«Պարսից Ծոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 51.
* Պուպիյեան
* [[Պահրէյն]]
 
== Կղզիներ ==
Պարսից ծոցը ունի բազմաթիւ կղզիներ, որոնցմէ է օրինակ [[Պահրէյն|Պահրէյնը]]: Աշխարհագրականօրէն ամէնէն մեծ կղցին [[Գէշմ (Կղզի)|Գէշմն]] է, որ կը գտնուի [[Հորմուզի նեղուց|Հորմուզի նեղուցին]] մէջ եւ կը պատկանի [[Իրան|Իրանին]]: Ծոցի նշանաւոր կղզիներէն են նաեւ Մեծ ու փոքր Թանպերը եւ [[Քիշ (Կղզի)|Քիշ]] կղզին, որ կը մատակարարուին [[իրան|իրանի]] կողմէ, [[Պուպիա (Կղզի)|Պուպիան]], որ կը մատակարարուի [[Քուէյթ|Քուէյթի]] կողմէ, Թարութը որ կը մատակարարուի [[Սէուտական Արաբիա|Սէուտական Արաբիոյ]] կողմէ, իսկ [[Տալմա (Կղզի)|Տալման]] որ կը մատակարարուի [[Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ|Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու]] կողմէ: Վերջին քանի մը տարիներուն աւելցած են նաեւ արհեստական կղզիներ՝ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը գրաւելու համար:
 
Պարսից Ծոցի կղզիները հին ժամանակներէ ի վեր իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցած են, որովհետեւ անոնք գործածուած են գաղթական ուժերու կողմէ, օրինակ [[Փորթուկալ|Փորթուկալի]] եւ [[ Անգլիոյ Կայսրութիւն|Անգլիոյ կայսրութեան]] կողմէ, իբրեւ առեւտուրի կեդրոններ եւ կամ իրենց կայսրութեան ներկայացուցիչ ուժերու կեդրոններ:
 
== Աշխարհագրական ==