«Անտառ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 2.
{{Արևելահայերեն|Անտառ}}
 
[[Պատկեր:Hellyer Gorge, Tasmania.jpg|աջից|մինի|250px|Արեւադարձային անտառ [[Թասմանիա (նահանգ)|ՏասմանիաՏասմանիայի]]յի մէջ]]
 
'''Անտառը''' [[երկրագունդ]]ի մակերեւոյթի մաս է, որ ծածկուած է [[ծառ]]երով։ Ներկայիս անտառները կը զբաղեցնեն մօտ 38 միլիոն քմ²՝ [[ցամաք]]ի մակերեսի 30% (ամողջ մակերեււյթի 9.4%)։ Այդ անտառային գօտիին կէսը կը պատկանի արեւադարձային անտառներուն, մէկ քառորդը տեղակայուած է հիւսիսային կիսագունդին մէջ։
Տող 14.
Կախուած աշխարհագրական լայնութենէն կը տարբերին՝
 
# Թաց [[արեւադարձային անտառ]]ներ (սելուա, գիլեա, ջունգլիներ)՝ հասարակածային մշտադալար անտառներ, ունին ֆլորայի եւ ֆաունայի մեծ տեսականի։ Մեծ հարկայնութիւնը միայն փոքր քանակութեամբ լոյսը թոյլ կու տայ ներթափանցել ներքին հարկեր։ Բոլոր արեւադարձային անտառներու կէսէն աւելին արդեն ոչնչացած է։ Դասական օրինակ կրնան ըլլալ [[Ամազոն]]իայի, [[Հնդկաստան]]ի եւ [[Կոնգո գետ]]ի աւազանի ջունգլիները։
# Կաատինգա՝ չոր տերեւաթափող արեւադարձային անտառներ (երաշտի ժամանակ տերեւաթափ կ'ըլլան)։
# Աւստրալիոյ էվկալիպտի անտարներ՝ մշտադալար մերձարեւադարձային անտառներ։
# Տերեւաթափուող անտառներ (լայնատերեւ եւ մանրատերեւ). Հիմնականին մէջ կը գտնուին հիւսիսային կիսագունդին մէջ։ Շնորհիւ լոյսի թափանցման՝ կեանքը ներքին հարկերուն մէջ աւելի աղխուժ է։
# [[Տայգա]]՝ փշատերեւ անտառ, ամենատարածուածն է։ Կը նեռարէ [[Սիբիր]]ի, [[Կանադա]]յի, [[Սկանդինավիա]]յի, եւ [[Ալասքա]]յի անտառներու 50%-էն աւելին։ [[Հարաւային Ամերիկա]]յի մէջ, գոյութիւն ունին նաեւ առաուկարիային պուրակներ։ Ֆլորան հիմնականին մէջ, ներկայացուած է մշտադալար փշատերեւ անտառներով եւ [[բույս]]երով։
# Խառը անտառներ՝ անտառներ, որոնց մէջ կ'աճին ինչպէս տերեւային, այնպէս ալ փշատերեւ ծառեր։ Տարածուած է գրեթե ողջ Կեդրոնական եւ Արեւմտեան [[Եւրոպա]]յի մէջ։
 
Տող 25.
Անտառը կը փոխազդէ շրջակայ միջավայրի հետեւեալ բաղադրիփներու հետ՝
 
# [[Արեւային էներգիա]]. Անտառային գոյութեան հիմնական աղբիւրներէն է։ Շնորհիւ [[արև]]ի էներգիայի՝ անտառը կ'իրագործէ [[ֆոտոսինթեզ]]ի գործառոյթը։
# [[Հիդրոսֆերա]]. Անտառը անմիջականօրէն կը մասնակցի բնութեան մէջ ջուրի շրջապտոյտի եւ այդպիսով կը փոխազդէ հիդրոսֆերայի հետ։
# [[Մթնոլորտ]]. Անտառը կը մասնակցի բնութեան մէջ [[թթուածին]]ի շրջապտոյտին ամենաաշխուժ կերպով։ Շնորհիւ անտառի հսկայական ծաւալի՝ մեծ ազդեցութիւն ունի երկրի մթնոլորտի գազաբաղադրութեան վրայ։
# Կենդանական աշխարհ. Անտառը բազմաթիւ կենդանիներու բնակութեան միջավայրն է։ Կենդանիներն իրենց հերթին անտառին մէջ, սանիտարի դեր կը կատարէ։
# [[Մարդ բանական|Մարդ]]. Անտառը հսկայական նշանակութիւն ունի մարդու առողջութեան եւ կենսագործունէութեան համար։ Մարդու կենսագործունէութիւննըիր հերթին կ'ազդէ անտառի վրայ։
# [[Լիտոսֆերա]]. Լիտոսֆերայի վերին շերտերու կազմութիւնը կապվուած է համապատասխան տեղերուն մէջ անտառի աճելու հետ։
 
Տող 44.
 
