«Բաբելոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1.
[[Պատկեր:Babylon ausgrabungen.jpg|մինի|Բանելոնի աւերակները․ նկար 1975 թ․]]
'''Բաբելոն'''<ref name="ՏՈՒՏ">{{ՏՈՒՏ|section=II.A.3|page=48}}</ref>, (Աքատ․՝ : ''Bāb-ili(m)'', սումեր․՝ <small>KÁ.DINGIR.RA</small>, արաբ․՝ بابل ''Bābil'', արամեան՝արամերէն՝ ''Babel'') աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն, [[Եփրատ գետ|Եփրատ]] գետին հարաւ-արեւելեան աւազանին մէջ, [[Միջագետք]]։ Այսօր, աշխարհահռչակ հնագիտական վայր մըն է․է մասնակի վերաշինութիւններով, որոնք եղած են քաղաքական եւ կամ զբօսաշրջիկութեան նպատակով։ Կը գտնուի [[Պաղտատ]] ([[Իրաք]]) քաղաքէն մօտաւորապէս 85 քմ․ հարաւ, այսօրուան Հիլա ''Hilla'' նոր քաղաքին կից։
[[Պատկեր:Hanging Gardens of Babylon.jpg|մինի|Բաբելոնի կախուած պարտէզները․ պատկերացուած 19-րդ դարուն կատարուած պեղումներուն ընթացքին]]
Ք․ա․ երկրորդ հազարամեակին սկիզբներուն, փոքր աննշան քաղաքէ մը՝ Բաբելոնիան հարստութեան մայրաքաղաքը կը դառնայ։ Այս կայսրութիւնը յառաջատաբար կը տարածուի [[Միջագետք|Միջագետքի]] ամբողջ տարածքին։
 
Բաբելոն քաղաքին համբաւը իր գագաթնակետին կը հասնի Ք․ա․ 6-րդ դարուն, Նապուքոտոնոսոր Բ․ թագաւորին օրով, երբ կայսրութիւնը Միջին ԱրեւելքինԱրեւելքի մեծ մասին վրայ կը տիրէ։ Ըստ պատմական եւ հնագիտական աղբիւրներուն, Բաբելոն այդ ժամանակի ամենամեծ քաղաքներէն է, որուն տարածքը 1․000 հեկտարը կ՛անցի։ Անոր համբաւը [[Միջագետք|Միջագետքի]] սահմաններէն դուրս կ՛ելլէ, շնորհիւ կառուցուած նշանաւոր յուշարձաններուն, հոյակապ շէնքերուն, ինչպէս օրինակ՝ բարձր պարիսպները, «զիկուրադները» ''ziggourat'' (պաշտամունքի վայր), եւ այլն. անոնք հաւանաբար առաջացուցած են [[Բաբելոնի Աշտարակ]]ին եւ նշանաւոր պարտէզներուն առասպելները։ [[Պատկեր:Hammurabi's Babylonia 1.svg|մինի|Բաբելոնը Համուրապիի թագաւորութեան շրջանին Ք․ա․ 1792-1750 թ․]]
<ref>[http://hanragitakblog.blogspot.com/2015/05/blog-post.html Հանրագիտակ, «Բաբելոնի կախուած պարտէզները», (արեւլ/հ)]</ref><ref name=":0"> [https://historyancient.ru/hy/drevnijj-vostok/in-what-year-lived-the-hammurabi-lawyer-hammurabi-general-characteristics-of-the-main-institutions/ historyancient, Համուրապիի թագաւորութիւնը, (արեւել/հ)]</ref> <ref name=":1">[https://ane.hypotheses.org/241 Բաբելոնի քաղաքը ըստ Հեռոտոդոսին, 12/02/2018, LAURA BATTINI]</ref>
 
Տող 15.
 
=== Աշխարհագրական դիրքը եւ կլիման ===
Բաբելոն քաղաքը կառուցուած էրէ հարաւային [[Եփրատ գետ|Եփրատ գետին]] երկու ափերուն․ այսօրուան [[Իրաք|Իրաքի]] մայրաքաղաք [[Պաղտատ|Պաղտատէն]] 85 քլ․ հարաւ, Հիլա ''Hilla'' քաղաքին կից։
 
