«Խորհրդանիշ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1.
'''Խորհրդանիշ''' կամ '''խորհրդանշան''' ({{lang-el|simbole}} բառէն, որ կը նշանակէ նշան կամ երկու սկիզբներու միացում)՝ որեւէ առարկայի, կենդանիի կամ երեւոյթի պատկերը կամ նշանը, որուն միջոցով կը մատնանշուի այդ առարկային կամ երեւոյթին յատկանիշը. որոշակի հասկացութիւններու, գաղափարներու կամ երեւոյթներու պայմանական նշան։
 
== Ընդհանուր բնութագիր ==
Տող 5.
 
Մարդու կողմէ ստեղծուած եւ ընդունուած խօսքային եւ ոչ խօսքային նշանները ժամանակի եւ տարածութեան մէջ կը կրեն այս կամ այն տեղեկոյթը, իսկ խորհրդանշանները իրենց պատկերին մէջ կը ներառեն մարդկութեան յիշողութիւնը, իմաստնութիւնը։
[[Պատկեր:Symbols of Religions.JPG|մինի|171x171փքս|'''Կրօնական Խորհրդանիշներ''']]
Հինէն ի վեր խորհրդանիշը ստեղծուած է ոչ թէ տեղեկատուութեան, այլ հոգեւոր արժէքներ փոխանցելու համար։ Այդ արժէքները վաղնջական ժամանակներուն խորհրդանիշներու պատկերներով ծածկագրած էին, որոնք կը քօղարկուէին հասարակ մարդոց կողմէ, թէեւ քանի դեռ չկար գիրը, այդ բանաւոր եւ բարդ իմացաբանութիւնը իրապէս հասու չէր կրնար ըլլալ հաւասարապէս բոլորին, ուստի խորհրդանշանի խորքային իմաստին կը տիրապետէին իմաստունները, մոգերը, կրօնական, արքունական դասի մարդիկ, իսկ մնացած մասը այն կ՛ընկալէր միայն արտաքին յատկանիշներով։
 
Ներկայիս կարենալ «ընթերցել» խորհրդանիշը կը նշանակէ գաղտնազերծել այն հասկացութիւնը, որ դարերու ընթացքին ներծծուած է մարդոց բազմաթիւ սերունդներու յիշողութեամբ, զգացմունքներով եւ կենսափորձով։ Խորհրդանշանը կ՛իմաստաւորուի եւ կը գոյատեւէ խմբային տեսադաշտին մէջ՝ մէկ խումբի, մէկ տոհմի, ազգի, [[պետութիւն|պետութեան]] կամ աւելի ընդգրկուն հանրութեան համար։
[[Պատկեր:Astro signos.svg|մինի|200px]]
Օրինակ գոյներու խորհրդակարգին մէջ [[սեւ]]ը [[Ճափոն]]ի մէջ կը համարուէր ուրախութիւն, ամերիկեան հնդիկներու համար՝ գիշեր, օրուան կարմիր գոյնի հակադրութիւն, [[պուտտայականութիւն|պուտտայականներուն]] համար՝ կապանքներ, չինացիներիու համար՝ հիւսիս, ձմեռ, [[քրիստոնէութիւն|քրիստոնեաներուն]] համար՝ վիշտ, ժխտում, եգիպտացիներուն համար՝ վերածնունդ, պտղաբերութիւն, հրեաներուն համար՝ հասկացողութիւն, արքայութիւն, հնդիկներուն համար՝ զգայական եւ դէպի վար ուղղուած շարժում, ժամանակ, մայաներուն համար՝ թշնամիի մահ, [[իսլամութիւն|իսլամութեան]] մէջ՝ հատուցում։
 
== Պատմութիւն ==
Հայ մշակոյթին մէջ «խորհրդանշան» հասկացութիւնը, ինչպէս յունական փիլիսոփայութեան մէջ, սկզբնական շրջանին գործածուած է նշանի իմաստով։
 
Տող 26 ⟶ 28՝
* [http://www.newacropol.ru/Alexandria/symbols/ Խորհրդանշաններ /ռուսերէն/]
{{Արտաքին յղումներ}}
 
[[Ստորոգութիւն:Խորհրդանիշներ]]