«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ using AWB
Տող 16.
[[Կոմիտաս Վարդապետ|Կոմիտաս]]ի սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «''Կոմիտաս Սանուց Միութիւն''»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը: Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն` «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներգի եւ խմբերգի համար:
 
Կոմիտասի սաները [[Փարիզ]] կը ղրկուին իրենց ուսումը կատարելագործելու համար։ Կանաչեան 1921-ին կը մեկնի ֆրանսական մայրաքաղաքը, ուր կը հետեւի երաժշտական բարձրագոյն ուսման հետեւելով [[Ռընէ Լընորման]]ի դասընթացքներուն։ Կանաչեան Փարիզէն կ՚անցնի [[Եգիպտոս]], ուր համերգներ կու տայ: Հոն կը գրէ «Տալիլօ»ն: Երաժշտական գործունէութիւն ունեցած է նաեւ Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան մէջ:մէջ։ 1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Համերգային ելոյթներով կը շրջի Դամասկոս, Թրիփոլի, Զահլէ, Լաթաքիա, Ալեքսանտրէթ, Հալէպ եւայլն:
 
Կանաչեան երկար տարիներ մանկավարժ,երգի ուսուցիչ ու խմբավար եղած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի մէջ։ Ան իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրած է հայ երաժշտութեան, տարածելով կոմիտասեան սկզբունքները, իր արժանաւոր տեղը գտնելով երաժշտութեան գանձարանէն ներս: Ստեղծագործած է խմբերգեր ու մեներգեր: Կատարած է նաեւ ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերու մշակումներ, յօրինած է մանկական երգեր ու դաշնամուրային գործեր:
Տող 37.
 
{{DEFAULTSORT:Կանաչեան, Բարսեղ}}
 
[[Ստորոգութիւն:17 Ապրիլի ծնածներ]]
[[Ստորոգութիւն:21 Մայիսի մահացածներ]]