«Բաբելոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 5.
 
Բաբելոն քաղաքին համբաւը իր գագաթնակետին կը հասնի Ք․ա․ 6-րդ դարուն, Նապուքոտոնոսոր Բ․ թագաւորին օրով, երբ կայսրութիւնը Միջին Արեւելքի մեծ մասին վրայ կը տիրէ։ Ըստ պատմական եւ հնագիտական աղբիւրներուն, Բաբելոն այդ ժամանակի ամենամեծ քաղաքներէն է, որուն տարածքը 1․000 հեկտարը կ՛անցի։ Անոր համբաւը [[Միջագետք|Միջագետքի]] սահմաններէն դուրս կ՛ելլէ, շնորհիւ կառուցուած նշանաւոր յուշարձաններուն, հոյակապ շէնքերուն, ինչպէս օրինակ՝ բարձր պարիսպները, «զիկուրադները» ''ziggourat'' (պաշտամունքի վայր), եւ այլն. անոնք հաւանաբար առաջացուցած են [[Բաբելոնի Աշտարակ]]ին եւ նշանաւոր կախուած պարտէզներուն առասպելները։ [[Պատկեր:Hammurabi's Babylonia 1.svg|մինի|Բաբելոնը Համուրապիի թագաւորութեան շրջանին Ք․ա․ 1792-1750 թ․]]
<ref>[http://hanragitakblog.blogspot.com/2015/05/blog-post.html Հանրագիտակ, «Բաբելոնի կախուած պարտէզները», (արեւլ/հ)]</ref><ref name=":0"> [https://historyancient.ru/hy/drevnijj-vostok/in-what-year-lived-the-hammurabi-lawyer-hammurabi-general-characteristics-of-the-main-institutions/ historyancient, Համուրապիի թագաւորութիւնը, (արեւել/հ)]</ref> <ref name=":1">[https://ane.hypotheses.org/241 Բաբելոնի քաղաքը ըստ Հեռոտոդոսին, 12/02/2018, LAURA BATTINI]</ref><ref>[https://www.gotquestions.org/Babylonian-empire.html Բաբելոնեան կայսրութեան կարեւորութիւնը {{ref-en}}]</ref>
 
== Անուան ծագումը ==
Բաբելոն քաղաքին վայրին ամենահին վկայութիւնը արձանագրուած է Ք․ա․ 2500 թ․ տախտակի մը վրայ․ կը վկայագրէ թէ այդ քաղաքին մէջ, Էնսի (<small>ENSÍ</small>) վեհապետը Ամար-ուդու (<small>AMAR.UTU)</small> աստուծոյ տաճարին շինութիւնը կ՛ոգեկոչէ։ Իսկ Բաբելոն անունը կը նշուի սումերեան սեպագիր արձանագրութեան մը մէջ, Շար-քալի-շարի ''Shar-kali-sharri'' (Աքատեան կայսրութեան թագաւոր) թագաւորութեան շրջանին Ք․ա․ 2218 - 2193 թ․։ Անկէ ետք, Բաբելոն անունին կը հանդիպինք Ուր Գ․ Հարստութեան Կայսրութեան ժամանակաշրջանի բազմաթիւ գրութիւներուն մէջ՝ Ք․ա․ 12-րդ դար։
 
Բաբելոն անունը, առաջ եկած է յունարենէ, որ ան ալ իր կարգին փոխ առած է աքատեան պապ-իլի(մ) ''bāb-ili(m),'' թարգմ․՝ Աստուծոյ (Իլի(մ)) դուռը (''bābu(m)'')։ Այս անունին՝''bāb-ilāni'' «Աստուածներուն դուռը» կը հանդիպինք նաեւ գրութիւններուն մէջ։ Բառին ծագումը կրնայ ըլլալ Պապալ ''Babal'' կամ Պապուլու ''Babulu,'' հնագոյն մեզի անծանօթ լեզուի մը եւ կամ ալ՝ սումերերէն լեզուի եզր մը որ հաւանաբար «անտառակ» կը նշանակէ։ Աս եզրը (նկատելով ձայնահնչութիւնը) քաղաքին մէջ ապրող աքատերէն խօսողներէն մեկնաբանուած է իբրեւ «Աստուծոյ Դուռը»․ որովհետեւ անոր կը հանդիպինք ամենահին արձանագրութիւններուն մէջ սումերէնի կրկնագրերով։<ref name=":0" /> <ref name=":2">[https://www.britannica.com/topic/Sumerian-language Պրիտանական Հանրագիտարան, Սումերերէն {{ref-en}}]</ref><ref name=":6" />
 
== Բաբելոնի վերայայտնումը ==
12-րդ դարէն ճամբորդներ այցելած են Բաբելոնը՝ Դուտելլայի Պենճամին ''Benjamin of Tudela,'' Փիետրօ Տելա Վալէ ''Pietro Della Valle'' Ք․ա․ 17-րդ դար, եւ այլն։
 
19-րդ դարէն Պրիտանացի Գլաուտիւս Ճէյմս Ռիչ ''Claudius James Rich'' առաջին հետախուզութիւնները կը կատարէ եւ վայրը կը քարտէսագրէ։ Ուրիշներ ալ կը հետեւին, սակայն 1850-ական թ․ պեղումները կը դադրին եւ կը շարունակուին ֆրասացի Ֆուլճանս Ֆրեսնելի ''Fulgence Fresnel'' եւ իր խումբին կողմէն 1852-1855 թ․։ Պեղումները կը շարունակուին բազմաթիւ՝ ընդհանրապէս ֆրանսացի եւ անգիացի հնագէտներէ, որոնք յայտնաբերուածներէն գլխաւորները իրենց երկիրները կը տանին․ օրինակ, Պարթեւական դամբանը՝ Լուվրի թանգարանը եւ կամ՝ Սիրուսին Գլանը ''cylindre de Cyrus'' (պարսկ․ منشور کوروش, ''manshour-e Kourosh'')՝ Պրիտանական թանգարանը։<ref name=":8">
[[iarchive:ldpd_10797913_000/page/10/mode/2up|Բաբելոնի հետազօտութիւնները, Koldewey, Robert, 1855-1925]]</ref>
 
== Համառօտ տեղեկութիւններ ==
[[Պատկեր:Sceau kassite araire.png|մինի|Հողագործութիւնը Բաբելոնի մէջ․ Ք․ա 14րդ դար]]
[[Պատկեր:Basse Mesopotamie 1mil.png|մինի|Ք․ա․ 1-ին հազարամեակ․ Միջագետքի աւազանը․ Բաբելոնեան կայսրութեան քաղաքները]]
 
=== Աշխարհագրական դիրքը եւ կլիման ===
Բաբելոն քաղաքը կառուցուած է [[Եփրատ գետ|Եփրատ գետի]] հարաւային աւազանին երկու ափերուն․ այսօրուան [[Իրաք|Իրաքի]] մայրաքաղաք [[Պաղտատ|Պաղտատէն]] 85 քլ․ հարաւ, Հիլա ''Hilla'' քաղաքին կից։
Տող 26 ⟶ 27՝
 
=== Բաբելոնեան Կայսրութիւն ===
Բաբելոնեան կայսրութիւնը կոչուած է իր գլխաւոր քաղաքին՝ Բաբելոն անունով։ [[Համմուրապի]] արքայի օրով, [[Միջագետք]]ի մեծ մասը կը միաւորուի Բաբելոնի իշխանութեան տակ։ Ք.ա. 2-րդ հազարամեակի կէսէն՝ զանգուածաբար Բաբելոն թափանցած քասիտական ցեղեր, յառաջատաբար կը տկարացնեն ստրկատիրական ծաղկուն պետութիւնը եւ կը հիմնեն իրենց տիրապետութիւնը [[1518]] - [[1204]] թ․։ Քասիտական իշխանութեան անկումէն յետոյ, Բաբելոնը ժամանակաւոր վերելք կ՛ապրի նոր հարստութեան ներկայացուցիչ Նապուքոտոնոսոր Ա․-ի օրօվ, 1146-1123) թ․, որ ետ կը մղէ դրացի [[Ասորեստան]]ի եւ [[Էլամի]] ոտնձգութիւնները, կը պահպանէ պետութեան անկախութիւնն ու հզօրութիւնը։ Իրմէ ետք Բաբելոն կը տկարանայ։ Կը քայքայուի ե՛ւ կը վերակառուցուի Ասորեստանցիներէն, որպէսզի կրկին Բաբելոնը կարճատեւ կեանք ունեցող Նոր-Բաբելոնիան Կայսրութեան մայրաքաղաքը դառնայ՝ Ք․ա․ 609-539թ․։ Այնուհետեւ Բաբելոնը, կ՛ենթարկուի [[Ասորեստան|Ասորեստանի,]] Աքամենեան, [[Մեծն Աղեքսանտր]]ի կայսրութեան, Սելեւկեան, [[Հռոմէական Կայսրութիւն|Հռոմէական]], Պարթեւաստանի եւ Սասանեան իշխանութիւններուն։[[Պատկեր:Basse Mesopotamie 1mil.png|մինի|Ք․ա․ 1-ին հազարամեակ․ Միջագետքի աւազանը․ Բաբելոնեան կայսրութեան քաղաքները]]
 
Կ՛ենթադրուի թէ Ք․ա․ 1770-1670թ․ եւ Ք․ա․ 612-320թ․ Բաբելոնը ծանօթ աշխարհի ամենէն ընթարձակ քաղաքն է։ Հաւանական է, թէ առաջին քաղաքը եղած ըլլայ, որուն բնակչութեան թիւը 200,000 հասած է։ <ref>[https://www.quora.com/Who-was-Nabuchodonosor Ո՞վ էր Նապուքոտոնոսոր {{ref-en}}]</ref><ref>[https://unesdoc.unesco.org/ark:/48223/pf0000183134 Բաբելոնի գրած վնասները {{ref-en}} ]</ref><ref>[https://www.ancient.eu/Nebuchadnezzar_II/ Նապուկոտոնոսոր Բ․ {{ref-en}}]</ref> <ref>[http://mini-site.louvre.fr/babylone/EN/html/1.4.4.html Նոր-Բաբելոնեան Կայսրութիւնը {{ref-en}}]</ref><ref name=":5">[https://discovery.ucl.ac.uk/id/eprint/1445913/ Բաբելոն․ հնագիտութիւնը եւ պատկերացումը Միջագետքի մէջ {{ref-en}}]</ref>[[Պատկեր:F0182 Louvre Code Hammourabi Bas-relief Sb8 rwk.jpg|մինի|Լուվրի թանգարան, Փարիզ․ Ոտքի՝ Համմուրապին իր Օրինագիրքը ձեռքին․]]
=== Համմուրապի ===
Շուրջ 30 տարի Բաբելոնի արքայ եղած է՝ [[Համմուրապի]]ն (Ք.ա. [[1792]] - [[1750]] թ.)։ Ան դրացի երկրներուն դէմ կը կռուի։ Սակայն քաջ գիտակից, որ զէնքով նուաճածը միայն զէնքով հնարաւոր չէ պահպանել, նորաստեղծ պետութեան մէջ կարգ ու կանոն կը մտցնէ։ [[Համմուրապի|Համմուրապ]]ին կը հրամայէ հաւաքել բոլոր ի զօրու օրէնքները, ստեղծել մէկ օրէնսգիրք։ Արքայի հրամանը կը կատարուի։ Օրէնսգիրքը կը ստեղծուի եւ բաղկացած է 282 յօդուածներէ։<ref name=":3">[https://www.ancient.eu/image/2473/king-hammurapi-at-worship/ Համմուրակի, Osama Shukir Muhammed Amin
Տող 37 ⟶ 38՝
 
== Պատմագրութիւն ==
[[Պատկեր:F0182 Louvre Code Hammourabi Bas-relief Sb8 rwk.jpg|մինի|Լուվրի թանգարան, Փարիզ․ Ոտքի՝ Համմուրապին իր Օրինագիրքը ձեռքին․]]
Բաբելոնի մասին գոյութիւն ունեցող պատմագրութիւնը հիմնուած է հետեւեալ աղբիւրներուն վրայ, որոնք սակայն լրիւ չեն եւ քանի մը անգամներ իրար կը հակասեն․-
 
Տող 71 ⟶ 73՝
Բաբելոնցիները ետ կը քշեն Էլամցիները եւ նոր հարստութիւն մը Բաբելոնը կը վերականգնէ։ Այս հարստութեան գլխաւոր թագաւորը, Նապուքոտոնոսոր Ա․ (Ք․ա․ 1126-1105 թ․) կը գրաւէ Էլամի երկիրը եւ հանդիսաւորապէս Բաբելոն կը վերադարձնէ Մատրուկ աստուծոյ արձանը։ Այս եղելութիւնը կը յիշատակուի «Ստեղծման դիւցազներգութիւն» ''Épopée de la Création'' ''Enūma eliš'' գործին մէջ, ուր Նապուքոտոնոսոր Ա․ կը պատմէ թէ ինչպէս արքայից արքայ դարձաւ։
 
Ք․ա․ մօտաւորապէս 1050 թ․, Բաբելոն կը հեղեղեն վաչկատու` ընդհանրապէս արամական ցեղեր։ Ք․ա․ 1032 - 1025 թ․ կը յատկանշուին իշխանութեան յաճախակի փոփոխութիւններով։<ref name=":4" /><ref name=":7" /><ref name=":6" />
 
==== Բաբելոնը Ասորիներուն հպատակ ====
Ք․ա․ 9-րդ դարուն, խառնաշփոթ վիճակը կը շարունակուի եւ կ՛աւարտի Ք․ա․ 728թ․, երբ Ասորեատանի Թիկլաթ Բալասար Գ․ թագաւորը երկար տարիներ տեւող կռիւներէ ետք, Բաբելոնը կը գրաւէ։ Անոր կը յաջորդեն զաւակը Սաղմանասար, ապա յաջորդաբար Սարկոն Բ․ (ան, կը յարձակի նաեւ Ուրարտուի վրայ եւ երբ կը գրաւէ Մուսասիր կրօնական քաղաքը, կը կողոպտէ ու կը քանդէ), Սենեքերիմ՝ որ Բաբելոնցիներուն ապստամբութիւնները արիւնի մէջ կը խեղթէ եւ քաղաքին մէջ աւերներ կը գործէ, իսկ անոր զաւակը՝ Ասուրհատոն, Բաբելոնը կը վերակառուցէ։ Անոր յաջորդները, Ք․ա․ 669թ․ կը թագաւորեն նոր վարչաձեւով՝ Ասուրպանիբալ Ասորեստանը, իսկ եղբայրը ու իրեն հպատակ Շամաշ Շում Ուքին՝ Բաբելոնը։ Վերջինը, Ք․ա․ 652 թ․ կ՛ապստամբի եղբօրը դէմ եւ չորս տարի տեւող կռիւներէ ետք, ան կը մեռնի (կ՛այրի պալատին մէջ) Բաբելոնի պաշարման ընթացքին։ Ասուրպանիբալ կը վերակառուցէ Բաբելոնը։ Ք․ա․ 627թ․ Ասուրպանիբալի մահէն ետք, գահաժառանգութեան ներքին փախումներ տեղի կ՛ունենան․ ասոնք Ասորեստանը կը տկարացնեն։ Այս վիճակէն կ՛օգտուի Քաղթէացի զօրավարը՝ Նապոբոլասար եւ Բաբելոնը անկախ կը հռչակէ։ <ref name=":4" /><ref name=":6" /><ref>[https://www.academia.edu/235161/Baker_H.D._2007._Urban_form_in_the_first_millennium_BC Քաղաքային Բաբելոնը, Ք․ա․ առաջին հազարամեակին Baker, H.D. 2007.{{ref-en}}]</ref><ref>[https://www.cambridge.org/core/books/cambridge-history-of-capitalism/babylonia-in-the-first-millenniumbce-economic-growth-in-times-of-empire/9F7C3B3F221838F0B602E23843118096 Բաբելոնի տնտեսական աճը Ք․ա․ առաջին հազարամեակին, Michael Jursa, Cambridge University Press {{ref-en}}]</ref>
 
=== Նոր Բաբելոնեան կայսրութիւնը եւ Բաբելոնը իր գագաթնակետին ===
Տող 86 ⟶ 88՝
Նապուքոտոնոսոր Բ․ին կը վերագրուին Բաբելոնի Կախուած Պարտէզներուն կառուցումը (հին աշխարհի 7 հրաշքներէն մէկը)․ կը սեպուի թէ ան կառուցեց հայրենաբաղձ կնոջ համար։ Մինչեւ այսօր, յստակ չէ եթէ իսկապէս կային այս պարտէզները։
 
