«Հայերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Չ →Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներ: clean up, replaced: Աֆրիքա → Ափրիկէ using AWB |
Չ added Category:Հայկական սփիւռք using HotCat |
||
Տող 1.
{{անաղբիւր}}
[[Պատկեր:Armenian Americans collage.png|250px|մինի|աջից|'''Ամերիկահայ Յայտնիներ''']]
'''Հայերը ԱՄՆ-ի մէջ''', ԱՄՆ-ի մէջ բնակուող հայերը։ Հայերը ԱՄՆ-ի մէջ բնակած են 19-րդ դարէն ի վեր։ Այժմ անոնց թիվը շուրջ 1.500.000 է։ ԱՄՆ-ի ամենահայահոծ նահանգը Քալիֆորնիան է, որ յաճախ կ'անուանուի որպէս՝ «Ամերիկեան Հայաստան»։ Դիվանագիտական հարաբերութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ հաստատուած են [[1992]] թուականին։
Տող 7 ⟶ 8՝
=== 1800-ականներու սկիզբը ===
[[19-րդ դար]]ին 30-ական թուականներէն սկսած հայերու նոր հոսքը հետեւանք էր Արեւմտյան Հայաստանում, Կիլիկիայում եւ Թուրքիայի հայաբնակ այլ վայրերուն մէջ ամերիկեան բարեգործականներու քարոզչական, կրթալուսաւորչական գործունէութեան, որուն արդիունքում բացուեցան բազմաթիւ դպրոցներ, որտեղ սորուած են հայ երեխաներ։ [[1834]] թուականին Կոստանդնուպոլիսի բարեգործական դպրոցի սան 16-ամեայ Խաչատուր Ոսկանեանը սկզբնաւորած է հայ, մասնաւորապես պոլսեցի, երիտասարդութեան հոսքը ԱՄՆ-ի բարձրագոյն եւ առաջնակարգ ուսումնական հաստատութիւններ՝ դառնալով առաջին հայ մտաւորականը Նոր Երկրին մէջ։ [[1861]]-[[1865]] թուականներուն, քաղաքացիական պատերազմին հաջորդած տարիներուն, երբ ԱՄՆ թեւակոխած է արդիւնաբերական բուռն զարգացման շրջան, մինչեւ այսօր «հին աշխարհի» շատ գաղթականներու, ԱՄՆ սկսած են մեկնիլ հայերու խումբեր (հիմնական պատճառներն էին հայ գիւղացիի տնտեսական քայքայումը, ծանր հարկերը, կեանքի եւ գոյքի ապահովութիւնը Օսմանեան Թուրքիայիի մէջ)։ Անոնց մեծ մասը ձգտած է ժամանակաւորապէս աշխատելէն եւ որոշ գումար ձեռք բերելուց հետո վերադառնալ հայրենի բնակավայրեր։ [[1870]]-ական թուականների վերջին Նյու Յորքի մէջ, Ուստրի մէջ, Փրովիտենսի մէջ սկսած են ձեւաւորուիլ հայկական առաջին համախմբումները։ [[19-րդ դար]]ուն վերջին Թուրքիայի մէջ գործած են աւելի քան 160 բարեգործականներ, 40 բարեգործական գիշերօթիկներուն մէջ եւ 7 քոլեճներու մէջ սորուած են շուրջ 2700 տղայ եւ աղջիկ (1899-1900 թուականներուն Կոստանդնուպոլսի Ռոպերթ քոլեճի աշակերտները 74%-ը հայեր եւ յոյներ էին)։ Օսմանեան Թուրքիայի գրեթէ բոլոր խոշոր կեդրոններուն մէջ ամերիկեան աւետարանական քարոզիչներու կրթալուսաւորչական գործունէութեան (եկեղեցիներու, նախնական ու բարձրագոյն դպրոցներու, քոլեջներու եւ մշակութային այլ օճախներու ստեղծում) ծաւալման հետեւանքով 19-րդ դարի 80-ական թուականներուն աճած է հայ, հիմնականօրէն ամուրի (95%) երիտասարդներու արտահոսքը երկրի գրեթէ բոլոր շրջաններէն, գերազանցապէս՝ Խարբերդէն (40%)։ Եւրոպական շուկաներուն մէջ արդէն իսկ իրենց գործունէութիւնը տարածած հայ հարուստ վաճառականները ձեռնպահ կը մնային ԱՄՆ ներթափանցելէն։ 1880-ական թուականներու վերջաւորութեան արդէն 1500 հայ ունեցող ԱՄՆ դարձած էր նաեւ քաղաքական ապաստան եւ գործունէութեան ազատ դաշտ հայ յեղափոխական կուսակցական (հնչակեան, դաշնակցական) գործիչներու համար։ Ժամանակի ընթացքին ԱՄՆ մեկնած հայերը տարածուած են գրեթէ բոլոր նահանգներուն մէջ՝ նախապատուութիւն տալով հայ բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն (Նյու Յորք, Մասաչուսեթս, Ռոտ Այլենտ, Իլինոյս, Քալիֆոռնիա, Միշիկան, Փենսիլվանիա, Նյու Ջերսի, Քոնեքթիքութ, Ուիսքոնսին եւ այլն)։ Հայաշատ քաղաքներէն էին Նյու Յորքը, Ուստրը, Լիննը, Պոսթոնը, Փրովիտենսը, Հարտֆորդը, Ֆիլատելֆիան, Հոբոքենը, Թրոյը, Չիքակոն, Ֆրեզնոն եւ այլն։ Հայերու շրջանին մէջ մշտապէս նկատուած է տեղաշարժ՝ հատկապէս արեւելեան նահանգներէն դէպի արեւմտեան նահանգներ։ Ան տեղի ունեցած է որոշակի օրինաչափութեամբ. սկիզբը՝ 1834 թուականէն, հարազատ բնակավայրեր վերադառնալու յոյսով մեկնած տղամարդիկ հաստատուիլ գլխաւորապէս երկրի արեւելեան ափի ուսանողական (մասնաւորաբար՝ Նյու Յորք քաղաք) եւ արդիւնաբերական (մասնաւորաբար՝ Ուստր քաղաք) շրջաններուն մէջ։ Հետագային, հատկապէս 1880-ական թուականներուն, ԱՄՆ-ի մէջ հայերուն թիւի ստւարացմանը, արեւելեան նահանգներուն մէջ աշխատատեղերու նուազեցմանը զուգընթաց, հայերն աստիճանաբար տարածուած են նաեւ երկրի հիւսիսարեւելեան, հիւսիսային, միջին, միջինարեւմտեան եւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ (մասնաւորաբար՝ Քալիֆոռնիայի գիւղատնտեսական նահանգ)։ Ամերիկեան կեանքին ընտելացած հաջողակ եւ գործարար հայերը պայմաններ ստեղծած են հետագայ տասնամեակներուն գաղթի դիմած հազարաւոր հայրենակիցներուն նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցոյց տալու, անոնց համախմբելու եւ որպէս համայնք կազմակերպելու համար։ 1820-1898 թուականներուն ԱՄՆ մեկնած հայերու թիւը մոտաւոր (4 000) է, քանի որ այդ ժամանակաշրջանին մէջ ԱՄՆ մուտք գործած գաղթականները գրանցուած են ոչ թէ ըստ ազգային պատկանելութեան, այլ՝ մշտական բնակութեան երկիրներու։ Ընդ որում՝ Օսմանեան Թուրքիայէն գաղթածները մինչեւ [[1868]] թուականը գրանցուած են որպէս «Եւրոպական Թուրքիայէն», իսկ [[1869]] թուականէն՝ նաեւ «Ասիական Թուրքիայէն» եւ «Հայաստանէն» եկածներ։ [[1899]] թուականէն գաղթականները սկսած են գրանցնել՝ ըստ իրենց ազգային պատկանելութեան։
=== 1800-ականներու վերջաւորութիւն ===
1893 թուականին ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը դատապարտած է թուրքական իշխանութիւններուն, որոնց թողտվութեամբ Մարզվանին մէջ կողոպտուիլ եւ այրուիլ ամերիկեան քոլեճը, Բ. Դռնից պահանջել է հարգանքով վերաբերուիլ ամերիկահպատակներուն։ [[3 Դեկտեմբեր]]ի [[1894]]-ի Սասունի կոտորածէն հետոյ ԱՄՆ-ի Սենատն առաջարկած է եւրոպական տերութիւններու հետ մասնակցիլ Սասունի մէջ կատարուած հանցագործություններու հետաքննութեան եւ պահանջած է դադարեցնել հայ բնակչութեան հետագայ հալածանքները։ [[1894]]-[[1896]] թուականներու համիտեան կոտորածները Օսմանեան Թուրքիայի մէջ բողոքի նոր ալիք առաջ բերած են ԱՄՆ-ի մէջ։ Ֆիզիքական բնաջնջման վտանգէն խուսափող հայերու զանգուածային գաղթը մեծ չափեր ընդունած է՝ ներառելով կայսրութեան բոլոր հայաբնակ շրջանները։ Ամերիկեան առաջադէմ հասարակական-քաղաքական գործիչները դատապարտած են սուլթանական կառավարութեան հակահայկական քաղաքականութիւնը։ Արեւմտահայութեան օգնելու համար ստեղծուած են հայ-ամերիկեան բարեգործական կազմակերպութիւններ։ Մեծ աշխատանք կատարած են 1895 թուականին Պոսթոնի մէջ ստեղծուած «Հայաստանի բարեկամներու միութիւնը» (անդամներն էին՝ բանաստեղծուհիներ Ճուլիա Ուորդ Հաուն եւ Ալիս Սթոուն Բլեքուելը, լրագրողներ Սեմուել Բարրոուն եւ Հենրի Բլեքուելը, գիտնականներ Հենրի Ալենը, Ուիլյամ Ուորդը եւ ուրիշներ), Կարմիր խաչի ազգային ընկերութեան նախագահ Կլարա Բարտոնը, բազմաթիւ բարեգործականներ։ Ամերիկեան այդ կրօնաւորներն ականատէս եղած են այնտեղ ապրող հայ ժողովուրդի հալածանքներուն եւ իրենց կառավարութեան առջեւ հարց բարձրացնել՝ հանդէս գալու հայերու պաշտպանութեամբ։ Ամերիկացի այս գործիչներն իրենց բողոքի ձայնն բարձրացած են հայերու նկատմամբ թուրքական իշխանութիւններու գործադրած գազանութիւնների դէմ։
=== 1900-ական թուականներ ===
1904 թուականին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Վանեցին (Խրիմեան Հայրիկ) ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը խնդրած է օգնել թուրքական լուծի տակ հեծող արեւմտահայութեան։ Հայ պատուիրակներուն (եպիսկոպոսներ Հ. Սարաջեան, Ս. Այվատեան) ընդունած է ԱՄՆ-ի նախագահ Թեոտոր Ռուզվելտը։ Ան յայտարարած է, որ կը հետաքրքրուի Հայկական հարցով, սակայն չի կրնար օգնել հայերուն, քանի որ 1878 թուականի Պեռլինի դաշնագիրի տակ չկայ ԱՄՆ-ի ստորագրութիւնը։ 1900 թուականին հայերու թիւը ԱՄՆ-ի մէջ շուրջ 20 000 էր։ [[1904]] թուականին ԱՄՆ (մասնաւորապէս՝ Քալիֆոռնիան) հանգրուան դարձած է նաեւ տնտեսական եւ քաղաքական հանգամանքներու բերումով Ռուսական կայսրութիւնէն գաղթած հայերու համար, որոնք Նոր Երկրի մասին տեղեկացած էին 19-րդ դարու կրօնական հալածանքներու հետեւանքով Կովկաս աքսորուած դուխոբորներէն եւ մոլոկաններէն։ Դէպի ԱՄՆ արեւելահայ պանդխտութեան նախակարապետները Կարսի Ղարաղալա գիւղէն Մուշեղեաններն էին, որոնց շուտով հետեւած է գիւղի գրեթէ ողջ բնակչութիւնը։ 20-րդ դարու սկիզբին Ռուսական կայսրութեան մէջ եւ մասնաւորապէս Կովկասի մէջ տիրող տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամը խթանած է արեւելահայութեան տեղաշարժը դէպի օտար ափեր՝ ներառելով նաեւ Ալեքսանտրապոլի հարակէն գիւղերէն, Իգդիրէն, Կողբէն, Թիֆլիսէն, Ղարաբաղէն, Երեւանէն եւ այլ վայրերէն մեկնած խումբ մը հայերու։ Անոնք հիմնականօրէն բնակութիւն հաստատած են ԱՄՆ-ի արեւմտեան ափին՝ Քալիֆոռնիայի նահանգի Լոս Անջելես քաղաքին մէջ։
=== Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներ ===
20-րդ դարու սկիզբը առավել մեծ չափերու հասած արեւելահայերու արտահոսքը (շուրջ 2500 մարդ) նուազած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1914-1918), ապա որոշ չափով նորէն աւելցած է Ռուսաստանի մէջ 1917 թուականին ստեղծուած քաղաքական անկայուն իրավիճակի հետեւանքով։ Արեւելահայերու հոսքը ԱՄՆ, ի տարբերութիւն արեւմտահայերու, մեծ չափերու չի հասնիր, ինչ որ կը բացատրէ Ռուսաստանի մէջ քաղաքական եւ տնտեսական համեմատաբար բարվոք վիճակով։ ԱՄՆ-ի Գաղթականական գրասենեակի տուեալներով՝ 1899-1924 թուականներուն Ռուսաստանէն ԱՄՆ մեկնած էր աւելի քան 3500 հայ։ 1908 թուականէն ետք Թուրքիայի անկայուն վիճակը, Ատանայի կոտորածը (1909), Պալքանեան պատերազմները (1912-1913), ապա Մեծ եղեռնը ուժեղացած են հայերու արտագաղթը Թուրքիայէն։ Մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը ԱՄՆ-ի մէջ բնակած է 60 000 հայ։ ԱՄՆ-ի առաջադէմ հասարակայնութիւնը զայրույթով ընդունած է 1915 թուականի հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածի փաստը։ Ամերիկեան մամուլը գրեթէ ամէն օր տպագրած է Օսմանեան Թուրքիայի մէջ ողբերգական իրադարձութիւններու ականատէս բարեգործականներու, դիվանագետներու, հրաշքով փրկուած հայերու պատմածները։ ԱՄՆ-ի դեսպան Հենրի Մորգենթաուն, համոզուելով, որ հայերու կոտորածները եւ աքսորը նպատակ ունին գլխովին ոչնչացնել հայերուն, ապարդիւն փորձած է համոզել Թալեաթին եւ Էնվերին՝ դադարեցնելու հայերուն բնաջնջումը։ 1915 թուականի վերջին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գեւորգ Ե. Սուրենեանցը օգնութեան խնդրանքով դիմած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ուուտրո Ուիլսոնին, սակայն դիմումը անպատասխան մնացած է։ Ամերիկեան հասարակայնութիւնը զայրույթով արձագանքեց [[1915]] թ-ի Մեծ Եղեռնին։ Այդ բռնութիւններէն ցնցուած՝ ԱՄՆ-ի այն ժամանակվա նախագահ [[Ուուտրո Ուիլսոն]]ը [[1920]] թ-ին նույնիսկ փորձ ըրաւ ստանձնելու Հայաստանի մանդատը, այսինքն հայ ժողովուրդի հովանաւորութիւնը։ Սեւրի պայմանագրի համաձայն՝ կազմուեցաւ Հայաստանի քարտեզը՝ ըստ Ուուտրո Ուիլսոնի, որ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի մէջ կը նախատեսէր հայկական ինքնավարութիւն՝ դէպի Սեւ ծով ելքով։ Սակայն Եւրոպայի մեծ տերութիւններու եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ծագած ներհակութիւններու խանգարեցին այդ ծրագրի իրականացմանը։ ԱՄՆ-ը սահմանափակեց Թուրքիայէն փախած հայ գաղթականներուն սոսկ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելով, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1930-ական թուականները։ Այդպիսի բարեգործական կազմակերպութիւններէն էր Ամերկոմը (Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէ), որ բազմաթիվ որբանոցներ կը պահէր Հայաստանի եւ հարակից երկիրներուն մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն երիտթուրքական սահմանադրութեամբ վերացուած գաղթի արգելքի վերականգնման պայմաններուն մէջ նուազ թիւով հայերու յաջողած է արտագաղթել։ Եթէ միայն 1914 թուականին ԱՄՆ գաղթած էր 7785 հայ, ապա հետագայ տարիներուն անոնց կտրուկ նուազած է՝ 1915-1919 թուականներուն կազմելով ընդամենը 3620 մարդ։ 1919-1920 թուականներուն ԱՄՆ-ի մէջ կար շուրջ 78 000 հայ։ Ամերիկեան Քոնկրեսը այժմ պարբերաբար կը քննարկէ 1915 թ-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։ ԱՄՆ-ը շոշափելի օգնութիւն ցուցաբերեց նաեւ Սպիտակի [[1988]] թ-ի Դեկտեմբերեան երկրաշարժի աղետեալներուն։
=== 1920-ական թուականներ ===
Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտելէն ետք ԱՄՆ փորձած է ստանձնել Հայաստանի մանդատը։ Անտանտի խորհուրդի որոշմամբ [[1919]] թուականի Յուլիսին ամերիկեան բանակի գնդապետ Հասկելը նշանակուած է դաշնակիցներու գերագոյն կոմիսար Հայաստանի մէջ։ Հայաստանի տնտեսութիւնը, բնական հարստութիւնները եւ քաղաքական իրադրութիւնը հանգամանօրեն ուսումնասիրելու նպատակով Հայաստան ժամանած է ԱՄՆ-ի նախագահի հատուկ քննիչ հանձնաժողովը՝ ժեներալ Ճեյմզ Հարբորդի գլխաւորութեամբ։ Սան Ռեմոյի ժողովներուն (1920) ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը պաշտոնապէս առաջարկուած է ընդունիլ Հայաստանի մանդատը։ [[27 Մայիս]] [[1920]]-ին ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը Քոնկրեսի քննութեան ներկայացուցած է Հարբորդի առաքելութեան զեկուցագիր։ 1 Յունիս 1920-ին ԱՄՆ-ի Սենատը արտաքին եւ ներքին քաղաքական դրդապատճառներով մերժած է Հայաստանի մանդատը ընդունելու երկրի նախագահի առաջարկը։
