«Լուիզա Ասլանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 6.
Ծնած է [[Թաւրիզ]]՝ Սրապիոն եւ Մանիա Գրիգորեաններու ընտանիքին մէջ։ Ուսանած է Թաւրիզի կեդրոնական թեմի վարժարանին մէջ եւ [[Թիֆլիս]]ի ռուսական գիմնազիային մէջ։ Դպրոցական տարիներուն ցուցաբերած է գրական ձիրք՝ գրելով քնարական [[բանաստեղծութիւն]]ներ, [[թարգմանութիւն]]ներ կատարելով [[ռուսերէն]]էն ու [[ֆրանսերէն]]էն։ Վաղ տարիքէն նուագած է [[դաշնամուր]]։ Վերադառնալով Թաւրիզ՝ 1923-ին ամուսնացած է մասնագիտութեամբ իրաւաբան [[Արփիար Ասլանեան]]ի հետ։
 
1923-ին երիտասարդ ամուսինները տեղափոխուած են [[Փարիզ]]. անոնց հետ գացած են նաեւ Լուիզայի մայրը՝ Մանիան, եւ քոյրը՝ Արշալոյսը։ Փարիզի մէջ Լուիզան ցանկացած է շարունակել երաժշտական կրթութիւնը (դաշնամուր նուագել), սակայն դրամական խնդիրներու պատճառով ստիպուած եղած է հրաժարիլ իր երազանքէն։ ԱրդիւնքովԱյդ պատճառաւ ան հետեւած է [[Սորպոնի համալսարան]]ի գրականութեան դասընթացքներուն։ Փարիզի մէջ ան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած հայ-ֆրանսական գրական միութեան աշխատանքներուն, աշխատած է թերթերուն, ծանօթացած գրական շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ եւ վերցուցած «Լաս» գրական կեղծանունը։
 
1920-ականներու կէսերուն հայ-ֆրանսական [[մամուլ]]ին մէջ հրատարակած է «Մետաղադրամներու հաւաքածու», «Գինու երկաթէ վաճառական», «Ճահիճ» եւ այլ պատմուածքներ<ref>{{Cite web|url=http://ww25.libmindiaspora.am/?p=1815|title=Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան արխիւ|last=|first=|date=|website=ww25.libmindiaspora.am|publisher=|accessdate=2019-08-04}}</ref>։ Իր ստեղծագործութիւնները գրած է [[հայերէն]] եւ [[ֆրանսերէն]]։