[[Միջագետք|Միջագետքի]] կլիման կիսաչոր է, տաք ամառներով եւ ցանուցիր անձրեւներով։ Սակայն, շնորհիւ [[Եփրատ գետ|Եփրատ]] եւ [[Տիգրիս (գետ)|Տիգրիս]] գետերուն, խոնաւ կը դառնայ եւ հողը բերրի է։ Ջուրի արատութիւնը եւ սնուցիչ հարուստ հողը, շրջանը դարձուցած են հողագործութեան զարգացման իտէալ շրջան։<ref>[https://sciencing.com/temperature-climate-ancient-mesopotamia-9330.html Միջագետքի կլիման, {{ref-en}}]</ref> <ref>[https://leilan.yale.edu/sites/default/files/public-media/pdf/geotimesfebruary_2004.pdf Միջագետքի կլիմային փոխոխութիւնը {{ref-en}}]</ref>
Տող 21.
=== Բաբելոնեան Կայսրութիւն ===
[[Պատկեր:Basse Mesopotamie 1mil.png|մինի|Ք․ա․ 1-ին հազարամեակ․ Միջագետքի աւազանը․ Բաբելոնեան կայսրութեան քաղաքները]]
ԲաբելոնիանԲաբելոնեան կայսչութիւնըկայսրութիւնը կոչուած է իր գլխաւոր քաղաք՝քաղաքին՝ Բաբելոն Բաբելոնի անունով։ [[Համմուրապի]] արքայի օրով, [[Միջագետք]]ի մեծ մասը կը միաւորուի Բաբելոնի իշխանութեան տակ։ Ք.ա. 2-րդ հազարամեակի կէսէն՝ զանգուածաբար, Բաբելոն թափանցած քասիտական ցեղեր, յառաջատաբար կը տկարացնեն ստրկատիրական ծաղկուն պետութիւնը եւ կը հիմնեն իրենց տիրապետութիւնը [[1518]] - [[1204]] թ․։ Քասիտական իշխանութեան անկումէն յետոյ, Բաբելոնը ժամանակաւոր վերելք կ՛ապրի նոր հարստութեան ներկայացուցիչ Նապուքոտոնոսոր IԱ․-ի օրօվ, 1146-1123) թ․, որ ետ կը մղէ դրացի [[Ասորեստան]]ի եւ [[Էլամի]] ոտնձգութիւնները, կը պահպանէ պետութեան անկախութիւնն ու հզօրութիւնը։ Իրմէ ետք Բաբելոն կը տկարանայ։ Կը քայքայուի ե՛ւ կը վերակառուցուի Ասորեստանցիներէն, որպէսզի կրկին Բաբելոնը կարճատեւ կեանք ունեցող Նոր-Բաբելոնիան Կայսրութեան մայրաքաղաքը դառնայ՝ Ք․ա․ 609-539թ․։ Այնուհետեւ Բաբելոնը, կ՛ենթարկուի [[Ասորեստան|Ասորեստանի,]] Աքամենեան, [[Մեծն Աղեքսանտր]]ի կայսրութեան, Սելեւկեան, [[Հռոմէական Կայսրութիւն|Հռոմէական]], Պարթեւաստանի եւ Սասանեան իշխանութիւններուն։
 
Կ՛ենթադրուի թէ Ք․ա․ 1770-1670թ․ եւ Ք․ա․ 612-320թ․ Բաբելոնը ծանօթ աշխարհի ամենէն ընթարձակ քաղաքն է։ Հաւանական է, թէ առաջին քաղաքը եղած ըլլայ, որուն բնակչութեան թիւը 200,000 հասած է։ <ref>[https://www.quora.com/Who-was-Nabuchodonosor Ո՞վ էր Նապուքոտոնոսոր {{ref-en}}]</ref><ref>[https://unesdoc.unesco.org/ark:/48223/pf0000183134 Բաբելոնի գրած վնասները {{ref-en}} ]</ref><ref>[https://www.ancient.eu/Nebuchadnezzar_II/ Նապուկոտոնոսոր Բ․ {{ref-en}}]</ref> <ref>[http://mini-site.louvre.fr/babylone/EN/html/1.4.4.html Նոր-Բաբելոնեան Կայսրութիւնը {{ref-en}}]</ref><ref>[https://discovery.ucl.ac.uk/id/eprint/1445913/ Բաբելոն․ հնագիտութիւնը եւ պատկերացումը Միջագետքի մէջ {{ref-en}}]</ref>
Տող 27.
=== Համմուրապի ===
[[Պատկեր:F0182 Louvre Code Hammourabi Bas-relief Sb8 rwk.jpg|մինի|Լուվրի թանգարան, Փարիզ․ Ոտքի՝ Համմուրապին]]
Շուրջ 30 տարի Բաբելոնի արքայ եղած է՝ [[Համմուրապի]]ն (Ք.ա. [[1792]] - [[1750]] թ.)։ Ան դրացի երկրներուն դէմ կը կռուի։ Սակայն քաջ գիտակից, որ զէնքով նուաճածը միայն զէնքով հնարաւոր չէ պահպանել, նորաստեղծ պետութեան մէջ կարգ ու կանոն կը մտցնէ։ [[Համմուրապի|Համմուրապ]]ին կը հրամայէ հաւաքել բոլոր ի զօրու օրէնքները, ստեղծել մէկ օրէնսգիրք։ Արքայի հրամանը կը կատարուի։ Օրէնսգիրքը կը ստեղծուի եւ բաղկացած է 282 յօդուածներէ։<ref name=":3">[https://www.ancient.eu/image/2473/king-hammurapi-at-worship/ Համմուրակի, Osama Shukir Muhammed Amin
31-3-2014 {{ref-en}}]</ref> <ref>[https://www.ancient.eu/image/2790/law-code-tablet-of-king-hammurabi-from-nippur/ Համմուրակիին օրէնսգիրքը, Osama Shukir Muhammed Amin 18-7-2014 {{ref-en}}]</ref> <ref>[https://www.ancient.eu/image/6930/hammurabis-law-code/ Համմուրակիին օրէնսգիրքը,James Blake Wiener 28-7-2017]</ref><ref name=":0" /><ref name=":1" />
 
Տող 46.
== Պատմութիւն ==
[[Պատկեր:The Levant 3.png|մինի|Լեւանտ]]
Ք․ա․ մօտաւորէպէս 19-րդ դարուն, [[Միջագետք|Միջագետքի]] մեծ մասը Ամոռացիները գրաւած են ''Amorrites'' (սումերերէն՝ 𒈥𒌅 ''MAR.TU'' , աքատերէն՝ ''Tidnum'' ou ''Amurrūm'', հին յուն․՝ ''Ἀμορραῖοι'')․ վաչկատու ցեղեր հիւսիսային Լեւանտէն (Միջերկրածովեան տարածքաշրջանի արեւելեան մասի երկրներուն/շրջաններուն ընդհանուր անուանումը)։ Անոնք կը խօսին հիւսիս-արեւմտեան սեմական լեզուն, տարբեր՝ բնիկ Աքատներէն, որոնք կը խօսին արեւելեան սեմական լեզուն։ Ժամանակի ընթացքին, կիսավաչկատու վիճակէն կ՛ելլեն եւ Միջագետքի[[Միջագետք]]<nowiki/>ի քաղաք-պետութիւններուն մէջ (հաւանաբար Իսին ''Isin'', Լարսա ''Larsa'', Էշնունա ''Eshnunna'', Լակաշ Lagash) իրենց անկախ հարստութիւնները կը կերտեն եւ վերջապէս Բաբելոնի պետութիւնը։<ref name=":1" /><ref name=":2" /><ref>[https://books.google.gr/books?id=kA8AAAAAQAAJ&pg=PA5&redir_esc=y#v=onepage&q&f=false Սեմական ցեղերուն ծագումը ''Archibald Henry Sayce''{{ref-en}}]</ref>
 
=== Հին Բաբելոնեան շրջանը ===
Ըստ Բաբելոնեան ժամանակագրութեան, Ք․ա․ 19-րդ կամ 18-րդ դար, Սամու Ապու ցեղապետ մը, դրացի Քազալլու քաղաքէն կ՛անկախանայ։ Իսկ, նոյն ժամանակ կը ստեղծուի Բաբելոնեան Առաջին Հարստութիւնը, որուն նախահայրը՝ Սամու Լա Էլ կը նկատուի։ Գրաւոր տեղեկութիւնները կը նկարագրեն թէ Սամու Լա Էլին տարած զինուորական յաջողութիւնները Բաբելոնի շրջանին մէջ կը տարածեն անոր ազդեցութիւնը։
 
Բաբելոն, Ասորեստանի մեծ քաղաքներուն շուքին տակը կը մնայ։ Ան կը ծաղկի եւ համբաւ կ՛ունենայ, երբ Համուրապիի ստեղծած կարճատեւ կայսրութեան մայրաքաղաքը կը դառնայ, Ք․ա․ 1792-1750։ Համմուրապի հարաւային Միջագետքի[[Միջագետք]]<nowiki/>ի բոլոր քաղաքները եւ քաղաք-պետութիւնները կը նուաճէ եւ Բաբելոնին կը միացնէ։ Ան նաեւ կը գրաւէ արեւելքէն Էլամ ''Elam'' եւ հիւսիս-արեւմուտքէն Մարի ''Mari'' եւ Էպլա ''Ebla'' թագաւորութիւնները։ Բաբելոնի իշխանութիւնը կը տարածէ մինչեւ Փոքր Ասիոյ Հաթաներուն եւ Հուրիներուն գաղթօճախները՝ Ասորեստանի վաղեմի կայսրութեան շրջանները։
 