Նապուքոտոնոսորին նաեւ կը վերագրուի Հրիաներուն աքսորը․ խաղաղութիւնը բերելու կայսերական հմտութիւնը։ Այս միջոցին կը դիմէին նուաճողները․ բնիկ ժողովուրդները մայրաքաղաք կը տեղափոխէին։ Ըստ Հրէական Աստուածաշունչին, Նապուքոտոնոսոր Բ․ Սողոմոնին տաճարը կը քանդէ եւ հրիաները Բաբելոն կ՛աքսորէ․ այս եղելութիւնը արձանագրուած է նաեւ Բաբելոնեան Ժամանակագրութիւններուն։ <ref>[http://antikforever.com/Mesopotamie/Neo%20babyl.Chaldeens/Neo%20Babylonien.htm Նոր Բաբելոնեան կայսրութիւննը եւ Քաղթէական հարստութիւնը {{ref-fr}}]</ref><ref>[https://www.cairn.info/lire-et-ecrire-a-babylone--9782130567400-page-193.htm# Գրել եւ կարդալ Բաբելոնի մէջ․ գլուխ 6,էջ 193-228, 2008, {{ref-fr}}]</ref><ref name=":7" /><ref>[https://www.nationalgeographic.com/history/magazine/2018/11-12/babylon-restoration-king-nebuchadrezzar-empire/ Նապուքոտոնոսոր Բ․ շինարար թագաւորը, National Geographic, Դեկտ․ 4, 2018 {{ref-en}}]</ref><ref>[https://archeologie.culture.fr/babylone/fr/archives-familiales Բաբելոն - Ընտանեկան արխիւները {{ref-fr}}]</ref><ref>[https://openaccess.leidenuniv.nl/bitstream/handle/1887/42897/Scriptie_wessels.pdf?sequence=1 Բաբելոնեան Ժամանակագրութիւնները, ձեռագիր 16-6 {{ref-en}}]</ref><ref>[https://web.archive.org/web/20141030154541/https://www.britishmuseum.org/explore/highlights/highlight_objects/me/c/cuneiform_nebuchadnezzar_ii.aspx Պրիտանական թանգարան․ Ք․ա․ սեպագիր արձանագրութիւն՝ Բաբելոնեան դիւցազներգութիւն Ք․ա․605-594 {{ref-en}}]</ref>
 
=== Բաբելոնը օտարներունՊարսիկներու իշխանութեանԱքամենեան գերիշխանութեան տակ ===
 
==== Պարսիկներու Աքամենեան գերիշխանութեան տակ ====
[[Պատկեր:Cyrus Cylinder.jpg|մինի|Կիւրոսի Գլանը․ Պրիտանական թանգարան]]
Ք․ա․ 539 թ․ պարսիկները [[Միջագետք]] կ՛արշաւեն։ Օփիսի կամ՝ Ովպիսի Ճակատամարտի ընթացքին ''Battle of Opis'' Պարսից Կիւրոս Բ․ թագաւորը Բաբելոն մայրաքաղաքին վրայ կը յարձակի։ Բաբելոնի պարսիպները անթափանցելի կը նկատուէին։ Պաշարման ընթացքին, պարսիկները կը նկատեն թէ մայրաքաղաքը շրջապատող պարիսպներու ութը դուռերէն միակ մէկ դուռէն կարելի կ՛ըլլայ քաղաքը մտնել, Եփրատ գետէն ի վեր՝ Էնլիլ դուռէն (քաղաքին հիւսիս արեւմուտքը)։ Պարսից զօրքը քաղաքին ծայրամասը կը գրաւէ, իսկ Բաբելոնի բնակիչները անտեղեակզբաղած ենկրօնական եղելութենէնտօնախմբութիւններով, զբաղած՝անտեղեակ կրօնականեն տօնախմբութեամբ։եղելութենէն։ Բաբելոնը կը կորսնցնէ անկախութիւնը։
 
Այս կռիւը Հեռոտոդոս տեղեկագրած է, նաեւ նշուած է Հրէական Աստուծաշունչին մէջ։
 
Պարսից արքան կը ցուցնէ իր բաղձանքը քաղաքը պահպանել։ Տեղական կղերականութեան հանդէպ նպաստաւոր հրովարտակ մը կը հրամանագրէ արձանագրուած կաւէ գլանի վրայ, ծանօթ իբրեւ՝ Կիւրոսի Գլանը։ Բաբելոն, Պարսկական կայսրութեան հռչակաւոր քաղաքներէն մէկն է։ <ref>[https://web.archive.org/web/20170505040539/http://www.shsu.edu/~his_ncp/Herobab.html Հեռոտոդոս կը նկարագրէ Բաբելոնը եւ Բաբելոնցիները {{ref-en}}]</ref><ref>[https://www.academia.edu/10243265/Herodotus_Description_of_Babylon Հեռոտոդոս Բաբելոնը կը նկարագրէ John MacGinnis{{ref-en}}]</ref>
 