Սեւրի հաշտութեան պայմանագրով ([[10 Օգոստոս]], [[1920]])` ԱՄՆ-ի կառավարութեան իրավունք վերապահուած է որոշելու Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ սահմանագիծը, բայց հետագային, ստեղծուած նոր քաղաքական պայմաններուն մէջ, վերանայման ենթարկուած է պայմանագիրը, իսկ քեմալականները վերջնականապէս մերժած են այն։ Օսմանեան Թուրքիայի մէջ հայերու պարբերական ջարդերով եւ տեղահանութիւններով ուղեկցուած քեմալական շարժման վերելքը, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1920) անկումը կրկին խթանած են հայերու գաղթը ԱՄՆ` [[1921]] թուականին, նախորդ տարիներու համեմատութեամբ, այն հասցնելով ամենաբարձր ցուցանիշի՝ 10212-ի (մեծ մասամբ՝ հայկական եւ ամերիկեան բարեգործական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ամերիկեան քարոզիչներու կողմէն թուրքական հարեմներէն, ոչ քրիստոնեայ ընտանիքներէն, ճամբարներէն եւ որբանոցներէն հաւաքագրուած հայեր էին)։ Եթէ մինչեւ 1919 թուականը ԱՄՆ գաղթած հայերուն շուրջ 76%-ը տղամարդիկ էին, եւ միայն 24%-ը՝ կանայք, ապա 1921 թուականէն ետք կանայք կազմած են 52, տղամարդիկ՝ 27, երեխաները՝ 21%։ Գաղթականները (մասնաւորաբար 16-45 տարեկան) կը մեկնէին ընտանիքներու վերամիաւորման նպատակով։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք միջազգային ասպարեզին մէջ ստեղծուած քաղաքական նոր հարաբերութիւններու հետեւանքով ամերիկեան գաղթականական օրէնքները պարբերաբար վերանայուած են. խիստ սահմանափակուած է նաեւ հայերու ներգաղթը։ 1924 թուականին ընդունուած է Ազգային ծագումներու քվոտայի օրէնքը (անգլ.՝ National Origins Quota)։ Այդ թուականին ԱՄՆ-ի մէջ բնակուող հայերու ընդհանուր թիւը կազմած է աւելի քան 120 000։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին մէջ տուժած Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն օգնութիւն ցոյց տալու նպատակով 1918 թուականին ստեղծուած է Մերձաւոր Արեւելքին մէջ Ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէ (Ամերիկոմ)։ Հայաստանի մէջ ան կը գործածէ 1919 թուականի Մայիսէն հետոյ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ԱՄՆ-ի միջեւ կնքուած համաձայնագրով Ամերիկոմն իր վրայ վերցած է հայ որբերու հովանավորութիւնը եւ դաստիարակութիւնը (դադրած է գործելէն 1931 թուականին)։ 1920-1924 թուականերուն ԱՄՆ գաղթած է շուրջ 21 000 հայ։ Արեւմտաեւրոպական եւ Հարաւային Ամերիկայի որոշ երկիրներու՝ ԱՄՆ եւս օթեւան դարձած է 1920-1930-ական թուականներուն Կիլիկիայէն, Յունաստանէն, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքէն եւ այլ վայրերէն գաղթած, կոտորածներէն փրկուած հայերու համար։ Ամերիկեան գաղթականական հանձնախումբի վիճակագրական տուեալներուն համաձայն՝ 1925-1933 թուականերուն ԱՄՆ մուտք գործած է 7286, իսկ 1925-1943 թուականներուն՝ 7706 հայ։ Հայերը հիմնականին կեդրոնացած էին Մասսաչուսեթսի, [[Քալիֆոռնիա]]յի, [[Ռոտ Այլենտ]]ի, [[Քոնեքթիքութ]]ի նահանգներուն մէջ, իսկ ամերիկեան հայաշատ քաղաքներէն էին [[Տիթրոյթ]]ը, [[Լոս Անջելես]]ը, [[Փրովիտենս]]ը, [[Պոսթոն]]ը, Ուստրը, [[Ֆրեզնո]]ն, [[Սան Ֆրանսիսկո]]ն եւ այլն։
=== Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներ ===
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախօրէին ԱՄՆ-ի մէջ կը բնակէր շուրջ 200 000 հայ։ Պատերազմի տարիներուն զինւորներուն հետ բոլոր ռազմաճակատներուն մէջ (Փիրլ Հարբորի, Կորալեան ծովի, Միդուեյի, Հիւսիսային Ափրիկէյի, Սիցիլիայի, Իտալիայի, Հնդկաստանի, Չինաստանի, Ֆրանսայի, Բելգիայի եւ այլն) եւ զորատեսակներուն մէջ (օդային, ցամաքային, ծովային) ծառայած են 18 500-20 000 ամերիկահայեր։ Ամերիկահայերն իրենց մասնակցութիւնը բերած են երկրի ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին՝ արժանանալով ամերիկեան կառավարութեան գնահատանքին։ Բազմաթիվ հայորդիներ արժանացած են ամերիկեան բանակի ամենաբարձր տիտղոսներու (ժեներալ Հայկ Շեքերջեան, հրամանատար Ճեք (Սիրակ) Հանիկեան, գնդապետներ՝ Սարգիս Զարդարեան, Քիրք Բուչախ), պարգեւատրուած բարձրագոյն կարգի շքանշաններով (ԱՄՆ-ի բացառիկ եւ ամենաբարձր պարգեւին՝ «Քոնկրեսի պատուոյ շքանշանին», որ շնորհուած է ամերիկեան ընդամենը 87 բանակայիններու, արժանացած է նաեւ հայազգի ամերիկեան հերոս, աւագ լեյտենանտ Էռնեստ Հ. Դերվիշեանը) եւ հերոսի կոչումով։ Դէպի ԱՄՆ գաղթի նոր ալիք սկսած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք։ [[1948]] թուականին ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի կողմէն «Տեղահանուած մարդկանց մասին» օրէնքի հաստատումով՝ «Հայրենազուրկ հայերու օգնութեան ամերիկեան ազգային կոմիտէն» (ANCHA-ԱՆՉԱ, նախագահ՝ Ճորճ Մարտիկեան) մինչեւ [[1952]] թուականը իրականացած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Գերմանիայի, Ավստրիայի, եւ Իտալիայի մէջ յայտնուած 4 500 ռազմագերի-տարագրեալ հայերու փոխադրումը եւ բնակեցումը ԱՄՆ-ի մէջ։ [[1947]] թուականին ԱՄՆ-ի մէջ կար 215 000 հայ։ Հետպատերազմեան տարիներուն շարունակուած է հայերու արտագաղթը ԱՄՆ ինչպէս արեւմտեան, այնպէս ալ արեւելեան եւ հարաւային Եւրոպայէն։ 1947-48 թուականներուն, զանգուածային հայրենադարձութեան տարիներուն, Հայաստան ներգաղթած է 151 ամերիկահայ։ Խորհրդային հասարակարգին մէջ հայրենադարձներու նկատմամբ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բնոյթի անարդարութիւնները եւ հետապնդումները սահմանափակած են ամերիկահայերու հետագայ հայրենադարձութիւնը։ [[1944]]-[[1952]] թուականներուն ԱՄՆ մուտք գործած է 4379 հայ։
=== 1950-1970-ական թուականներ ===
Հայերու հոսքը ԱՄՆ նոր թափ ստացած է 1950-ական թուականներուն եւ որոշ ընդհատումներով կը շարունակէ այսօր։ [[1952]] թուականին՝ Եգիպտոսէն, [[1958]]-[[1961]] թուականներուն՝ Սիրիայէն, 1960 թուականին Խորհրդային Հայաստանէն, 1960-ական թուականներու կեսէն՝ Թուրքիայէն, Հունաստանէն, 1960-ական թուականներու վերջը՝ Լիբանանէն, [[1979]] թուականին՝ Իրանէն, ապա Հորդանանէն եւ Իրաքէն տեղի ունեցած արտագաղթը հետեւանք էր վերոհիշեալ երկիրներու տնտեսական եւ քաղաքական անկայուն գործընթացներուն։ [[1965]] թուականին ԱՄՆ-ի մէջ կը բնակէր 300 000 հայ։ Նոյն թուականին ԱՄՆ-ի մէջ ընդունուած Գաղթականական օրէնքով (անգլ.՝ Immigration Act) վերացուած են ներգաղթի նկատմամբ նախկին գործող սահմանափակումները՝ խթանելով աշխարհի տարբեր կողմերէն (հատկապէս Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքէն, Խորհրդային Հայաստանէն) շուրջ 2 000 հայերու ամենամեայ հոսքը ԱՄՆ։ Արդէն 1970-1972 թուականներուն ԱՄՆ-ի մէջ կը բնակուէր շուրջ 450-500 000 հայ։ Անոնք հիմնական տեղաբաշխուած էին Միջին Ատլանտեան (Նյու Յորք, Նյու Ճերսի, Փենսիլվանիա, Քոլումպիայի տարածաշրջան, Վիրճինիա), Նոր Անգլիայի (Մասաչուսեթս, Ռոտ Այլենտ, Քոնեքթիքութ, Նիւ Հեմփշիր), Միջինարեւմտեան (Ուիսքոնսին), Արեւմտեան (Քալիֆոռնիա), Հարաւարեւելեան (Ֆլորիտա) շրջաններու նահանգներուն մէջ։ Հայաշատ քաղաքներէն էին Նիւ Յորքը, Լոս Անջելեսը, Տիթրոյթը, Պոսթոնը, Չիկակոն, Ֆիլատելֆիան, Ֆրեզնոն, Սան Ֆրանսիսկոն, Փրովիտենսը, որոնցմով կեդրոնացած էր հայութեան գրեթէ կէսը։ 1960-1970-ական թուականներուն ԱՆՉԱ-ի միջոցով Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն 18500 հայ արտագաղթած է ԱՄՆ, որմէ՝ 512 ընտանիք տեղաւորուած է Քալիֆոռնիայի նահանգի Լոս Անջելես քաղաքին մէջ։ Ժամանակի ընթացքին Քալիֆոռնիայի նահանգը եւ մասնաւորապէս Լոս Անջելեսը վերածուած են ԱՄՆ արտագաղթող հայութեան կեդրոնատեղիի։ Միայն 1979 թուականին Խորհրդային Հայաստանէն Լոս Անջելես գաղթած է 3200 հայ (1980 թուականին տեղի հայ բնակչութեան աճը կազմած է 50%)։ 1985 թուականին ԱՄՆ-ի մէջ կը բնակէր 600-800 000 հայ։
=== 1980-ական թուականներ ===
Տող 58 ⟶ 38՝
=== Հայերը Ուաշինքթընի մէջ ===
Ուաշինքթընի հայ համայնքը ձեւաւորուած է 19-րդ դարի վերջին-20-րդ դարի սկիզբին, երբ այստեղ հաստատուած են Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած հայեր։ Կը յիշատակուի 1887 թուականին Իրանէն Ուաշինքթոն եկած Տիգրան Վարժապետեանի անունը. զբաղուած է արեւելեան ապրանքներու առք ու վաճառքով, 1890 թուականին հիմնել «Վարժապետեան եւ ընկերութիւն» վաճառատունը։ Ուաշինքթոն եկած (1895 թուականին) հաջորդ հայը Պողոս Գասպարեանն է, որ հիմնած է Արեւելեան գորգերու նորոգման ընկերութիւն։ Գաղութը ստուարացած է 1894-1896 թուականներու համիտեան ջարդերէն եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն հետոյ այստեղ ապաստանած հայ գաղթականներու հաշւին։ 1885-1910 թուականներուն Ուաշինքթընի մէջ բնակուող հայերէն յայտնի էին ԱՄՆ-ի գաղտնի ծառայութեան թարգմանիչ Արամ-Քերամ Մինասեանը, դոկտորներ Նշան Հինդլեանը, Նազարէթ Քիւրքչեանը, Տոլմաճը, Միհրան Նագաշեանը, նաւատորմի մեքէնագործ Բաստեքեանը, գործարարներ Մովսես Հեքիմեանը, Աւագ-Յակոբ Փանոսեանը, Իչիլեանը։
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Ուաշինքթընին մէջ հաստատուած են ԱՄՆ-ի այլ քաղաքներէն եւ Միջին Արեւելքի երիկրներէն եկած հայեր։ 1940-ական թուականներուն Ուաշինքթընի մէջ կար 200 հայ ընտանիք։ Կը գործէին ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՀԲԸՄ (1915 թուականէն), Տիկնանց օգնութեան ընկերութիւնը, Հայ Կարմիր խաչը (1931 թուականէն), ՀՕՄ-ը, Վարդանանց ասպետներ կազմակերպութիւնը (1942 թուականէն), Վարդանանց դուստրերի Տիգրանուհի օթեակը (1953 թուականէն), Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Անի մասնաճիւղը։
=== Հայերուն զբաղուածութիւնը ===