== Անտառներու Տեսակները ==
* '''Բարեխառն գօտիին ասեղնատերեւ անտառները''' կը տարածուին Եւրասիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի բարեխառն լայնութիւններուն մէջ։ Բարեխառն գօտիին հիւսիսային շրջաններուն մէջ (տունդրայէն հարաւ), ուր օդի ջերմաստիճանը ցած է, կը տարածուին ասեղնատերեւ անտառները, ուր ծառերու ու թուփերու տերեւները վերաճած են ասեղներու (ունի պաշտպանիչ նշանակութիւն) եւ ծածկուած են լաւ զարգացած մեխանիկական հիւսուածքով. ատոնք կը նպաստեն վեգետացիայի շրջանին մէջ, խոնավութեան լրիւ իւրացմանը, իսկ ձմռան ծառերը կը պահպանեն չորացումէն։ Տերեւներու իւրայատուկ ձեւը նեղ սաղարթներու հետ միասին առատ ձյան ծածկոյթէն սաղարթի չկոտրուելու, ինչպէս նաեւ Արեգակի ցած դիրքին մէջ, անոր լոյսը օգտագործելու հարմարանք է։ Մութ ասեղնատերեւ անտառներուն մէջ կը գերիշխեն ստուերասեր ծառատեսակները ([[եղեւնի]], [[սիբիրական սոճի]]), լուսաւոր ասեղնատերեւ անտառներուն մէջ՝ լուսասեր [[կուենի]]ն եւ [[սոճի]]ն։
Մութ ասեղնատերեւ անտառները սովորաբար ունին 2–3 շարահարկ։ Առաջին շարահարկը ծառային է, երկրորդը՝ խոտային, երրորդը՝ մամռային։ Թուփերը կը հանդիպին յատուկենտ եւ ինքնուրոյն շարահարկ չեն կազմեր։ Անտառի թոյլ լուսաւորուածութեան պայմաններուն մէջ, բազմաթիւ բոյսեր կորսնցուցած են քլորոֆիլը եւ անցած են սապրոտրոֆ կեանքի։ Լուսաւոր ասեղնատերեւ անտառներու ծառերը աւելի նոսր դասաւորուած են, ստորին շարահարկերուն մէջ, կը գերիշխեն քարաքոսերը, լոյսի համեմատաբար մեծ ինտենսիւութիւնը կը նպաստի թփուտային շարահարկի զարգացման։
Ասեղնատերեւ անտառներուն մէջ, անողնաշարաւոր կենդանիներու գերակշռող մասը, որոշ կաթնասուններ, երկկենցաղներ եւ սողուններ խստաշունչ ձմրան ժամանակ կ'անցնին պասսիւ վիճակի։ Որոշ կենդանիներու համար բնորոշ են սեզոնային գաղթերը (միգրացիաները)։ Ասեղնատերեւ անտառներուն մէջ, ամբողջ տարին կայ անհրաժեշտ քանակութեամբ թարմ եւ մատչելի կեր։
 
* '''Բարեխառն գօտիին խառը եւ լայնատերեւ անտառները''' կը տարածուին Արեւմտեան Եւրոպայի բարեխառն լայնութիւններու մէջ, Ռուսիոյ եւրոպական մասի միջին եւ հարաւային շրջաններուն մէջ, Ղրիմի, Կովկասի, Ասիայի ներքին ցամաքային շրջաններուն, Հեռաւոր Արեւելքի, [[Սախալին]]ի, Կամչատկայի, Մանջուրիայի, Արեւելեան Չինաստանի, Հիւսիսային Ճափոնի, Հիւսիսային Ամերիկայի մերձատլանտեան նահանգներուն մէջ։ Այս անտառները բնորոշ են բարեխառն գօտիին տաք եւ խոնաւ կլիմայով շրջաններուն։ Ատոնց մէջ զարգացած է փարթամ մեզոֆիլ բուսականութիւնը։ Լայնատերեւ անտառները տերեւածածկ են միայն ամռանը՝ վեգետացիայի համար բարենպաստ ամիսներուն, իսկ աշնան ջերմաստիճանի նուազման հետեւանքով կը տերեւաթափուին եւ ձմրան մերկանին մէջ։ Լայնատերեւ ծառատեսակներ են հաճարենին, կաղնին, շագանակենին, [[հացենի]]ն, լորենին, [[ընկուզենի]]ն եւ այլն։ Այս անտառներուն մէջ, կը հանդիպին նաեւ մանրատերեւ ծառեր՝ կեչի եւ կաղամախի։
Լայնատերեւ ծառերը աչքի կ'իյնան լայն տերեւաթիթեղիկներով, տերեւները ունին վառ կանաչ գոյն, զուրկ են մազածածկէն։ Ծառերու բներն ու ճիւղերը ծածկուած են հաստ կեղեւով, իսկ [[բողբոջներ|բողբոջ]]ները՝ը՝ ամուր իրար վրայ նստած թեփուկներով։ Այս առանձնայատկութիւնները ձմրան՝ կը նուազեցնեն գոլորշիացման ինտենսիւութիւնը։
Ի տարբերութիւն ասեղնատերեւաւորներու՝ լայնատերեւ անտառները աչքի կ'իյնան լաւ զարգացած (2 ծառային, 2 թփուտային եւ մի քանի խոտային) շարահարկայնութեամբ, հարուստ ենթանտառով եւ խոտածածկոյթով։ Լայնատերեւ անտառներու կենդանական աշխարհը հարուստ է եւ բազմազան։
 
* '''Մերձարևադարձային չորասեր անտառները''' կը տարածուին միջերկրածովային կլիմայով շրջաններուն մէջ՝ Միջերկրական ծովու ափերուն, Ղրիմի թերակղզու հարաւին մէջ, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ՝ Գալիֆոռնիա թերակղզիին մէջ, [[Աւստրալիա]]յի հարաւարեւմտեան շրջաններուն մէջ, Ափրիկէի հարաւային մասին մէջ՝ Կարպի մարզին մէջ։ Ամառը այստեղ շոգ է եւ չոր, իսկ ձմեռը՝ տաք։ Այստեղ կը զարգանան կոշտատերեւ անտառները։ Չորային պայմաններուն հարմարուելու հետեւանքով բոյսերը ձեռք բերած են քսերոմորֆ կառուցուածք։ Տերեւները կոշտ են, կաշեկերպ, ունին լաւ զարգացած մեխանիկական հիւսուածքներ։ Արեգակի ճառագայթներու ազդեցութիւնը մեղմացնելու համար տերեւները սովորաբար թեք կը դասաւորուին Արեգակի ճառագայթներու նկատմամբ։ Կան այնպիսի բուսատեսակներ, որոնց տերեւները հետաճած են, եւ [[լուսասինթեզ]]ը կը կատարուի կանաչ ցողուններու միջոցով։ Որոշ բոյսեր ամբողջ տարուան ընթացքին կը շարունակեն իրենց վեգետացիան, մշտադալար են։ Այս անտառները կազմուած են 2, երբեմն՝ 1 ծառային, 1 թփուտային եւ խոտային շարահարկերէն։ Մամռաքարաքոսային շարահարկը թոյլ արտայայտուած է։
* '''Մերձարեւադարձային խոնաւ անտառները''' կը տարածուին գօտիին, առաւել խոնաւ շրջաններուն մէջ՝ [[Հիւսիսային Ամերիկա]]յի մէջ, (հարաւային մերձափնեայ շրջաններուն եւ [[Ֆլորիդա]]յի մէջ), Ճափոնի, Նոր Զելանդիայի, Հիմալայներու հարաւային լանջերուն, Այսրկովկասի մէջ։ Հիմնականին մէջ, կազմուած են երկշաքիլաւոր բոյսերէն, երբեմն կը հանդիպին նաեւ ասեղնատերեւ ծառեր։ [[Ծառեր]]ու տերեւները օժտուած են մեծ տերեւաթիթեղներով, կը փայլին, կաշեկերպ, ձուաձեւ, ունին վառ կանաչ գոյն, մեծ միջբջջային տարածութիւններ եւ զուրկ են թաւոտութենէն։ Արեգակի ճառագայթներու նկատմամբ միշտ կը դասաւորուին ուղղահայաց։
Այս անտառներու բարենպաստ պայմանները՝ մեղմ [[ձմեռ]]ները, տաք հողերը, կերային բարձր արժէք ունեցող սերմերու ու պտուղներու առատութիւնը, նպաստսծ են հողին եւ անտառային թաղիքին մէջ, բնակող անողնաշարաւորներու ու վերգետնեայ կեանք վարող շարք մը բուսակեր կենդանիներու բազմազանութեան։
 