=== Բաբելոնը Հէլլենիստական ժամանակաշրջանին ===
Ք․ա․ 331թ․ Պարսիկներուն դէմ Ղաւղամիլայի յաղթանակէն ետք [[Մեծն Աղեքսանտր]] կը մտնէ Բաբելոն քաղաքին մէջ։ Անոր բնակիչները խանդավառութեամբ, զայն իբրեւ ազատագրող կ'ընդունին։ Բաբելոն կը դառնայ ուսման, գիտութեան եւ առեւտուրի գլխաւոր կեդրոն։ <ref name=":5" />
 
Ան, Ք․ա․ 323 թ․ [[Մեծն Աղեքսանտր]] Հնդկաստանի արշաւանքէն վերադարձին, Բաբելոնը իր նստավայրը կը դարձնէ [[Ասիա|Ասիո]]<nowiki/>յ մէջ։ Նոյն տարին, գարնան աշխատանքի կը լծուի։ Ան [[Եփրատ գետ|Եփրատ]] գետին ջրանցքները կը շրջի, գետի ջուրին ողողումները կասեցնող աշխատանքներուն հետեւելու համար, նաեւ կը հովանաւորէ էսաժիլ տաճարի վերանորագումները։
 
[[Մեծն Աղեքսանտր]]<nowiki/>ի մահին, կը յաջորդէ անոր զօրավարներուն միջեւ ժամանակաւոր համաձայնութիւն մը՝ Բաբելոնի դաշինքը, որը սակայն կը դադրի [http://%D4%B1%D5%AC%D5%A5%D6%84%D5%BD%D5%A1%D5%B6%D5%BF%D6%80_%D5%84%D5%A1%D5%AF%D5%A5%D5%A4%D5%B8%D5%B6%D5%A1%D6%81%D5%AB#%D5%85%D5%A1%D5%BB%D5%B8%D6%80%D5%A4%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%B6_%D5%AF%D5%BC%D5%AB%D6%82%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%A8 Յաջորդներու ''Diadoque'' կռիւներով]։ Բաբելոնեան կռիւներուն յաղթական Սելեւկիոս զօրավարը, իր թագաւորութեան մայրաքաղաքը Բաբելոնէն նորակառոյց Տիգրիսի Սելեւկիան ''Séleucie du Tigre'' կը տեղափոխէ։ Բաբելոն սակայն կը պահէ իր համբաւը։
 
==== Բաբելոն, յունական քաղաք ====
Անտիոխոս Դ․ Էփիֆանիսի ''Antiochos IV Épiphane - Aντίoχoς Έπιφανής'' թագաւորութեան շրջանին, Ք․ա․ 170 թ․ Բաբելոն իր քաղաքացիներով ''politai'' (այս յունական անուան կը հանդիպինք նաեւ բաբելոնեան արձանագրութիւններու մէջ՝ ''puliṭē'' ou ''puliṭānu )'' յունական քաղաք կը դառնայ։ Կը կառավարուի Էփիսդադի ''Επιστάτης'' (կամ ''pahāt'' սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ) կողմէ։ էսաժիլ տաճարի պաշտօնէութիւնը բնիկ բաբելոնացի համայնքին ներկայացուցիչն է յունական վարչակարգին առջեւ։ Այս համայնքը կը կառավարուի ատեանէ ''kiništu'' մը որուն առաջնորդն է Էսաժիլ սրբավայրի վարչական պատասխանատուն ''šatammu''։ Ատեանին հաւաքավայրը հոն կառուցուած յունական Թատրոնն ''théâtre'' է։
 
