«Ս․ Սարգիս (տօն)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: վախճանի → մահուան using AWB
Տող 57.
*Ուրբաթ օրը մարդիկ կը սկսէին թաթախման` պահքը բանալու նախապատրաստական աշխատանքները: Մեղրաջուրով կամ շաքարաջուրով փոխինդ կը շաղէին, ընտանիքին անդամներուն թիւով գունդներու կը բաժնէին եւ երեկոյեան պահքը կը բանային այդ գունդերով:
Սակայն ծոմ պահած երիտասարդները չէին ուտեր այդ փոխինդէն. անոնք այդ երեկոյ աղի կրկնեփ կ'ուտէին, որպէսզի տեսնէին, թէ երազին մէջ իրենց ո՞վ ջուր պիտի տար: Աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՛վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՞ գաւաթով, որքա՞ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր, փայտեայ գաւաթը` աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը կանխագուշակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք եւ այլն…
* Հայոց մէջ տարածուած սովորոյթ էր՝ Ս. Սարգիսին նուիրուած պահքի վերջին Շաբաթ օրուան գիշերը ([[Փետրուար]]ին)՝ բակերը, տանիքներն ու պատշգամները ամաններու մէջ լեցուած [[ալիւր]] դնել, որուն վրայ Սուրբը իբր թէ կը դրոշմէրդրօշմէր իր ձիուն սմբակին կամ պայտին հետքը (կը համարուէր բարիքի, երջանկութեան խորհրդանշան)։
*Ըստ աւանդութեան, ան հրեշտակներու ուղեկցութեամբ կ'անցնէր, եւ որու որ ափսէին մէջ դրուած ալիւրին վրայ իր սպիտակ ձիու պայտին հետքը ձգէր (մաքրութեան եւ անաղարտութեան խորհրդանիշ), այդ տարի կ'իրականանային երիտասարդին երազները։
*Կար ուրիշ սովորութիւն մըն ալ. ծոմ պահողները իրենց փոխինդէն կտոր մը կը դնէին տան տանիքը եւ կը հետեւէին, թէ այդ կտորը կտցող թռչունները ո՛ր կողմ կը թռչէին, այդ կողմէն ալ կը սպասէին իրենց ապագայ ամուսինը կամ կինը: