«Որկոր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Աղբիւրներ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: using AWB
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (4) using AWB
Տող 16.
 
* Սննդանիւթերու խոշոր պատարիկներու հետեւանքով խցում.
* Որկորի ընդոծին թաղանթ-մաշկ (web): Ան բարակ մաշկ մըն է, որ կը պատահի որկորի որեւէ մէկ բաժինին մէջ:մէջ։ Ան կրնայ ըլլալ պզտիկ, մեծ եւ մէկէ աւելի: Այս ընդոծին անբնական կացութեան պատճառով նորածինը չի կրնար կլլել խմած կաթը եւ շարունակ կը փսխէ: Շտապ վիրաբուժական գործողութիւն մը կը դառնայ պարտաւորիչ:
* Որկորի լաւորակ-ոչ վտանգաւոր եւ վատորակ-խլիրդ ուռերով խցում: Այս ուռերու դարմանումը կ'ըլլայ ընդհանրապէս վիրաբուժական գործողութեամբ:
* Սրտի մայր զարկերակի (aorta) աղեղի (arch) ճնշումով մասնակի խցում:
* Թոքային մեծ խլիրդային ուռերու ճնշումով մասնակի խցում.
* Որկորի ընդոծին նեղացում (constriction, stricture), որ կը տեսնուի ընդհանրապէս որկորի վարի բաժինին մէջ:մէջ։ Որեւէ մէկ պատճառով պատահած որկորի խցումը շուտով պէտք է վերացուի, որպէսզի ենթական կարենայ բնականօրէն ուտել եւ խմել:
 
==== Որկորի ծոցիկներ (diverticulum) ====
Ասոնք որկորի պատերուն վրայ տեսնուած մեծ ու պզտիկ բոսիկներ են, որոնք կրնան յայտնուիլ որկորի որեւէ մէկ բաժինին մէջ, բայց մասնաւորաբար անոր վերի մէկ երրորդ բաժինին մէջ:մէջ։ Անոնք կը յառաջացնեն կլլելու դժուարութիւն, չմարսուած սննդանիւթերու յետադարձութիւն (reflux) դէպի ենթաըմբան եւ բերան, ինչպէս նաեւ անախորժ հոտի եւ համի զգացում: Մեծ ծոցիկները նշմարելի կ'ըլլան բժշկական քննութեան ընթացքին պարզապէս՝ շօշափելով հիւանդին վիզը: Որկորի ծոցիկները կը վերանան վիրաբուժական գործողութեամբ:
 
==== Թունաւոր հեղուկներով որկորի այրուածք ====
Տող 34.
 
==== Մեծ կտորներ ====
Խոշոր պատարի մը-գունդի մը (lump) եւ կամ օտար մարմինի մը գոյութեան զգացումը որկորի վերին բաժնին մէջ:մէջ։ Այս կը պատահի առաւելաբար ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն եւ հոգեբանական որոշ խանգարումներ ունեցողներուն մօտ: Այս հիւանդագին երեւոյթը կը բուժուի վիրաբոյժի մը եւ կամ հոգեբոյժի մը կողմէ:
 
==== Ճողուածք ====
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Որկոր» էջէն