Բաբելոն, Պարթեւներուն իշխանութեան տակ կ՛անցնի Միհրդատ Բ․ ''Mithridate II'' պարթեւ թագաւորին ժամանակ, Ք․ա․ 123-88 թ․։ Այս բախումներուն ընթացքին Բաբելոն եւ շրջակայքը կը վնասուին, մանաւանդ պարթեւ Հիմերոս ''Himéros'' զօրավարին գործած աւերներէն։ <ref name=":6">[http://prelectur.stanford.edu/lecturers/maul/ancientcapitals.html Հին Միջին Արեւելքի մայրաքաղաքը,Pr․ Stefan Maul, Heidelberg-ի համալսարան, յօդ․ թարգմ․՝ Thomas Lampert, Ph.D., Պերլին, Գերմանիա {{ref-en}}]</ref><ref name=":4" /><ref>[https://www.academia.edu/1465516/Le_pouvoir_s%C3%A9leucide_territoire_administration_finances_dun_royaume_hell%C3%A9nistique_312-129_avant_J.-C Հէլլէնիստական թագաւորութիւն մը- Սելեւկեաններուն իշխանութիւնը {{ref-fr}}]</ref><ref /><ref>[https://journals.openedition.org/abstractairanica/39491 Յունական եւ պարթեւական տիրապետութիւնը Բաբելոնի մէջ, Ք․ա 331 - 1-ին դար, B. André-Salvini, Hazan հրատարակութիւն, Փարիզ, 2008, էջ 251-292. {{ref-fr}}]</ref>
 
=== Վերջ Բաբելոնի հնագոյն շրջանին ===
Բաբելոն պարթեւներուն տիրապետութեան շրջանին իր համբաւը յառաջատաբար կը կորսնցէ․ բնակչութեան թիւի նուազում եւ կառավարման գլխաւոր կեդրոններու տեղափոխում դէպի [[Տիգրիս (գետ)|Տիգրիս]] գետի հիւսիսը։ Փլինուս Աւագ ''Gaius Plinius Secundus'' գրագէտ, փիլիսոփայ եւ Հռոմէական կայսրութեան առաջին տարիներուն ընթացքին (1-ին դար) զօրավար եւ նաւապետ, կը վկայէ թէ հակառակ քաղաքին կիսաւեր վիճակին աշխուժօրէն կը գործեն իր գլխաւոր յուշարձանները։ Նաեւ 2-րդ դարու յունական արձանագրութիւն մը կը վկայէ թէ Թատրոնը նորոգուած է։
 
Սակայն առեւտրական կեանքը քաղաքին մէջ կը շարունակուի։ Բազմազան համայնքներով քաղաք մըն է, որոնց կը գլխաւորեն բաբելոնեան եւ յունական համայնքները։ Նաեւ հոն կայք կը հաստատեն քրիստոնիայ առաջին համայնքները։ Յունահռոմէական արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Հռոմի կայսր Մարքուս Ուլփիուս Դրաիանուս ''Marcus Ulpius Traianus'' արշաւանքներուն ընթացքին (115 թուական), ընկերակցող հռոմէացի քաղաքագէտ եւ պատմաբանի Տիոն Գասիուս Լուսիուս ''Dion Cassius'' ''Lucius'' կամ ''Claudius'' վկայութիւնները, թէ քաղաքը աւերակներու դաշտ մըն է, կը պատկերացնեն Բաբելոնի անկումին կարեւորութիւնը։
 
Բաբելոն կ՛ ամայանայ յաջորդող դարերուն ընթացքին, մանաւանդ Սասանեան պարսիկներուն տիրապետութեան տակ եւ ըստ Իպն Հաուգալ ''Ibn Hawqal'' աշխարհագրագէտին, իսլամական ժամանակաշրջանին՝ 10-րդ դար, պարզ գիւղ մը կը դառնայ։ Անոր հսկայ կառուցումներուն փլատակներէն քարեր կ՛առնուին, որպէսզի ծառայեն շրջակայքի նոր շէնքերու կառուցման։<ref>[https://www.britannica.com/place/Al-Hillah Պրիտանական հանրագիտարան, Bābil / Al-Ḥillah {{ref-en}}]</ref><ref>[https://www.livius.org/sources/content/the-babylon-theater-inscription/ Բաբելոնի Թատրոնի նկարագրում {{ref-en}}]</ref><ref>[https://books.google.gr/books?id=3j9EDwAAQBAJ&pg=PT25&lpg=PT25&dq=La+Babylonie+au+tournant+de+notre+%C3%A8re&source=bl&ots=R9LA9IgH_Z&sig=ACfU3U0985xIJ2rVW6-IXrBAbTStQx6JnQ&hl=en&sa=X&ved=2ahUKEwiJ-_al1MznAhVmpYsKHdHHCJYQ6AEwA3oECAcQAQ#v=onepage&q=La%20Babylonie%20au%20tournant%20de%20notre%20%C3%A8re&f=false Բաբելոնի տնտեսութիւնը Հելլենիստական շրջանին {{ref-fr}}]</ref>
 