Համմուրապիի մահէն ետք, կայսրութիւնը կը տկարանայ եւ տարածքներ կը կորսնցնէ։ Ամոռացիներուն իշխանութիւնը Բաբելոն քաղաքի մէջ կը սահմանուի։ Գրութիւններ հին Բաբելոնէն, յաճախ Շամաշը՝ Սիփարի արեւու աստուածը եւ Մարտուքը՝ Շամաշին տղան կ՛ակնարկեն։ Հետագային, Մարտուքը կը դառնայ Բաբելոնի գլխաւոր աստուածը․ կը ցոլացնէ Բաբելոնի քաղաքական վերելքը։<ref name=":3" /><ref>Մեդրոփոլիդան թագարան, Հատոր 4․ Սեպագիր արձանագրութիւններ, [https://books.google.gr/books?id=JbREBAAAQBAJ&pg=PA288&redir_esc=y#v=onepage&q&f=false Մեդրոփոլիդան թագարան, Հատոր 4․ Սեպագիր արձանագրութիւններ,{{ref-en}}]</ref><ref>[http://users.sch.gr/aiasgr/Eguklopaideia/Xwres_kai_laoi/Babulwna.htm Հին երկիրներ եւ ժաողովուրդներ - Բաբելոնի պատմութիւնը,{{ref-el}} ]</ref>
 
=== Միջին Բաբելոնեան շրջանը ===
Ք․ա․ 1595 թուականին, Փոքր Ասիոյ մէջ տարածուած Հէթէական Կայսրութիւնը կ՛իշխէ Բաբելոն քաղաքին վրայ։ Ապա, քաղաքը Քասեդիները կը գրաւեն․ հիւսիս արեւմտեան Իրանի Զագրոշի լեռներէն։լեռներէն Քասեդիները քաղաքը կը գրաւեն։ Անոնց տիրապետութեան շրջանին Բաբելոն կը վրանուանուիվերանուանուի Քարատունիաշ եւ Ք․ա․14-րդ դարուն կը հիմնեն նոր մայրաքաղաք մը, Տուր Քուրիկալզու ''Dûr-Kurigalzu'', Պաղտատէն 30քլ․ արեւմուտք։
 
Բաբելոն, Ք․ա․ 1365 - 1053 թուականներուն, քաղաքը յաջորդաբար կը հպատակի Ասորեստանի Կայսրութեան եւ Էլամի Թագաւորութեան։
 
Ք․ա․ 1235 թ․, Ասորեստանի թագաւոր Թուկուլդի-Նինուրդա Ա․ Բաբելոնը կը գրաւէ։ Այս շրջանին ''Chronique P'' (ժամանակագրութիւն) կոչուած արձանագրութիւնները, կը վկայեն թէ թագաւորը կը փլէ քաղաքի պարիսպները եւ հետը կը տանի Մարտուք աստուծոյ արձանը ու ետքը գրել կու տայ երկար բնօրինակ մը, որով կը տօնէ իր յաղթանակները։
 
Բաբելոնի բնակիչները կը փորձեն քանի մը անգամ իշխանութիւնը ետ առնել, սակայն չեն յաջողիր։
 
Ք․ա․ 1158 եւ 1155 թուականներուն յաջորդաբար, Բաբելոնը կը գրաւեն Էլամի Շուդրուք-Նահունդէ եւ զաւակըէ Քուդիր-Նահունդէ, որոնք իրենց կարգին քաղաքին գանձին եւ Մատրուկ աստուծոյ արձանին կը տիրանան։
 
Բաբելոնցիները ետ կը քշեն Էլամցիները եւ նոր հարստութիւն մը Բաբելոնը կը վերականգնէ։ Այս հարստութեան գլխաւոր թագաւորը, Նապուքոտոնոսոր Ա․ (Ք․ա․ 1126-1105 թ․) կը գրաւէ Էլամի երկիրը եւ հանդիսաւորապէս Բաբելոն կը վերադարձնէ Մատրուկ աստուծոյ արձանը։ Այս եղելութիւնը կը յիշատակուի «Ստեղծման դիւցազներգութիւն» ''Épopée de la Création'' ''Enūma eliš'' գործին մէջ, ուր Նապուքոտոնոսոր Ա․ կը պատմէ թէ ինչպէս արքայից արքայ դարձաւ։
 
Ք․ա․ մօտաւորապէս 1050 թ․, Բաբելոն կը հեղեղեն վաչկատու ցեղեր, որոնցմէ են Արամէաները։ <ref>[https://www.cambridge.org/core/journals/annales-histoire-sciences-sociales/article/jean-bottero-et-samuel-noah-kramer-lorsque-les-dieux-faisaient-lhomme-mythologie-mesopotamienne-paris-editions-gallimard-1989-755-p/A2FFFC487CE021B9F0CA33B3E3BC0110 Երբ աստուածները մարդը կը ստեղծէին, Jean Bottero եւ Samuel Noah Kramer, Փարիզ, Gallimard հրատարակութիւն, 1989,{{ref-fr}}]</ref>
 
 
 
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Բաբելոն» էջէն