«Այնճար» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
Տող 10.
Ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնները, գործադրելով Ազգաց Դաշնակցութեան Գաղթականաց Յանձնախումբին որոշումը` կը գնեն այն հողամասը, ուր մուսալեռցիք պիտի հաստատուէին:
 
1928-ին, պետութեան կողմէ նշանակուած կալուածներու յատուկ յանձնախումբ մը, կը չափագրէ լրիւ հողատարածքները Այնճարի մէջ եւ զանոնք կը բաժնէ երկու տարածքներու՝ քարտէս թիւ 1 եւ 2, ու կը հաստատէ Ռուճտի Պէկին եւ իր մօր սեփականատիրութիւնը: [[19 Օգոստոս]] [[1939]]-ին, ֆրանսական իշխանութեանց թիւ 176 որոշումով, Այնճարի լրիւ հողատարածքը կը սեփականացուի Ֆրանսական հոգատար իշխանութեանց կողմէ եւ կ'արձանագրուի Ֆրանսական կառավարութեան անունով: Սեփականատէրերուն կը վճարուի 410.000 ֆրանք, որ կը հայթայթուի Ֆրանսական կառավարութեան, [[«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւն|«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան]] եւ կարգ մը մեծահարուստ հայերու կողմէ եւ այս մէկը ընդհանուրին շահին համար, ինչպէս արձանագրուած է յիշեալ որոշումին մէջ:մէջ։ Որոշումին մէջ արձանագրուած է նաեւ թէ Այնճարը կը տրամադրուի [[Ալէքսանտրէթ]]ի հայ գաղթականներուն:
 
1944-1945-ին, մեծ թիւով հողամասերու կալուածագիրեր կը տրուին մուսալեռցիներուն (պետութեան կողմէ՝ իրաւապէս հաստատելով իրենց իրաւունքը այս հողամասերուն վրայ): Լիբանանի անկախութենէն ետք, Այնճարի այն հողերը, որոնց կալուածագիր չէր տրամադրուած տակաւին, մնացին ֆրանսական հոգատար իշխանութեանց անունին, մինչեւ 1956 թուականը: 21 Փետրուար 1956-ին Այնճարի կալուծագիր չունեցող հողատարածքները, կը փոխանցուին Լիբանանեան իշխանութեանց, որպէսզի արձանագրեն զանոնք՝ բոլոր անոնց անունին, որոնք կը հաստատեն իրենց իրաւունքը Ալեքսանտրէթի հայ գաղթականներէն: Հոս պէտք է արձանագրել, որ [[Լիբանան|Լիբանանեան իշխանութիւնները]] չեն գնած Այնճարի հողատարածքը եւ չեն վճարած անոր փոխարժէքը, ուստի եւ այս հողերուն իրաւատէրը մուսալեռցիներն են՝ Ալէքսանտրէթի հայ գաղթականները:
Տող 37.
Այնճարը իր զարգացման ընթացքին մէջ էր, երբ [[Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմ|Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը]] սկսաւ եւ կը կասեցնէ գրեթէ ամէն բան: Երկիրը կը մտնէ ընդհանուր խառնակ ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ երկար տարիներ պիտի շարունակուէր:
 
Խորհուրդի անդամներու թիւը ժամանակի ընթացքին կը նուազի (մահերու պատճառով) եւ անոր գործունէութիւնը կը տկարանայ: Հակառակ ասոր, սակայն, քաղաքապետութիւնը կը գործէ իր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ:մէջ։ 80-ականներուն, քաղաքապետի պաշտօնը կը վարեն յաջորդաբար Մկրտիչ Քէնտիրճեան եւ Գաբրիէլ Հաւաթեան: Այս տարիներուն խորհուրդի աշխատանքներուն կ՛օժանդակեն նաեւ ոչ անդամ հայրենակիցներ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր լեռ» Կոմիտէի կարգադրութեամբ՝ միշտ ի նպաստ գիւղի յառաջդիմութեան:
 
1991-էն ետք գիւղը կը թեւակոխէ բարգաւաճման նոր ժամանակաշրջան մը. ըմպելի ջուրին ցանցը լրիւ կը փոխուի, նոր ջրամբար մը կը կառուցուի, ճամբաները կ՛ընդարձակուին, պարտէզներու շրջանին մէջ նոր ճամբաներ կ'ասֆալթապատուին, կոյուղիներու ծրագիրը կը գործադրուի, գիւղի մայր պողոտան կը կառուցուի արդիական ոճով, ամբողջ գիւղը կը լուսաւորուի:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Այնճար» էջէն