* '''Արեւադարձային փշոտ չորասեր նոսրանտառները''' բնորոշ են մերձհասարակածային գօտիին։ Ատոնք կը տարածուին [[Ափրիկէ]]ի, [[Հարաւային Ամերիկա]]յի եւ Աւստրալիոյ մէջ. կազմուած են ցածրահասակ ծառերէն եւ թուփերէն, որոնք չորային ժամանակաշրջանին կը տերեւաթափուին։ Կան նաեւ մշտադալար տեսակներ։ Այստեղ ծառերը եւ թիւփերը նոսր դասաւորուած են, ունին ծռմռուած բուն։ Երբեմն կը հանդիպին շշաձեւ ծառեր, որոնք ունին հաստ բուն, ուր ջուր կը պաշարեն։ Այս անտառներուն բնորոշ է փշոտ, ամուր բնափայտ ունեցող ծառերու առատութիւնը, որուն համար ատոնց յաճախ կ'անուանեն կացնակոտրուկ (կեբրաչո)։
Չորային ժամանակաշրջանին, չորասեր նոսրանտառներու կենդանիներու գերակշռող մեծամասնութիւնը չի բազմանիր. անողնաշարաւորները ու երկկենցաղները քուն կը մտնեն իրենց թաքստոցներու մէջ, որոշ կենդանիներ կեր կը պաշարեն անբարենպաստ շրջանի համար, իսկ մասն մըն ալ կը քոչէ եւ կը կեդրոնանայ գօտիին այն ոչ մեծ տարածքներուն մէջ, ուր առկայ են իրենց գոյութեան համար բարենպաստ պայմաններ։
Չորասեր նոսրանտառները աւելի խոնաւ շրջաններուն մէջ, կը փոխարիուին արեւադարձային տերեւաթափ անտառներով։ Չորային ժամանակաշրջանին մէջ, սովորաբար կը տերեւաթափուին միայն վերին շարահարկի ծառերը, երկրորդ շարահարկինը մշտադալար են։ Այս անտառներուն մէջ, կը գերակշռեն ցածրահասակ ծառերը։ Առատ տեղումներով շրջաններուն մէջ, կը տարածուին արեւադարձային կիսամշտադալար անտառները, ուր վատ արտայայտուած է շարահարկայնութիւնը. թփուտային շարահարկը հիմնականին մէջ, կը բացակայի։ Այս անտառները կը տարածուին Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ, [[Հնդկաստան]]ի, [[Հնդկաչին]]ի, [[Հարաւային Ամերիկա]]յի, [[Ափրիկէ]]ի մէջ։
 
* '''Խոնաւ մշտադալար արեւադարձային «անձրեւային» անտառը''' բուսականութեան ուրոյն տիպ է, որուն գոյութիւնը կապուած է առաւել բարենպաստ բնակլիմայական պայմաններու հետ։ Ատոնք կը տարածուին տաք եւ խոնաւ շրջաններուն մէջ, ուր այս 2 գործոնները տարուան ընթացքին հաւասարաչափ կը բաշխուին։ Այս անտառները անընդհատ գօտի չեն կազմեր, որովհետեւ անտառներով զբաղած հարթավայրերը կ'ընդհատուին բարձրավանդակներով եւ լեռներով։ Խոնաւ արեւադարձային անտառները կը տարածուին Հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ [[Ամազոն]] գետի աւազանին մէջ, Կեդրոնական Ամերիկայի արեւելեան ափերուն, Ափրիկէի՝ Գոնկօ գետի աւազանին մէջ եւ [[Գվինեական ծոց]]ի մերձափնեայ շրջաններուն մէջ, Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ, Ֆիլիպինեան կղզիներու հարաւային մասերուն, [[Շրի Լանկա]]յի հարաւարեւմտյեան մասին եւ Մալակա թերակղզիին մէջ։
Խոնաւ արեւադարձային անտառներու ծառերը եւ թուփերը աչքի կ'իյնան իրենց իւրայատուկ տերեւներով։ Ատոնք մեծ են, կոշտ, կաշեկերպ եւ կը պարունակ են մեծ քանակութեամբ կայծքարահող, էլիպսաձեւ են, տերըւաթիթեղի վերին մակերեսը հարթ է եւ փայլուն, իսկ ստորինը երբեմն՝ թաւոտ։ Փայլուն մակերեսը ունի պաշտպանական նշանակութիւն. կ'անդրադարձնէ արեւի [[Ճառագայթոմ|ճառագայթներճառագայթները]]ը եւ նպաստում տերեւներու վրայէն անձրեւի կաթիլներու արագ արտահոսքին։
Խոնաւ արեւադարձային անտառները հարուստ են ծառերու բուներու վրայ բնակող բոյսերով՝ էպիֆիտներով, եւ աչքի կ'իյնան կենդանիներու բազմազանութեամբ։
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Անտառ» էջէն