«Բաբելոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 19.
 
== Համառօտ տեղեկութիւններ ==
[[Պատկեր:Basse Mesopotamie 1mil.png|մինի|Ք․ա․ 1-ին հազարամեակ․ Միջագետքի աւազանը․ Բաբելոնեան կայսրութեան քաղաքները]]
 
=== Աշխարհագրական դիրքը եւ կլիման ===
Բաբելոն քաղաքը կառուցուած է [[Եփրատ գետ|Եփրատ գետի]] հարաւային աւազանին երկու ափերուն․ այսօրուան [[Իրաք|Իրաքի]] մայրաքաղաք [[Պաղտատ|Պաղտատէն]] 85 քլ․ հարաւ, Հիլա ''Hilla'' քաղաքին կից։ [[Պատկեր:Basse Mesopotamie 1mil.png|մինի|Ք․ա․ 1-ին հազարամեակ․ Միջագետքի աւազանը․ Բաբելոնեան կայսրութեան քաղաքները]]

[[Միջագետք|Միջագետքի]] կլիման կիսաչոր է, տաք ամառներով եւ ցանուցիր անձրեւներով։ Սակայն, շնորհիւ [[Եփրատ գետ|Եփրատ]] եւ [[Տիգրիս (գետ)|Տիգրիս]] գետերուն, խոնաւ կը դառնայ եւ հողը բերրի է։ Ջուրի արատութիւնը եւ սնուցիչ հարուստ հողը, շրջանը դարձուցած են հողագործութեան զարգացման իտէալ վայր։<ref>[https://sciencing.com/temperature-climate-ancient-mesopotamia-9330.html Միջագետքի կլիման, {{ref-en}}]</ref> <ref>[https://leilan.yale.edu/sites/default/files/public-media/pdf/geotimesfebruary_2004.pdf Միջագետքի կլիմային փոխոխութիւնը {{ref-en}}]</ref>
 
=== Բաբելոնեան Կայսրութիւն ===
Տող 78 ⟶ 80՝
 
==== Բաբելոն կը շէննայ ====
[[Պատկեր:Pergamon Museum Berlin 2007110.jpg|մինի|Pergamon Museum -Պերլին․ Բաբելոնի «Իշթարի Դուռ»ին մանրակերտը]]
Նապոբոլասար եւ Նապուքոտոնոսոր Բ․ Բաբելոնը կը փոխակերպեն։ Քաղաքին վերակառուցման աշխատանքները Նապոբոլասարը կը սկսի եւ Նապուքոտոնոսոր Բ․ կը շարունակէ․ այս աշխատանքները մեզի ծանօթ են կառուցումներուն հիմնադրութեան արձանագրութիւններէն։
[[Պատկեր:PergamonPergamonmuseum MuseumIshtartor Berlin 200711008.jpg|մինի|Pergamon MuseumԹանգարան, -Պերլին․ Բաբելոնի «Իշթարի Դուռ»ինը մանրակերտըվերականգնուած․]]
 
Այս արձանագրութիւնները կը նպաստեն Բաբելոնի աշխարհահռչակ համբաւին, առասպելներուն, շնորհիւ Հեռոտոդոսին, Գդիսիասին եւ նաեւ հրէական Աստուածաշունչին հեղինակներուն․ Բաբելոնին տպաւորիչ պարիսպները, կայսերական կառուցումները, վերանորոգուած կամ ընդարձակուած յուշարձանները՝ զիկուրադ տաճարները, արքայական պալատները, մեծ ճամբաները՝ ինչպէս «Արարողական Երթ»ը ''«Voie processionnelle»'' որ կը սկսէր Իշթարի Դուռէն։ Բաբելոնի այդ շրջանին տնտեսական, վարչական եւ ուսումնական կեանքը վկայագրուած է համապատասխան արձանագրութիւններուն մէջ։
 
Նապուքոտոնոսոր Բ․ին կը վերագրուին Բաբելոնի Կախուած Պարտէզներուն կառուցումը (հին աշխարհի 7 հրաշքներէն մէկը)․ կը սեպուի թէ ան կառուցեց հայրենաբաղձ կնոջ համար։ Մինչեւ այսօր, յստակ չէ եթէ իսկապէս կային այս պարտէզները։
 
