«Ազդակ (օրաթերթ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 52.
* Այս ասպարէզի մէջ գործողներ, մտաւորականներ եւ ընթերցողներ կը վկայեն, որ «Ազդակ» օրաթերթը Սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող լաւագոյն օրաթերթերէն է, բովանդակութեան, այլազանութեան, նկարներու ընտրութեան, լուրերու եւ իրադարձութիւններու հետապնդման եւ անոնց արձագանգին եւ էջերու ձեւաւորման իմաստով։
* Գիշերային եւ ցերեկային աշխատակազմով գործող այս օրաթերթին մէջ որոշ էջեր երկու օր առաջ կը պատրաստուին, ինչպէս՝ մանկապատանեկան, մշակութային, գրական, Հայ Դատ, ընկերային, սննդագիտական եւ այլն, իսկ լրատուութեան բաժինի լուրերը նախորդ գիշերը մինչեւ ուշ ժամեր հետեւելէ ետք կը գրուին, կը խմբագրուին եւ կը հրատարակուին։
 
== Ազգային Գրադարանը Կը Ձեռնարկէ «Ազդակ»-ի Մատենագիտութեան ==
Շահան Գանտահարեան այս առիթով յայտնեց, որ «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւն<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/464263?hilite=%27%D4%B1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6%27%2C%27%D4%B3%D6%80%D5%A1%D5%A4%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%A8%27%2C%27%D4%BF%D5%A8%27%2C%27%D5%81%D5%A5%D5%BC%D5%B6%D5%A1%D6%80%D5%AF%D5%A7%27%2C%27%C2%AB%D4%B1%D5%A6%D5%A4%D5%A1%D5%AF%C2%BB-%D5%AB%27%2C%27%D5%84%D5%A1%D5%BF%D5%A5%D5%B6%D5%A1%D5%A3%D5%AB%D5%BF%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6%27</ref>Ազգային Գրադարանը Կը Ձեռնարկէ «Ազդակ»-ի Մատենագիտութեան Պատրաստութեան Աշխատանքին] կազմելը միշտ ալ եղած է թերթին ծրագիրներուն կարգին, սակայն ցաւ ի սիրտ այսօր սփիւռքի մէջ չկան մատենագիրներ, որոնք կրնան տանիլ այս աշխատանքը եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին գործը իր լրումին հասցնել: Ըստ անոր, Ազգային գրադարանի նախաձեռնած գիտաժողովը առիթ դարձաւ նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու եւ, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի ընտանիքին հետ խորհրդակցելով, անոնք որոշեցին այս նուիրատուութիւնը կատարել: 90-ամեայ ելեկտրոնային արխիւը պիտի յատկացուի Հայաստանի ազգային գրադարանին` ակնկալելով, որ մատենագիտութիւն կազմելու բարդ, երկարամեայ աշխատանքը փայլուն կերպով կատարուի: Գանտահարեան ուրախութիւն յայտնեց, որ գիտաժողովին ընթացքին կատարուած քննարկումները գործնական արդիւնք տուին, եւ անկէ պիտի շահի Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլը:
 
Տարօն Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ հայրը` Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, սկսած էր կազմել «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւնը, բայց եւ այնպէս, կանուխ հեռանալով կեանքէն, չէ հասած ի կատար ածել երազը: «Այսօր մենք ուրախ ենք, որ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի հետ համաձայնութեան գոյացնելով կրցանք օրաթերթի թուայնացուած խտասկաւառակները նուիրել Ազգային գրադարանին եւ վստահ ենք, որ այստեղ ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ սիրով պիտի կատարեն մատենագիտութիւնը կազմելու դժուար աշխատանքը: Քանի մը տարի ետք մենք պիտի ունենանք «Ազդակ»-ի լիարժէք մատենագիտութիւնը, որ մեծ լուսամուտ պիտի բանայ սփիւռքի մամուլին հետ», շեշտեց ան:
 
== Նշումներ ==
* Kevork Yazdjian, Lebanese-Armenian press in 2002, Yerevan, 2004, 47 p.&nbsp;ISBN 99930-4-293-5
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
 
== Աղբիւրներ ==