«Բաբելոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 143.
[[1974 թուական|1974]] թուականին, Բաբելոնին հնագիտական վայրին մէջ պեղումներ կը կատարեն Միջին Արեւելքի [[Թորինօ|Թորինոյի]] Հնագիտական Հետազօտութիւններու եւ Պեղումներու Կեդրոնը եւ [[Իրաք]]-[[Իտալիա|Իտալական]] Հնագիտական Գիտութեան Հիմնարկը։ Յաւելեալ պեղումներ կը կատարուին [[1987 թուական|1987]] - [[1989 թուական|1989]] թուականներուն Բաբելոնի Շու-Աննա թաղամասի Իշարա եւ Նինուրդա տաճարներուն շրջակայքը։
 
Բաբելոնի վերակառուցման աշխատանքներուն ատեն, [[Իրաք|Իրաքի]] Պետութեան Հնութեան եւ Ժառանգութեան Կազմակերպութիւնը ընդհանրացած հետազօտութիւններու, պեղումներու եւ զտումներու աշխատանքները կը ղեկավարէ։ Այս աշխատանքներուն մասին հրատարակուած տեղեկութիւնները սահմանափակ են, իսկ նորագոյն հետազօտութիւններէն ծանօթ արձանագրութիւնները դեռ չեն հրատարակուած։
==== Բաբելոն լուրջ վնասներու կ՛ենթարկուի ====
2003 թուականին երբ [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|Ա․Մ․Ն․]] զօրքերը [[Իրաք]] կը ներխուժեն, Բաբելոնը եւ անոր շրջաքկայքը կ՛իյնան անոնց ձեռքը եւ աւելի ուշ ամերիկացիները շրջանի հսկողութիւնը լեհերուն կը յանձնեն։ Օտար զօրքերուն Բաբելոն ժամանումը ծանր վնասներ կը պատճառէ հնագիտական վայրին, որովհետեւ անոնք հոն կը հիմնեն իրենց բանակավայրը բոլոր արդի յարմարութիւններով։ Նաեւ, երկու թանգարաններ եւ գրադարան մը հարուստ կրկնանկարներով, հին արձանագրութիւններով, տեղեկագրութիւններով, հնագոյն իրերով եւ քարտէսներով մարտական օդուժի յարձակումներու կ՛ենթարկուին ու կը քանդուին։ [[Պատկեր:The historical city of Babylon.jpg|կենտրոն|մինի|660x660փքս|2005 թ․ Բաբելոնի համայնապատկեր, նկարուած ամերիկացի զինուորներէ]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Բաբելոն» էջէն