19-րդ դարուն վերջին-20-րդ դարի սկիզբին ամերիկահայերու գերակշռող մասը բանուորներ էին։ Աւելի ուշ հայերը սկսած են աչքի ընկնել նաեւ առեւտուրի ասպարէզին մէջ։ 20-րդ դարի սկիզբին ԱՄՆ-ի մէջ կը գործեն արեւելեան գորգի 75 խոշոր հայկական ընկերութիւններ եւ 200-էն աւելի նորոգման արհեստանոցներ։ Յայտնի էին Կիւլպենքեան տոհմէն գորգավաճառներ Բաթրիք, Գուլաբի, Հարութիւն եղբայրները։ Հայերը կը զբաղէին նաեւ հողագործութեամբ (հատկապէս Քալիֆոռնիայի մէջ). ունէին խաղողի, չամիչի, միրգի, գինիներու արտադրութեան եւ վաճառքի ձեռնարկութիւններ։ Ներկայ ժամանակին հայերու ընկերային կազմը խիստ խայտաբղետ է՝ ծառայողներ, մանր եւ խոշոր ձեռնարկատերեր, առեւտրականներ, բանուորներ, արհեստաւորներ, բժիշկներ, գիտնականներ, արուեստագետներ, ուսանողներ եւ այլն։ Հայ պաշտոնեաներ կան Սպիտակ տանը, Պետական դեպարտամենտին մէջ, Քոնկրեսին մէջ, առանձին նահանգներու օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններուն մէջ։ ԱՄՆ-ի մէջ առաջին հայ առաքելական եկեղեցին՝ [[Ս. Փրկիչ]]ը, հիմնուած է [[1891]] թուականին, Ուստրիի մէջ։ Ներկայ ժամանակին Հայաստանեան առաքելական եկեղեցին ԱՄՆ-ի մէջ ունի շուրջ 90 եկեղեցի։ Հայ աւետարանականները ունին 22 ժողովարան, հայ կաթոլիկները՝ 6 եկեղեցի։ [[1867]] թուականին ԱՄՆ գաղթած Յակոբ Առաքելեանը հիմնած է ժամանակի խոշորագոյն «Պիլկրիմ փրես» տպարանը, իսկ առաջին հայ պարբերականը՝ «Արեգակը», լոյս տեսած է [[1888]] թուականին, Ճերզի Սիթիի մէջ. այսօր ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսած է աւելի քան 300 անուն պարբերական։
=== Հայկական կազմակերպութիւններ ===
Ամերիկահայ համայնքի ձեւաւորումէն ի վեր ազգային կեանքը կազմակերպելու, հայրենակիցներուն համախմբելու եւ օգնելու նպատակով ստեղծուած են բազմաբնոյթ կազմակերպութիւններ։ Առաջին կազմակերպութիւնը՝ Հայկական միութիւնը, հիմնուած է 1886 թուականին, Նյու Յորքի մէջ։ 19-րդ դարի 80-90-ական թուականներուն հիմնուած են Կաճառ հայկականը (1888, Ուստր, Արարատեան գունդը (1890, Նյու Յորք, Հայոց գրադարանի միութիւնը (1892, Ֆրեզնո), Հայոց առաջադիմական ընկերութիւնը (1899, Ֆիլատելֆիա) եւ այլն։ 19-րդ դարի 90-ական թուականներուն ԱՄՆ-ի մէջ սկսած են ի հայտ գալ նաեւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու տեղական կազմակերպությունները՝ իրենց պարբերականներով։ Ներկայումս (2003) համայնքում գործում են հասարակական-քաղաքական, բարեգործական, մշակութային, հայրենակցական, երիտասարդական, մարզական, մասնագիտական, տիկնանց բազմաթիվ կազմակերպութիւններ։ ԱՄՆ-ի գրեթէ բոլոր հայահոծ քաղաքներուն մէջ մասնաճիւղեր ունեն համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող միութիւնները (ՀԲԸՄ, ՀՄԸՄ, ՀՄՄ, ՀՕՄ, ԹՄՄ, Նոր սերունդ, Համազգային եւ այլն)` իրենց գեղարուեստական խումբերով, ակումբներով, դպրոցներով եւ այլն։ 19-րդ դարու վերջին-20-րդ դարին սկիզբին ստեղծուած հայրենակցական միութիւններու (քղեցիներու, արաբկիրցիներու, վասպուրականցիներու, սեբաստացիներու, մալաթիացիներու, մարաշցիներու, այնթապցիներու, խարբերդցիներու, հաճընցիներու, մուսալեռցիներու եւ այլն) թիւին աւելցած են նաեւ պոլսահայերու, իրանահայերու միությունները։ ԱՄՆ-ի մէջ մեծ թիւ կը կազմէն համալսարաններուն մէջ եւ քոլեճներուն մէջ ուսանող հայ երիտասարդները, որոնք կը կազմակերպէն հայ ուսանողներու միութիւններ։ 1978 թուականին Լոս Անջելեսի մէջ հիմնուած է Հայ համալսարանականներու միությունը, իսկ 1980 թուականին Ուաշինքթընի մէջ` Ամերիկայի հայ ուսանողներու ակումբներու ֆետերասիան։
[[Ստորոգութիւն:Հայկական սփիւռք]]
|