«Աշոտ Ղուլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) | անուն ազգանուն = | բնագիր ԱԱՀ = | պատկեր = Բեկոր Աշոտ.jpg | չափ...»: |
|||
Տող 43.
Մինչեւ Արցախի «իսկական» պատերազմական գործողութեանց սկզբնաւորումը, Բեկոր մասնակցած է հայդուկային-հրոսակային շատ գործողութիւններու: Այդ շարքին յատկապէս յիշատակելի է Բեկորիի ղեկավարած կարեւոր խափանարարական գործողութիւնը՝ [[Քելբաջար]]ի մէջ տեղակայուած ՕՄՕՆականներուն ռազմական օգնութիւն տանող ատրպէյճանական ռազմական շարասիւնին վրայ յարձակումը եւ այս վերջինին ոչնչացումը:
Դաշնակցութեան անդամագրուելով՝ Բեկոր շատ կանուխէն եւ շատերէն առաջ յանգեցաւ այն համոզումին, որ Արցախի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար նախապայման էր ստեղծել մշտական, կանոնաւո՛ր բանակ՝ իր կառուցուածքով եւ երկաթեայ կարգապահութեամբ: Այդպէ՛ս [[1991]]ին, երբ սկսաւ Արցախի կանոնաւոր բանակի առաջին զօրամասերուն կազմաւորումը, Բեկորին առաջարկուեցաւ գլխաւորել առաջին վաշտը, որուն կորիզը նոյնինքն իր ղեկավարած ջոկատն էր:
Բեկոր մասնակցած է Արցախի տարածքին մղուած մարտերու մեծ մասին՝ [[Ասկերան]], [[Հադրութ]], [[Շահումեան |Շահումեան]], [[Վերին շէն]], [[Բուզլուխ]], [[Մանաշիդ]], [[Մալիբեկլու]], [[Խոջալու]], [[Կրկժան]], [[Լեսնոյ]], [[Քարին տակ]], [[Շուշի (արեւմտահայերէն)|Շուշի]], [[Լաչին]] , [[Մարտակերտի շրջան|Մարտակերտ]], [[Կուսապատ]], [[Մաղաւուզ]], [[Սրխաւենդ]], [[Բաշ-Գիւնեփայա]], [[Օրթա-Գիւնեփայա]], [[Դրմբոն]]…:
== Շուշիի ազատագրումը ==
|