=== Իսլամական շրջան ===
7-րդ դարու ընթացքին, Բաբելոնը կ՛ասպատակէ Իսլամական Կայսրութիւնը․ կը յաջորդէ Իսլամացման շրջան մը։ Իպն Հաուգալ կը նշէ թէ Բաբելոն պարզ գիւղ մը կը դառնայ, Պապել ''Babel'' անունով։ Յետագային, ճամբորդներ պիտի նկարագրեն աւերակ քաղաք մը։
 
Արաբական միջնադարեան արձանագրութիւններուն մէջ, Բաբելոն կը յիշատակուի իբրեւ աղիւսներու աղբիւր քաղաք․ կը գործածուին Պաղտատէն մինջեւ Պաշրա։
 
Փիետրօ Տելա Վալէ ''Pietro Della Valle'' Ք․ա․ 17-րդ դարուն մէջտեղ բերաւ Բաբելոնի ճշգրիդ վայրը։<ref name=":8" /><ref /><ref>[https://www.jstor.org/stable/25188732?seq=1 Բաբելոնի յայտնաբերումը, Bart Ooghe Journal of the Royal Asiatic Society
Third Series, Vol. 17, No. (3 Յուլիս 2007), էջ՝ 231-252]</ref>
 
== Ժամանակակից շրջան ==
 
18-րդ դարուն ընթացքին, ճամբորդներու հեղեղ մը կ՛այցելէ Բաբելոն։ Ֆրանսացի դիւանագէտ, հոգեւոր եւ աստղագէտ Փիեռ Ժոզէֆ տը Պօշամբ Pierre-Joseph de Beauchamp, իր Յիշատակներ գիրքին մէջ գրուածներով, 1792 թ․, կը գրգռէ Արեւելեան Հնդ-Պրիտանական Ընկերութիւնը իր գործակալները Պաղտատ եւ Պաշրա ուղղել եւ ձեռք ձգել Միջագետքէն յիշատակներ եւ Լոնտոն առաքել։<ref>[https://discovery.ucl.ac.uk/id/eprint/1445913/ Բաբելոն գաղափարը - Հնագիտութիւն եւ Ներկայացում Միջագետքի մէջ{{ref-en}}]</ref><ref>[https://edition.cnn.com/2013/04/04/world/meast/iraq-babylon-tourism/ Վերակենդանացնել Բաբելոնը {{ref-en}}]</ref>
 
<ref>[file:///C:/Users/anide/Downloads/278rev-2293-Nomination%20Text-en.pdf Իրաքի Հանրապետութիւն, Բաբելոն {{ref-en}}]</ref><ref>[https://www.theguardian.com/cities/2016/aug/08/lost-cities-1-babylon-iraq-war-history-mankind-greatest-heritage-site Կորսուած քաղաքներ․ Բաբելոն, ինչպէս պատերազմը գրեթէ ոչնչացուց աշխարհի մեծ ժառանգութիւններէն մին{{ref-en}}]</ref><ref> [http://whc.unesco.org/fr/actualites/2002<nowiki/> Հինգ քաղաքներ եւս արձանագրուած եունեսքոյի ժառանգութեան ցանկին մէջ, {{ref-en}}] </ref><ref>[https://archeologie.culture.fr//babylone/fr/porte-ishtar-et-voie-processionnelle Իշթարի Դուռը եւ Արարողութեան ճամբան {{ref-en}}]</ref><ref>[https://www.armand-colin.com/la-mesopotamie-au-1er-millenaire-avant-j-c-9782200261207 Միջագետքը Ք․ա․ առաջին հազարամեակին {{ref-en}}]</ref>
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
Տող 129 ⟶ 156՝
#[https://en.wikipedia.org/wiki/Fulgence_Fresnel Ֆիւլճանս Ֆրեսնել]{{ref-en}}
#[[:fr:Cylindre_de_Cyrus|Սիրիւսին Գլանը]]{{ref-fr}}
#Պրիտանական Հանրագիտարան, Բաբելոն{{ref-en}}
#
 
<br />
[[Կատեգորիա:Պատմական քաղաքներ]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Բաբելոն» էջէն