«Շնչառութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
No edit summary
Տող 44.
 
Շնչափողը եւ հիմնական ցնցուղներու սկզբնական մասերը կը գտնուին թոքերէն դուրս, իսկ մնացեալ մասերը կը մտնեն ու կը տարածուին [[Թոքեր|թոքերու]] բոլոր մասերուն մէջ։
 
=== Վերին օդատար ուղիներ ===
Քիթին խոռոչը ([[Քթանցք|քթանցքներու]] եւ [[Ըմպան|ըմպանի]] միջեւ տեղադրուած) օդատար ուղիներու առաջին բաժինն է, բաւականին նեղ է՝ առաջին հերթին աճառաոսկրային [[Քիթին միջնապատ|քիթին միջնապատով]] երկու խոռոչներու բաժնուած ըլլալու պատճառով, իսկ երկրորդ հերթին՝ կողքային պատերու շնորհիւ, որոնք ունին քանի մը երկայնական թեքուածքներ կամ խութեր<ref name="grays" />։ Անոնց մակերեսը ծածկուած է լորձաթաղանթով, որ կազմուած է թարթչաւոր էփիթելային [[հիւսուածք]]ներով։ Օրական կ'արտադրուի 0,5 լ լորձունք։ Ասիկա կը ստիպէ ներշնչուած [[օդ|օդին]] համար խոնաւութիւն (մինչեւ 95 %) վերցնել լորձաթաղանթէն եւ ջերմութիւն՝ այնտեղ գտնուող արեան անօթներէն. ասոր հետեւանքով օդը կը բաւարարուի [[Ջրային գոլորշիներ|ջրային գոլորշիներով]] եւ տաքնայ մինչեւ մարմնի ջերմաստիճան՝ [[կոկորդ]] հասնելէ առաջ։ Այս խոնաւութեան ու ջերմութեան մէկ մասը ետ կը վերցուի, երբ արտաշնչման ժամանակ օդը կ'անցնի չորցած եւ սառած քիթի լորձաթաղանթէն։ Կպչուն լորձունքը նաեւ կը բռնէ ներշնչուող կոպիտ մասնիկներու մեծ մասին՝ խոչընդոտելով անոնց թափանցումը դէպի թոքեր<ref name="grays">{{cite book|title=Gray’s Anatomy|last1=Williams|first1=Peter L|last2=Warwick|first2=Roger|last3=Dyson|first3=Mary|last4=Bannister|first4=Lawrence H.|publisher=Churchill Livingstone|isbn=0443 041776|edition=Thirty-seventh|location=Edinburgh|publication-date=1989|pages=1172–1173, 1278–1282}}</ref>։ Անոր կը նպասեն նաեւ քիթի խոռոչի սկզբնամասի մազերը։ Բերանով շնչելու ժամանակ օդը չի տաքնար, որուն հետեւանքով շնչուղիները բորբոքին, ու [[թոք]]երուն կը հասնին [[մանրէ]]ներ։ Քիթին վերի մասին մէջ կան զանազան հոտեր ընկալող [[բջիջ]]ներ, ուստի անիկա նաեւ հոտառութեան անդամ է։ Քիթին խոռոչին մէջ կան զգայական բջիջներ, որոնք կը կատարեն պաշտպանական գործ։ Փոշիի մեծ հատիկները եւ լորձունքի աւելցուքը կը գրգռեն այդ բջիջները եւ կ'առաջացնեն փռշտոց, որուն միջոցով օտար մարմիններ օդի հոսքով կը հեռանան մարմնէն։
 
Ներշնչուած օդը քիթին խոռոչէն կ'անցնի '''քիթըմպան''', որ ըմպանի վերի մասն է ու անկէ կ'անցնի կոկորդ։ '''Կոկորդը''' խոռոչաւոր անդամն է, որ կազմուած է [[մկաններ]]ով, ջիլերով ու կապաններով իրար միացած քանի մը աճառներէ։ Անոնցմէ մեծագոյնը վահանաճառն է, որ առջեւէն վահանի նման կը պաշտպանէ զայն։ Անիկա շատ դիւրութեամբ կը շոշափուի պարանոցին վրայ։
 
