«Արամ Հայկազ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Արտաքին յղումներ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (2) using AWB
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
Տող 5.
 
== Կենսագրութիւն ==
Բուն անունով Արամ Չեքենեան։ Ծնած է [[Շապին Գարահիսար]]։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Ազգային վարժարանին մէջ։ 1915-ի Ամրան, երբ թուրքական զօրքը արդէն մօտեցած էր իրենց քաղաքին, 5000 հայեր այրելով իրենց տուներն ու դաշտերը կը բարձրանան լեռ, որու գագաթին հռովմէական հին բերդի մը մնացորդները կային։ Ասիկա յայտնի է Շապին Գարահիսարի ապստամբութիւն անունով։ Արամ Հայկազ ինք եւս մասնակցած է [[1915]]-ի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, որ հետագային նկարագրած է «Շապին Գարահիսար Եւ Իր Հերոսամարտը» գործին մէջ ([[1957]])։ Մայրն (Իւղաբեր) <ref>[http://asbarez.com/arm/45142/ Գրող Արամ Հայկազ Հայաստան Վերադարձաւ]</ref> ու քոյրերը, օսմանցի թուրքերու կողմէ հայերու դէմ հալածանքին զոհերէն, բռնի կերպով իրենց բնօրրանէն կ'աքսորուին դէպի սուրիական անապատը: Սովահար եւ ընչազուրկ` անոնք կը հասնին գիւղ մը, ուր կը հանդիպին հայերու, որոնք [[իսլամութիւն]]ը ընդունելէ ետք կ'աշխատէին թուրքերու տուներուն մէջ:մէջ։ Ընդառաջելով իր մօր խնդրանքներուն` փոքրիկն Հայկազ եւս հաւատափոխ կը դառնայ: Յաջորդող չորս տարիներուն ան կ'ապրի քրտական ցեղախումբերու մօտ` ոչխարներ արածելով, բերքը հաւաքելով եւ հաւերը կերակրելով: Քիւրտ ընտանիքներու անմիջական հարեւանութեամբ ապրելով` ան կը սորվի անոնց սովորութիւնները, գաղտնիքները եւ խորամանկութեամբ` խոցելի կէտերը: Չորս տարի ետք կը յաջողի դուրս գալ Փոքր Ասիայէն: [[1919]]-ին կը փախչի Պոլիս եւ կ'ապաստանի Պոլսոյ որբանոցին մէջ, իսկ մէկ տարի ետք վերջնականապէս կը հաստատուի [[Նիւ Եորք]]։
 
== Գրական վաստակ ==
21 տարեկանին [[Ամերիկայի Միացյալ Նահանգներ|Ամերիկա]] գաղթելով կը սկսի գրել եւ հրապարակել իր յուշերը ջարդերուն մասին, որոնց զոհ գացած էին իր հայրն (Արսէն) ու եղբայրները (որոնցմէ իրմէ երկու տարի մեծ եղբօր՝ Հայկազին անունը ժառանգած է իբրեւեւ իր գրական անունը), եւ իր փորձառութիւնները գրի կ'առնէ կարճ պատմութիւններու մէջ, որոնք լոյս կը տեսնեն «Տը Արմինիըն Ռիվիու»<ref>[http://armenianreview.org/ The Armenian Review ]</ref>-ի մէջ:մէջ։ Անոնցմէ մէկ քանին կը ներառէ յուշագրութեան մը մէջ, որ կը հրատարակուի հայերէնով` [[1972]]-ին, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» վերնագիրով: Այս գիրքը իր աղջկան` Այրիս Չեքենեանի կողմէ ամփոփուած ու խմբագրուած է եւ թարգմանուած` անգլերէնի (2015)։
 
Գրած է պատմուածքներ, նորավէպեր եւ վիպակներ։ Զուարթախոհութեան զգացումը (հիւմըր), որ տիրապետող է իր պատմուածքներուն մէջ, նոր եւ թարմ շունչ մըն էր սփիւռքահայ գրականութեան մէջ։ Ան ունի իւրայատուկ թախծաշեշտ լաւատեսութիւն, լուսավճիտ բարութիւն եւ զուարթախոհ դատողութիւն:Անոր գրականութիւնը կը պատմէ շարունակուող կեանքը, հոն կայ կեանքի աւիշը… Համեստութիւնը սրամտութեամբ կը դիմագրաւէ ան: Կեանքէն վրէժ լուծելու թափով գրած է ան:Անոր տիպարներուն ընդմէջէն կը նկատենք մարդը, հա՛յ մարդը: