«Բաբելոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 67.
Բաբելոնցիները ետ կը քշեն Էլամցիները եւ նոր հարստութիւն մը Բաբելոնը կը վերականգնէ։ Այս հարստութեան գլխաւոր թագաւորը, Նապուքոտոնոսոր Ա․ (Ք․ա․ 1126-1105 թ․) կը գրաւէ Էլամի երկիրը եւ հանդիսաւորապէս Բաբելոն կը վերադարձնէ Մարտուկ աստուծոյ արձանը։ Այս եղելութիւնը կը յիշատակուի «Ստեղծման դիւցազներգութիւն» ''Épopée de la Création'' ''Enūma eliš'' գործին մէջ, ուր Նապուքոտոնոսոր Ա․ կը պատմէ թէ ինչպէս արքայից արքայ դարձաւ։
 
Ք․ա․ մօտաւորապէս 1050 թ․, Բաբելոն կը հեղեղեն վաչկատու` ընդհանրապէս արամական ցեղեր։ Ք․ա․ 1032 - 1025 թ․ կը յատկանշուին իշխանութեան յաճախակի փոփոխութիւններով։<ref name=":4" /><ref name=":7" /><ref name=":6" />
 
==== Բաբելոնը Ասորիներուն հպատակ ====
Տող 82.
Նապուքոտոնոսոր Բ․ին կը վերագրուին Բաբելոնի Կախուած Պարտէզներուն կառուցումը (հին աշխարհի 7 հրաշքներէն մէկը)․ կը սեպուի թէ ան կառուցեց հայրենաբաղձ կնոջ համար։ Մինչեւ այսօր, յստակ չէ եթէ իսկապէս կային այս պարտէզները։
 
Նապուքոտոնոսորին նաեւ կը վերագրուի Հրիաներուն աքսորը․ խաղաղութիւնը բերելու կայսերական հմտութիւնը։ Այս միջոցին կը դիմէին նուաճողները․ բնիկ ժողովուրդները մայրաքաղաք կը տեղափոխէին։ Ըստ Հրէական Աստուածաշունչին, Նապուքոտոնոսոր Բ․ Սողոմոնին տաճարը կը քանդէ եւ հրիաները Բաբելոն կ՛աքսորէ․ այս եղելութիւնը արձանագրուած է նաեւ Բաբելոնեան Ժամանակագրութիւններուն մէջ։ <ref>[http://antikforever.com/Mesopotamie/Neo%20babyl.Chaldeens/Neo%20Babylonien.htm Նոր Բաբելոնեան կայսրութիւննը եւ Քաղթէական հարստութիւնը {{ref-fr}}]</ref><ref>[https://www.cairn.info/lire-et-ecrire-a-babylone--9782130567400-page-193.htm# Գրել եւ կարդալ Բաբելոնի մէջ․ գլուխ 6,էջ 193-228, 2008, {{ref-fr}}]</ref><ref name=":7" /><ref>[https://www.nationalgeographic.com/history/magazine/2018/11-12/babylon-restoration-king-nebuchadrezzar-empire/ Նապուքոտոնոսոր Բ․ շինարար թագաւորը, National Geographic, Դեկտ․ 4, 2018 {{ref-en}}]</ref><ref>[https://archeologie.culture.fr/babylone/fr/archives-familiales Բաբելոն - Ընտանեկան արխիւները {{ref-fr}}]</ref><ref>[https://openaccess.leidenuniv.nl/bitstream/handle/1887/42897/Scriptie_wessels.pdf?sequence=1 Բաբելոնեան Ժամանակագրութիւնները, ձեռագիր 16-6 {{ref-en}}]</ref><ref>[https://web.archive.org/web/20141030154541/https://www.britishmuseum.org/explore/highlights/highlight_objects/me/c/cuneiform_nebuchadnezzar_ii.aspx Պրիտանական թանգարան․ Ք․ա․ սեպագիր արձանագրութիւն՝ Բաբելոնեան դիւցազներգութիւն Ք․ա․605-594 {{ref-en}}]</ref>
 
=== Բաբելոնը Պարսիկներու Աքամենեան գերիշխանութեան տակ ===
Տող 127.
12-րդ դարէն ճամբորդներ այցելած են Բաբելոնը՝ Դուտելլայի Պենճամին ''Benjamin of Tudela,'' Փիետրօ Տելա Վալէ ''Pietro Della Valle'' Ք․ա․ 17-րդ դար, եւ այլն։
 
19-րդ դարէն Պրիտանացի Գլաուտիւս Ճէյմս Ռիչ ''Claudius James Rich'' առաջին հետախուզութիւնները կը կատարէ եւ վայրը կը քարտէսագրէ։ Ուրիշներ ալ կը հետեւին, սակայն [[1850 թուական|1850]]-ական թ․ պեղումները կը դադրին եւ կը շարունակուին [[Ֆրանսա|ֆրանսացի]] Ֆուլճանս Ֆրեսնելի ''Fulgence Fresnel'' եւ իր խումբին կողմէն [[1852 թուական|1852]]-[[1855 թուական|1855]] թ․։ Պեղումները կը շարունակուին մեծ թիւով հնագետներէ ընդհանրապէս ֆրանսացի եւ [[Անգլիա|անգլիացի]] , որոնք յայտնաբերուածներէն գլխաւորները իրենց երկիրները կը տանին․ օրինակ, Պարթեւական դամբանը՝ Լուվրի թանգարանը եւ կամ՝ Սիրուսին Գլանը ''cylindre de Cyrus'' (պարսկ․ منشور کوروش, ''manshour-e Kourosh'')՝ Պրիտանական թանգարանը։<ref name=":8" /> Եռանդոտ պեղումները սակայն, (սովորական այս ժամանակներուն) կարեւոր վնասներ կը պատճառեն Բաբելոնի հնագիտական տարածքին։ Բազմաթիւ հնագիտական յայտնումներ շուկաները կը շրջին։
 
[[1879 թուական|1879]] - [[1882 թուական|1882]] թուականներուն Պրիտանական Թանգարանին հաշւոյն, Հորմուզտ Ռասսամ ''Hormuzd Rassam'' հնագիտական պեղումներ կը կատարէ․ կը յայտնաբերէ մեծ թիւով սեպագիր արձանագրութիւններ ու այլ արժէքաւոր իրեր։
Տող 193.
[[Ստորոգութիւն:Հնադարեան քաղաքներ]]
[[Ստորոգութիւն:Իրաքի քաղաքներ]]
[[Ստորոգութիւն:Իրաք]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Բաբելոն» էջէն