«Օլիվիա Վ. Պալեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 28.
}}
 
[[Օլիվիա Վ. Պալեան]] (ծնած 22 Սեպտեմբեր [[1927 թուական|1927]]-ին, [[Պէյրութ]], մահացաւ 15 Սեպտեմբեր 2017-ին Պէյրութ, Պուրճ Համուտի հայկական տարեցներու տունը (ՔԱՀԼ) ) հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ազգային գործիչ Վահան Պալեանի (եղբայրը` Հայկ Պալեանի` «[[Ազդակ (օրաթերթ)|Ազդակ]]» թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր) եւ Սալմա Ղոսն Սաուայայի զաւակն էր: Ան իր 39 տարիներու անխոնջ ծառայութեամբ` հայ ազգի մատղաշ սերունդին դաստիարակութեան մէջ, անշահախնդիր եւ իմաստուն նուիրումով` ուսուցչական ասպարէզին մէջ, եղաւ տիպար օրինակ` իր գործակիցներուն եւ ներշնչման աղբիւր՝ աշակերտներուն, փաստ` շրջապատին, պաշտօնակիցիներուն եւ անթիւ աշակերտներուն վկայութիւնները: Լ.Օ.Խ-ի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անդամ:
 
== Կրթութիւն ==
Ան[[Օլիվիա Վ. Պալեան]] իր նախնական ուսումը ստացած է Էշրեֆիէի Սուրբ Յակոբ դպրոցին մէջ, իսկ երկրորդականի վկայականը` Աղջկանց ամերիկեան դպրոցէն, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ դիմաց, պետական երաժշտանոցին կից (այժմ փակուած): Ապա 1946-ին ստացած է իր Ասոշիյէթ տիկրին` մասնագիտանալով անգլերէն լեզուի դասաւանդութեան մէջ, Ճիւնիյոր քոլեճէն (վերջը կոչուած` Պէյրութ քոլեճ ֆոր վումըն, իսկ ներկայիս Էլ. Էյ. Եու):
 
== Ուսուցչական ասպարէզ ==
Շրջանաւարտ ըլլալէն անմիջապէս ետք [[Օլիվիա Վ. Պալեան]] կը սկսի իր ուսուցչական ասպարէզը Սուրբ Նշան վարժարանին մէջ եւ տարի մը ետք` 1947-ի հոկտեմբերին, հօրը (Ս. Յակոբ դպրոցին հոգաբարձութեան ատենապետ) պնդումին վրայ` թէ Սուրբ Յակոբ դպրոցը իր ուսուցչական ձիրքերուն պէտք ունի, ան ստիպուած կը միանայ իր մայր դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ գոհունակ սրտով եւ մեծ նուիրումով կը ծառայէ մինչեւ 1964: Նոյն տարին ան կը կորսնցնէ իր հայրը:
 
{{քաղուածք|օրուան առաջնորդը` Տաճատ սրբազանը կը մօտենայ Օլիվիային եւ կ՛ըսէ. «Աղջի՛կս, քու բարձրորակ պատրաստութեամբդ դուն պէտք է երկրորդականի մէջ դասաւանդես, եւ մենք կ՛առաջարկենք, որ դուն ձգես Չաթալպաշեանը (նախկին Ս. Յ. դպրոց) եւ միանաս նորաստեղծ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանին` իբրեւ անգլերէնի ուսուցչուհի, օգտակար դառնալու Պուրճ Համուտի նորահաս սերունդին:[http://www.aztagdaily.com/archives/370047?hilite=%27%D5%B5%D5%A1%D5%AF%D5%B8%D5%A2%27%2C%27%D5%BA%D5%A1%D5%AC%D5%A5%D5%A1%D5%B6%27Աննման Ուսուցչուհին Եւ Անմոռանալի Դաստիարակը` Օլիվիա Վ. Պալեան]
|Առաջնորդը` Տաճատ սրբազան}}
 
[[Օլիվիա Վ. Պալեան]] չէր կրնար մերժել այս տեսակ առաջարկ մը, եւ ան շուտով գործի կ՛անցնի նորանշանակ տնօրէն Կարօ Պետրոսեանին հետ, եւ ձեռք ձեռքի տուած` կը սկսին դպրոցին կահաւորումին, որպէսզի պատրաստ ըլլայ վերամուտին:
 
[[Օլիվիա Վ. Պալեան]], անգլերէն լեզուի դասաւանդութեան կողքին, նաեւ կը սկսի նկարչութեան դաս տալ: Ան յատուկ տաղանդ ունէր արուեստի, մանաւանդ ձեռագործ, ասեղնագործ եւ կաւի ամաններու վրայ գծագրութեան մէջ: Ան նաեւ իր նկարչութեան տաղանդը զարգացուցած է` շնորհիւ իր ազգականներէն մէկուն, որ Ամերիկայէն գալով` կ՛այցելէ իրենց, իրեն նուէր կը բերէ տրցակ մը «Painting by Numbers», նկարչութիւն` թիւերով: