«Վասիլ Գօնտա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Աղբիւրներ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (5) using AWB
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (3) using AWB
 
Տող 3.
Անունն է Ռումէն այն մեծանուն փիլիսոփային, որուն հայ մը ըլլալը՝ նոր յայտնութիւն մըն է թէ՛ Ռումէն ժողովուրդին եւ թէ՛ մեզ՝ Հայերուս: [[Ռումինիա|Ռումանիոյ]] ԺԹ. Դարուն մեծագոյն դէմքերէն համարուող այս անձը— օրէնգէտ, հրապարագիր, ուսուցչապետ եւ փիլիսոփայ — հայ քահանայի մը զաւակն է:
 
Օգտաւ Մինար, Ռումէն գրագէտ մը, ապշեցնող մանրամասնութիւններով ներկայացուցած է Գոնտելի կենսագրութիւնը, 1200 էջնոց ստուար հատորի մը մէջ:մէջ։ Փափաքելի էր որ այս գիրքը՝ եթէ ոչ ամբողջութեամբ, գոնէ ամփոփումով մը թարգմանուէր հայերէնի, իր մէկէ աւելի շահեկանութեան համար:
Յետագայ շատ ամփոփ տեղեկութիւնները կը քաղեմ Մինուրի այս արժէքաւոր հատորէն:
 
Տող 21.
Այս միջոցին գրի կ՚առնէ իր կարգ մը երկերը, որոնք հրատարակութեան կը տրուին շատ չանցած: Ասոնց գլխաւորն է Ճակատագրապաշտութեան Տեսութիւնը: Կարեւոր գործեր են նոյնպէս Տիեզերական Շարժումը եւ Բնազանցագիտութեանի փորձերը: Ժամանակակից ռումէն յայտնի գրագէտներ, ի շարս որոնց նաեւ Նեկրուցցի եւ Ալեքսանտրին, առանձին հիացումով կ՚արտայայտուին այս երկասիրութիւններուն մասին:
 
[[20 Յունիս]] [[1877]]-ին, կրթական իշխանութիւնները Պուքրէշի մէջ, քուէարկութեամբ մը, որու մէջ ամենաշատ քուէ ստացող կ՚ըլլայ Գոնտա, զայն կը նշանակեն ուսուցչապետ Քաղացիական Իրաւունք ճիւղին, Եաշի համալսարանին մէջ:մէջ։ Գոնտա այս պաշտօնը կը վարէ չորս տարի: Այնուհետեւ, նորէն քուէարկութեամբ եւ առաւելագոյն քուէով՝ ան կը հրաւիրուի Պուքրէշի համալսարանը. բայց կը մերժէ այս հրաւէրը, չուզելով վնաս հասցնել իր այն գրկու ուսուցչապետ բարեկամներուն, որոնք պաշտօնէ պիտի արձակուէին, եթէ ինք ընդունէր իրեն եղած առաջարկը:
 
[[1879]]-[[1881]] Գոնտա կը նետուի լրագրական կրկէսը եւ կը սկսի խուլ պայքար մը «ազատական» կուսակցութեան դէմ: Ասոր կը հետեւի իր ընտրութիւնը ռումանական խորհրդարանին՝ Մոլտովայէն: Այստեղ անիկա կը բոլորէ փայլուն շրջան մը. կը խօսի այնպիսի ճառեր, որոնք հիացումի կ՚արժանանան նոյնիսկ թագաւորին կողմէ: Նախարարապետ Եիօնէլ Պրաթիանու տեսնելով այն ոյժը, որուն Գոնտա տիրացած էր պարլամենտին մէջ, կը փորձէ զայն առնել իր կուսակցութեան մէջ, առաջարկելով անոր ժողովրդական լուսաւորութեան նախարարի պաշտօնը: Եւ Գոնտա կը դառնայ նախարար:
Շուտով ծայր կու տայ հակառակորդներու պայքարն ու սադրանքները: Գոնտա զզուած այդ բոլորէն, եւ ընկճուած զինք կրծող հիւանդութենէն, կարճ ժամանակ մը պաշտօնավարելով կը հրաժարի: Կը ստանձնէ Գերագոյն դատարանի դատաւորի պաշտօնը: Այս պաշտօնին մէջ եւս երկար չի մնար ու կ՚անցնի, [[Պիզա]], [[Իտալիա]]:
 
Պիզայէն կարճ ժամանակ մը վերջ կը վերադառնայ Ռումանիա, իր հայրենիքը, ուր կը մեռնի [[21 Ապրիլ]] [[1882]]-ին, 37 տարեկան դեռ երիտասարդ հասակին մէջ:մէջ։ Կը թաղուի Եաշի «Յաւիտենութիւն» գերեզմանատունը, ուր կանգնուած է շքեղ յուշարձան մը իր շիրմին վրայ:
 
Ռումէններ այսօր Գոնտան կը նկատեն ԺԹ. դարու իրենց ամենամեծ ազգային դէմքերէն մէկը, ինչպէս են Էմինէսքու, Կրէանկա, եւ Ռոզէտտի: Անգամ համաշխարհային հռչակ ունեցող միտքեր, ինչպէս՝ Օտտը Հիէբման, Ճօն Լըպօք, Զիլէր, Էռնստ Հէքէլ, Պիւխնէր, Հէրբերտ Սպէնսէր եւ Ջարլզ Դարվին, ու բազմաթիւ ուրիշներ որոնց հետ թղթակցութիւններ է ունեցեր Գոնտա իր ողջութեան, գնահատանքի եւ հիացումի խօսքեր ըսած են իր մասին: