«Արմէն Գարօ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ clean up, replaced: էր: → էր։ (3) using AWB
Տող 6.
 
=== Վաղ տարիները, 1891-1903 թուականներ ===
Գարօ [[1891]]-ին կ’աւարտէ Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը, իսկ [[1894]]-ին, 22 տարեկան հասակին, կը մեկնի [[Ֆրանսա]], Նանսիի համալսարան ընդունուելու, գիւղատնտեսութիւն ուսանելու նպատակով: Գարոյի նպատակը համալսարանը աւարտելէ ետք, ծննդավայր վերադառնալով, Կարնոյ դաշտերուն մէջ, [[եւրոպա]]կան մակարդակի գիւղատնտեսութիւն սկսիլն էր:էր։ Այս ծրագիրը ան խօսած էր նաեւ իր հօր՝ Յարութիւնի հետ, որ շատ լաւ տրամադրուած, խոստացած էր իր ամբողջ նիւթական կարողութիւնը տրամադրել, ծրագիրը իրականացնելու համար:
 
[[1895]]-ի [[Համիտեան Ջարդեր|Համիտեան ջարդերու]] լուրը կը հասնի Գարոյին, ու երեք ամիս շարունակ տունէն ոչ մէկ լուր ստանալով, [[Դեկտեմբեր]]ին, Կարնոյ ֆրանսական հիւպատոսին միջոցով նամակ մը կը ստանայ, որուն մէջ կը յայտնէին, թէ իր ընտանիքը ողջ - առողջ է: Գարոյի համար իր ընտանիքէն անկախ, կար նաեւ իր հարազատ ժողովուրդը, իր ազգը որ սուրէ անցած էր:էր։ [[Զէյթուն]]ի մէջ սկսած ապստամբութիւնը կը փոթորկէ Գարոյին սիրտը: Ան իր յուշերուն մէջ կը գրէ․
{{քաղվածք|Եկան [[1895]]-ի [[Հոկտեմբեր]] եւ [[Նոյեմբեր]] սեւ ամիսները, երբ [[Հայաստան]]ի բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը ներկուեցան անմեղ հայերու արիւնով: Լրագիրներու պատմածին նայելով՝ [[300,000]] հայեր կոտորուեցան այդ երկու ամիսներու ընթացքին, եւ ի փոխարէն այդ բոլորին, ո՛չ մէկ թուրքի կամ քիւրտի քիթը արիւնած էր, բացի Զէյթունէն, որ զէնքը ձեռքին կը դիմադրէր թուրքական բանակներուն: Ես ամօթէս գետինը մտայ իմ ֆրանսացի ընկերներուս մօտ, իսկ կատարուած ոճիրը ցնցեց իմ ամբողջ էութիւնը:|}}
Գարօ իր յուշերուն մէջ կը գրէ նաեւ, ինչպէս խրախուսուած է այդ ապստամբութեան մասնակցելու․
Տող 34.
 
=== 1905 - 1908 թուականներ ===
[[1905]]-ին, [[Պաքուի]], [[Երեւան]]ի ու [[Նախիջեւան]]ի հայութեան կոտորածները արդէն սկսած էին, յայտնի՝ որպէս [[Հայ-Թաթարական]] կռիւներ, իսկ գաւառներուն մէջ, ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպուած էր:էր։ Գարոյին կը յանձնուի [[Թիֆլիս]]ի հայութեան պաշտպանութիւնը, ու [[500]] երիտասարդներով եւ [[200]] կտոր զէնքով, կը պաշտպանէ հայկական թաղամասերը: Երիտասարդութիւնը ոգեւորուած շրջանին մէջ տիրող Ռուսական յեղափոխութեան յաղթանակի մթնոլորտէն, կ'առաջարկեն գործակցիլ Վրացիներուն հետ, ներխուժել Մետեխի բանտը եւ ազատել քաղաքական բանտարկեալները: Գարօն շատ խիստ կը մերժէ այդ առաջարկը, որ հիասթափութիւն կը ստեղծէ անոնց մէջ։ Գարոյի խօսքերն ու որոշումները հետագային ցոյց կու տան անոր հեռատես դիւանագիտական ու քաղաքական վերիվայրումներուն լրջօրէն հետեւող ու անոնց հիմնան վրայ ճիշդ որոշումներ տուող գործիչ ըլլալու իրականութիւնը: Անոնք՝ Թիֆլիսի հայութեան պաշտպանները, կը սկսին նոյնիսկ [[Ռուս]] սպաները խուզարկել, թրքաց կողմ զէնք ու զինամթերք անցընելու կասկածներով:
 
Օր մը վրացի բանագնացներ կու գան հայոց կեդրոնը եւ կը փորձեն համոզել զանոնք անձնատուր ըլլալու եւ հաշտուելու թուրքերուն հետ, յայտարարելով, թէ թուրքերը 14,000 կանոնաւոր զինեալ ուժերով պաշարած են քաղաքը, թէ հայերը իրենց 500 կռուողներով անկարող են պաշտպանելու քաղաքը պատճառ դառնալով անմեղ վրացիներու եւ հայերու անտեղի ջարդին:Այս յայտարարութիւնները կը յուսահատեցնեն ներկայ եղող կարգ մը ղեկավարները, որոնք ամէն կողմէ ճնշում կը բանեցնեն Գարոյի վրայ՝ ենթարկուելու եւ ընդունելու թուրքերու նուաստացուցիչ պայմանները։ Սակայն Արմէն Գարօ կտրուկ կերպով մերժելով կը յանդիմանէ իր ընկերները, որոնք հաւատալով վրացիներու սուտերուն, կ'ուզեն անձնատուր ըլլալ 5000 քոսոտ թուրքերու, եւ երդում կ'ընէ թէ հաշտութիւն կնքելու պարագային ինք անձամբ պիտի յարձակի թուրքերուն վրայ կռիւը վերսկսելու համար։
Տող 79.
 
* [http://aztag32.rssing.com/browser.php?indx=56539322&item=7501 Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին]
 
* [https://hairenikweekly.com/2018/07/01/35639 Ուաշինկթըն.- Արմէն Գարոյի Կիսանդրիի Բացում]