Նապուքոտոնոսորին նաեւ կը վերագրուի Հրիաներուն աքսորը․ խաղաղութիւնը բերելու կայսերական հմտութիւնը։ Այս միջոցին կը դիմէին նուաճողները․ բնիկ ժողովուրդները մայրաքաղաք կը տեղափոխէին։ Ըստ Հրէական Աստուածաշունչին, Նապուքոտոնոսոր Բ․ Սողոմոնին տաճարը կը քանդէ եւ հրիաները Բաբելոն կ՛աքսորէ․ այս եղելութիւնը արձանագրուած է նաեւ Բաբելոնեան Ժամանակագրութիւններուն։ <ref>[http://antikforever.com/Mesopotamie/Neo%20babyl.Chaldeens/Neo%20Babylonien.htm Նոր Բաբելոնեան կայսրութիւննը եւ Քաղթէական հարստութիւնը {{ref-fr}}]</ref><ref>[https://www.cairn.info/lire-et-ecrire-a-babylone--9782130567400-page-193.htm# Գրել եւ կարդալ Բաբելոնի մէջ․ գլուխ 6,էջ 193-228, 2008, {{ref-fr}}]</ref><ref /><ref>[https://www.nationalgeographic.com/history/magazine/2018/11-12/babylon-restoration-king-nebuchadrezzar-empire/ Նապուքոտոնոսոր Բ․ շինարար թագաւորը, National Geographic, Դեկտ․ 4, 2018 {{ref-en}}]</ref><ref>[https://archeologie.culture.fr/babylone/fr/archives-familiales Բաբելոն - Ընտանեկան արխիւները {{ref-fr}}]</ref><ref>[https://openaccess.leidenuniv.nl/bitstream/handle/1887/42897/Scriptie_wessels.pdf?sequence=1 Բաբելոնեան Ժամանակագրութիւնները, ձեռագիր 16-6 {{ref-en}}]</ref><ref>[https://web.archive.org/web/20141030154541/https://www.britishmuseum.org/explore/highlights/highlight_objects/me/c/cuneiform_nebuchadnezzar_ii.aspx Պրիտանական թանգարան․ Ք․ա․ սեպագիր արձանագրութիւն՝ Բաբելոնեան դիւցազներգութիւն Ք․ա․605-594 {{ref-en}}]</ref>
 
=== Բաբելոնը օտարներուն իշխանութեան տակ ===
 
==== Պարսիկներու Աքամենեան գերիշխանութեան տակ ====
[[Պատկեր:Cyrus Cylinder.jpg|մինի|Կիւրոսի Գլանը․ Պրիտանական թանգարան]]
Ք․ա․ 539 թ․ պարսիկները [[Միջագետք]] կ՛արշաւեն։ Օփիսի կամ՝ Ովպիսի Ճակատամարտի ընթացքին ''Battle of Opis'' Պարսից Կիւրոս Բ․ թագաւորը Բաբելոն մայրաքաղաքին վրայ կը յարձակի։ Բաբելոնի պարսիպները անթափանցելի կը նկատուէին։ Պաշարման ընթացքին, պարսիկները կը նկատեն թէ մայրաքաղաքը շրջապատող պարիսպներու ութը դուռերէն միակ մէկ դուռէն կարելի կ՛ըլլայ քաղաքը մտնել, Եփրատ գետէն ի վեր՝ Էնլիլ դուռէն (քաղաքին հիւսիս արեւմուտքը)։ Պարսից զօրքը քաղաքին ծայրամասը կը գրաւէ, իսկ Բաբելոնի բնակիչները անտեղեակ են եղելութենէն, զբաղած՝ կրօնական տօնախմբութեամբ։ Բաբելոնը կը կորսնցնէ անկախութիւնը։
 
Այս կռիւը Հեռոտոդոս տեղեկագրած է, նաեւ նշուած է Հրէական Աստուծաշունչին մէջ։
 
Պարսից արքան կը ցուցնէ իր բաղձանքը քաղաքը պահպանել։ Տեղական կղերականութեան հանդէպ նպաստաւոր հրովարտակ մը կը հրամանագրէ արձանագրուած կաւէ գլանի վրայ, ծանօթ իբրեւ՝ Կիւրոսի Գլանը։ <ref>[https://web.archive.org/web/20170505040539/http://www.shsu.edu/~his_ncp/Herobab.html Հեռոտոդոս կը նկարագրէ Բաբելոնը եւ Բաբելոնցիները {{ref-en}}]</ref><ref>[https://www.academia.edu/10243265/Herodotus_Description_of_Babylon Հեռոտոդոս Բաբելոնը կը նկարագրէ John MacGinnis{{ref-en}}]</ref>
 
 
 
 
 
<ref>Պրիտանական թանգարան․ Ք․ա․ սեպագիր արձանագրութիւն՝ Բաբելոնեան դիւցազներգութիւն Ք․ա․605-594 https://web.archive.org/web/20141030154541/https://www.britishmuseum.org/explore/highlights/highlight_objects/me/c/cuneiform_nebuchadnezzar_ii.aspx</ref><ref>[https://www.theguardian.com/cities/2016/aug/08/lost-cities-1-babylon-iraq-war-history-mankind-greatest-heritage-site Կորսուած քաղաքներ․ Բաբելոն, ինչպէս պատերազմը գրեթէ ոչնչացուց աշխարհի մեծ ժառանգութիւններէն մին{{ref-en}}]</ref><ref>Հինգ [http://whc.unesco.org/fr/actualites/2002<nowiki/>հինգ Հինգ քաղաքներ եւս արձանագրուած եունեսքոյի ժառանգութեան ցանկին մէջ, {{ref-en}}] </ref>
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Բաբելոն» էջէն