«Գուրգէն Պաղտասար Մալեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ using AWB
Տող 29.
1898 թուականի Հոկտեմբերին, Բաբշէնի նշանաւոր կռիւէն ետք, Սերոբ Աղբիւր իր ընտանիքով կը հաստատուի Սասուն: Յեղափոխական կազմակերպութիւններու քայքայման վտանգը կը ստիպէ Գուրգէնը, որ վերադառնայ Պիթլիս: 1899-ի սկզբին տակաւին Պիթլիս չգացած, Գուրգէն ֆետայի միւս ընկերներուն հետ երկար վէճերէ ետք կը վճռէ իր որոշումը ըսելով՝ {{քաղվածք|Ես քանի մը օրէն կը հեռանամ Տարօնէն եւ Սասնայ երկրէն: Մեռնիլ կայ՝ ապրիլ կայ, ես իմ մտածումներս ձեզի ըսեմ, միտքերնիդ պահեցէք եւ գործադրեցէք: Տարօնի, Սասնայ երկիրներու հայրեը լաւ հայեր են, յեղափոխական են, մէկ լուցկի վառես, անոնք վառոդի նման կը պայթին եւ օսմանցու թախթը կը խախտեն: Բայց այդ բանը պէտք չէ ընել,... մինչեւ որ Պիթլիսի շրջանն ալ ձեզի պէս հաւատացեալ եւ կազմակերպուած ըլլայ: Ձեզի չորս բան չէտք է՝ համբերութիւն, խաղաղութիւն, ուսում եւ պատրաստութիւն:|}}
 
Գուրգէնի երազանքը չիրականացաւ: Պիթլիս մեկնելէն առաջ, 1899 Ապրիլին, ան կ'իջնէ Մուշ քաղաք, ուր կազմակերպչական աշխատանքներ տանելէ ետք, կ'անցնի Ցրոնք գիւղ: Լրտեսները լուր կը հասցնեն Պիթլիսի կուսակալին, որ Ալայ պէյի եւ Մշեցի Տալիպ էֆէնտիի 1000-ի չափ զինուորներով կը հասնի Ցրոնք, իսկ Գուրգէգնը իր ընկերներով կ'անցնի մարագի մը մէջ:մէջ։ Զօրքը կը պաշարէ մարագը. Գուրգէնը ընկերներուն կ'առաջարկէ իբրեւ «վերջին խրախոյս» երգ մը սկսին: Եւ այդպէս, գնդակներու սուլոցին կը միանայ ֆետայական ռազմերգը՝ «Կռուեցէ՛ք տղերք, կռուեցէ՛ք քաջ-քաջ, ահա քիւրտերը փախչին սարսափած»:
 
Մշեցի Տիգրանը, Տալիպ էֆենտիին դրացի ըլլալով, կը ճանչնայ զինք անոր ձայնէն, եւ մարագին դիմացի տան տանիքէն անկենդան գետին կը բռէ հրահանգներ արձակող էֆենտին:
Տող 39.
 
{{DEFAULTSORT:Մալեան, Գուրգէն}}
 
[[Ստորոգութիւն:Հայ ֆետայիներ]]