցնել երեխային մօտ երաժշտական հետաքրքրութիւն։

App

Նախ՝ ձեռնարկուեցաւ արդիական գործիքներու վրայ հաճելի եւ հետաքրքրական խաղերով երեխաներուն ուսուցանել հայերէն լեզուն։ Պատրաստած է մանկական դաստիարակչական խաղեր «iOS» եւ «Android» գործիքներուն վրայ, 3-5 տարեկան երեխաներուն համար, արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով։ Հրապարակի վրայ են 3 անվճար «app»եր՝ «Գոյներու աշխարհ», «Ձեւերու աշխարհ» եւ «Գիրերու աշխարհը»։ Խաղերը պատրաստուած են մանկավարժական արդիական սկզբունքներուն հետեւելով։

Ծանօթագրութիւններ