«Եղիա Տէմիրճիպաշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 2.
 
'''Եղիա Տէմիրճիպաշեան''' ({{ԱԾ}}), արեւմտահայ արձակագիր, բանաստեղծ, [[փիլիսոփայ]]։
== Կենսագրութիւն ==
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Խաս­գիւղ ([[Պոլիս|Պոլիս)]], որ ԺԹ․ դարուն Կ․ Պոլսոյ հայութեան մտաւոր զարգացման գլխաւոր կեդրոններէն մէկը եղած է։ Նախնական կարթութիւնը կը ստանայ «­Ներ­սէ­սեան» եւ «­Նու­պար-­Շահ­նա­զա­րեան» վար­ժա­րան­նե­րէն ներս<ref name="աաա">{{cite web | url=http://armenianradioboston.com/%D5%A5%D5%B2%D5%AB%D5%A1-%D5%BF%D5%A7%D5%B4%D5%AB%D6%80%D5%B3%D5%AB%D5%BA%D5%A1%D5%B7%D5%A5%D5%A1%D5%B6-1851-1908-%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%A3%D6%80%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5/ | title=ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ… ԻՆՔՆԱՍՊԱՆԸ}}</ref>, աշակերտելով ծանօթ գրագէտներու։ Մենակեաց պատանին՝ կը ջանայ իր հետաքրքրութիւնները գոհացնել անյագ ու անկանոն ընթերցումներով։ Առաջին ելոյթներէն իսկ կը նկատուի՝ մելամաղձոտ, յոռետես անհատականութիւնը։
 
Ուսման փափաքը եւ անկայուն նկարագիրը զինք կը մղեն լքելու պաշտօնեայի ասպարէզը, զոր մտած էր կարիքէ մղուած։ Մայրն ու ազգականները [[1874]]–ին, անձնասպանութեան մէկ փորձէն մտահոգ, զինք կը ղրկեն [[Ֆրանսա]]՝ Առեւտրական բարձրագոյն վարժարանին մէջ ուսանելու, բայց անոր փոխարէն կը հրատարակէ «Le Littaeraire et Financier de Marseille» («շաբաթաթերթին մի քանի թիւերուն մէջ՝ [[Արեւմուտք]]ի հայութիւնը ներկայացնելու ձգտումով Եւրոպայի:
Տող 12.
1876-ին կը դառնայ Պոլիս. ուշադրութիւն կը գրաւէ մամուլի մէջ մտածողական-քրոնիկային յօդուածներով: Կը գրէ ճոխ բայց անկանոն աշխարհաբարով, գրաբարի տարրերով և նորարարական ձգտումներով նոյնքան հարուստ, յաճախ արուեստականութեան կնիքով: Լոյս կ'ընծայէ խորհրդածութիններու փոքր հատոր մը՝ «Փիլիսոփայական Բառարան» խորագրով...
 
1880-1890 տասնամեակը, փաստօրէն, Եղիայի գրական-հրապարակագրական արտադրութեան ամենաբեղուն շրջանն է։ Կը հրատարակէ «Երկրագունդ» եւ «Գրական Եւ Իմաստասիրական Շարժում» թերթերը։ Առաջինին կ՛աշխատակցին [[Գրիգոր Զօհրապ|Գ․ Զօհրապ]]ի պէս ծանօթ անուններ, մինչ երկրորդը ինք գրեթէ առաձին կը լեցնէ՝ զանազան ծածկանուններով։ Հոս լոյս կը տեսնէ մէկ կարեւոր մասը իր [[քրոնիկ]]այինքրոնիկային-գրական էջերուն, նաեւ քերթուածներուն, որոնց մէջ տասնեակ մը՝ զինք արժանի կը դարձնեն դասուելու Պէշիկթաշլեանի եւ [[Դուրեան Օհան|Դուրեանի Դուրեան]]ի քով։ Նոյն եւ հետեւող տարիներուն, կը հեղինակէ ֆրանսերէնէ հայերէն խնամեալ բառարան մը։
 
1890-էն ետք, ընտանեկան կորուստները լրիւ կը խախտեն Եղիայի միտքը<ref name="աաա"/>։ Անձնասպանութեան նոր փորձէ մը հազիւ կը փրկեն զինք։ [[1895]]-էն ետք, ալ անտուն ու մինակ, բախտը կ՛ունենայ ընդունուելու օտար կնոջ մը։ Եղիա ա՛լ կը կապուի անձնուէր այս կնոջ, գգալի բարելաւման պահերով, որոնց շնորհիւ նոյնիսկ կը ճամբորդէ [[Եւրոպա]]։ Բայց, Պոլսոյ կարօտով, արագ կը վերադաոնայ։ Վատթարացման շրջանի մը, կը մնայ հիւանդանոց։ Տիկնոջ քով դարձած՝ ի վերջոյ անձնասպան կ՛ըլլայ։ Թաղուած է [[Պոլիս]]։Պոլիս։
 
== Երկեր ==
Տող 36.
 
== Աղբիւրներ ==
 
* «Դիմաստուերներ», [[Հրանդ Ասատուր]], 1921, էջ 198-218։
 
{{DEFAULTSORT:Տէմիրճիպաշեան, Եղիա}}
 
[[Ստորոգութիւն:1851 ծնունդներ]]
[[Ստորոգութիւն:1908 մահեր]]
[[Ստորոգութիւն:8 Մայիսի ծնածներ]]
[[Ստորոգութիւն:19 Յուլիսի մահացածներ]]
[[Ստորոգութիւն:Պոլիս ծնածներ]]
[[Ստորոգութիւն:Պոլիս մահացածներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ գրողներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ փիլիսոփաներ]]