«Սերոբ Աղբիւր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (5) using AWB
Տող 19.
 
== Արտասահմանի մէջ ==
Թրքական իշխանութիւններու դատաստանէն խուսափելու համար, 1891-ին, Սերոբ գաղտնի կ'ուղարկեն Պոլիս: Քանի մը ամիս Պոլսոյ մէջ անցընելէ ետք, Սերոբ կը տեղափոխուի Ռումանիոյ [[Սուլինա]] քաղաքը, ուր բնակութիւն հաստատած էին Հայաստանի տարբեր շրջաններէն տարագրուած պանդուխտ հայեր: Հայրենակիցներու օգնութեամբ Սուլինիոյ մէջ կը բանայ փոքրիկ սրճարան մը, որ կը դառնայ պանդխտութեան գիրկն ինկած տեղի հայութեան մշտական հաւաքատեղին: Սերոբի ապագայ գործունէութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն կը գործէ [[Հրայր դժոխք|Հրայր Դժոխքը]], որ այդ օրերուն կը գտնուէր Սուլինա քաղաքին մէջ:մէջ։ Հրայրի կոչը նոր ուժով կը բորբոքեցնէ դեռ պատանեկան տարիներուն ազատագրական պայքարի գաղափարներու հաղորդակից Սերոբը:
 
1893-ի վերջին, հայրենիք մեկնելու հաստատ վճռականութեամբ, Սերոբ կը ձգէ Սուլինան եւ կը մեկնի [[Պաթում]], ապա՝ Թիֆլիս: [[Թիֆլիս]]ի մէջ կը ծանօթանայ [[Քրիստափոր Միքայէլեան|Քրիստափորին]] եւ [[Ռոստոմ]]ին, որոնց խորհուրդով եւ օգնութեամբ, 1894-ի սկզբներուն, երեք ընկերներով կը վերադառնայ հայրենի Ախլաթ:
Տող 30.
Ախլաթի շրջանի ժողովուրդը ինքնապաշտպանութեան կոչելով ՝ Սերոբ կ'ըսէր.
{{քաղվածք|Տղաք, առանց հացի մնացէ՛ք, առանց զէնքի մի՛ մնաք:|Սերոբ Աղբիւր}}
1895-ի դաժան օրերուն, երբ ողջ հայութեան գլխուն ծառացած էր [[Համիտեան Ջարդեր|համիտեան ջարդարար]] սուրը, Սերոբ մարտական խումբով կը հասնի Ախլաթ եւ անմիջապէս կը յայտնուի մարտերու հնոցին մէջ:մէջ։ Թշնամիին ուշադրութիւնը առաւելապէս կեդրոնացած էր Սոխորդ գիւղի վրայ, որ շնորհիւ աշխարհագրական ամուր դիրքին, քաջակորով զաւակներուն եւ յատկապէս Խչէենց անուանի գերդաստանի՝ Ախլաթի ինքնապաշտպանութեան ոգին էր: Սերոբ հայրենի շրջանը կոտորածէ փրկելու, ժողովուրդը ոգեկոչելու եւ մարտական ինքնապաշտպանական խումբեր ստեղծելու նպատակով, զինակիցներ կ'ուղարկէ թշնամիին կողմէ սպասուող յարձակման առաւել վտանգաւոր ուղղութիւններ, իսկ ինք տասը ֆետայիներով կը մնայ Սոխորդի մէջ:մէջ։ «Բոլոր գիւղերուն մէջ, Սերոբի հայդուկներուն շուրջ կը համախմբուի տեղական, երիտասարդութիւնը, իսկ ինք՝ Սերոբ, քանի մը ընկերներու հետ կը շրջէր գիւղէ - գիւղ՝ հսկելու ապահովութեան վրայ»:
 
Սերոբի զինուորները, քաջածանօթ ըլլալով գաւառին, կը կարողանան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ գիւղերուն մէջ կազմակերպել մարտունակ ինքնապաշտպանական խումբեր: [[Բաղէշ]]ի կոտորածէն քանի մը օր անց, թուրք զինուորներու աջակցութեամբ, հասնանցի քիւրտերն ու [[Տիարպեքիր]]ի չերքէզները կը յարձակին Սոխորդի վրայ: Սերոբ կը սանձէ շրջակայ քիւրտերու եւ չերքէզներու ալան¬թալանի նկրտումները եւ գիւղացիներու կազմած մարտական խումբով դիրքեր կը գրաւէ գերեզմանոցի մօտակայքը, իսկ ինք ֆետայիներով կը շրջի գիւղէ գիւղ, գետով բաժնուող ձորերուն մէջ, որպէսզի վճռական պահուն թիկունքէն հարուածէ թշնամին: Քիւրտերը հայերու նախապատրաստութենէն անտեղեակ, համարձակօրէն անցնելով ձորն ու գերեզմանոցը՝ կը մօտենան Սոխորդցիներու դիրքերուն:
Տող 59.
Սերոբ կը հրամայէ, որ այնուհետեւ, ով որ աղջիկ փախցնէր գիւղէն, շատ խիստ կերպով պիտի պատժուէր: Սերոբ Աղբիւրի այս կարգադրութենէն որոշ ժամանակ մը ետք, աղջիկ փախցնելու համար Տալւորիկն ու Աղբրիկը կը թշնամանան [[Փսանաց գաւառ]]ին հետ: Պատճառն այն էր, որ Գէորգ Չաւուշի հօրեղբայր՝ Աւէն, փախցուցած էր [[Սուրբ Առաքելոց վանք|Առաքելոց վանքի]] տնտեսուհի՝ Հերմօն:
 
Սերոբ կը դասաւորէ, որ Գէորգ արժանի պատիժ տայ իր հօրեղբօրը, քանի որ վերջինս նման բան չէր համարձակեր ընել, եթէ Գէորգ այդքան մեծ հեղինակութիւն չվայելէր հայդուկներու շրջանին մէջ:մէջ։ [[Գէորգ|Գէորգ Չաւուշ]] ստիպուած կը սպաննէ հօրեղբայրը: Բայց անկէ ետք, մեծ հայդուկին հոգին կը խռովի եւ ան կը լքէ Սերոբի ջոկատը եւ քանի մը օր առանձին կը մնայ:
 
== Դաւաճանութիւն եւ մահ ==
Տող 71.
Այնուհետեւ ժողովուրդը Սօսէն կ'օծէ Մայրիկ պատուանունով:
 
Սօսէ Մայրիկ 1904 թուականի [[Սասնոյ Բ. Ապստամբութիւն|Սասնոյ ապստամբութենէն]] ետք տեղափոխուած է [[Վան]], ապա՝ Կովկաս: Անոր միւս որդին՝ Սամսոնը, զոհուած է [[Կարին|Կարնոյ]] մէջ:մէջ։ 1920-ի վերջին, Սօսէ Մայրիկը տեղափոխոած է [[Կոստանդնուպոլիս]], ապա հաստատուած է [[Եգիպտոս]]ի [[Ալեքսանդրիա քաղաք]]ը, ուր 1953-ին մահացած է: 1998-ին, անոր աճիւնները տեղափոխուած են [[Երեւան]] եւ ամփոփուած [[Եռաբլուր]]ի մէջ:
 
== Սերոբի Մահուան Վրէժը ==