Կոկորդին խոռոչը ծածկուած է լորձաթաղանթով։ Անիկա կը նմանի [[աւազ]]է ժամացոյցի. ունի երկու լայն եւ մէկ նեղ մաս։ Նեղ մասի եզերքերուն կան լորձաթաղանթի ծալքեր, որոնց մէջ կը գտնվուին կոկորդի մկաններուն ամրացած եւ ձգուած '''ձայնալարեր''', իւրաքանչիւր կողմը երկուքական հատ։ Ձայնալարերուն միջեւ եղած տարածութիւնը կը կոչուի '''ձայնախորշ'''։ Լուռ ժամանակ ձայնախորշը եռանկիւնաձեւ է։ Խօսելու ու երգելու ժամանակ ձայնալարերը կը ձգուին եւ կը մօտենան իրարու։ Արտաշնչուող օդը կոկորդէն դուրս գալու ժամանակ շփուի ձայնալարերուն հետ, տատանուին, թրթռուին, եւ կ'առաջանայ ձայն։ Հետեւաբար դժուար չէ կռահել, որ ձայնը կ'առաջանայ արտաշնչելու ժամանակ։ Յօդաբաշխ խօսքի առաջացման, բացի կոկորդէն կը մասնակցին նաեւ բերանի խոռոչի մասերն ու անդամները՝ փափուկ ու կարծր քիմքը, այտերը, լեզուն, ակռաները, շրթունքները, ինչպէս նաեւ քիթին խոռոչը։
 
Ձայնի բարձրութիւնը կախեալ է ձայնալարերու երկարութենէն եւ անոնց տատանման յաճախութենէն։ Որքան կարճ են ձայնալարերը, այնքան մեծ է տատանման յաճախութիւնը։ Մէկ վայրկեանի մէջ անոնք կրնան տատանուիլ 8-10000 անգամ։ Երեխաներուն ու կանանց կոկորդը փոքր է, ձայնալարերը աւելի կարճ են, ուստի իրենց ձայնը բարձր է։ Երեխաներուն հասունացման զուգընթաց անոնց կոկորդը կը մեծնայ ու ձայնը կը մեղմանայ։ Չափազանց բարձր ձայնն ու ճիչը կրնան առաջացնեքլ ձայնալարերու գերլարում, որուն հետեւանքով ձայնը կը դառնայ խուլ, խռպոտ, նոյնիսկ կրնայ անհետանալ։ Ահա թէ ինչու պետք է պահպանել ձայնալարերը։ Անոնց վրայ բացասաբար կ'ազդեն նաեւ ծխելը, խմիչքը, չափազանց տաք կամ պաղ սնունդը, մսիլը ըւ երկարատեւ խօսակցութիւնը։
 
Սնունդը կուլ տալու ժամանակ կոկորդին մուտքը կը փակուի '''մակկոկորդի''' աճառով, եւ կերակրագնդիկը ըմպանով հանգիստ կը սահի կոկորդի ետեւը գտնուող կերակրափողին մէջ։ Կոկորդը ունի նաեւ պաշտպանական նշանակութիւն։ Անոր մէջ ինկած օտար մարմիններու, սնունդի մասնիկներբւ, փոշեհատիկներու, կազերու ազդեցութենէն կը գրգռուին լորձաթաղանթին մէջ գտնուող ընկալիչները, կ'առաջանայ հազ, ու արտադրուած լորձունքով անոնք կը հեռացուին։[[Պատկեր:Nose_in_cold_weather.gif|մինի|234x234փքս|Ներշնչուած օդը կը տաքնայ ու կը խոնաւնայ քիթի խոռոչի լորձաթաղանթին շնորհիւ, որ հետեւաբար չորնայ ու կը պաղի։ Երբ խոնաւ է, տաք արտաշնչուող օդը թոքերէն կը վերադառնայ քիթի խոռոչ՝ այնտեղ գտնուող չորցած ու պաղած լորձունքը ետ կը վերադարձնէ ջերմութեան մէկ մասը: Շատ ցուրտ եղանակին ետ վերադարձուած ջուրը կրնայ առաջացնել «թաց քիթ»։ I]]
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}