«Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (8) using AWB
Չ →‎Նպատակ: clean up, replaced: վրայ: → վրայ։ using AWB
Տող 31.
1915-1923-ականներուն [[Թրքական իշխանութիւն|Օսմանեան ու Թրքական իշխանութիւններու]] գործադրած [[Հայոց Ցեղասպանութիւն]]ը, ինչպէս նաեւ 1920-ին [[Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն|Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան]] անկումն ու անոր յաջորդող Խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքները պատճառ դարձան հսկայական դիմադրութիւններու: Վերապրողները ցրուեցան աշխարհի չորս կողմերը: Հիմնական բնակավայրեր հանդիսացան Արեւելքի երկրները:
 
Նոր պայմանները պատճառ հանդիսացան յեղաշրջումներու, որ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ հայկական կենցաղի, բարոյականութեան եւ մտածողութեան վրայ:վրայ։ Հայը փոխած էր իր տեղը: Գիւղացին դարձած էր վաճառական, արհեստաւոր եւ արդիւնաբերող: Փոխուած էին նաեւ բարոյական ըմբռնումները. քաղաքին մէջ կրնայինք հանդիպիլ հազարաւոր թշնամիներու, որոնց դէմ պէտք էր պայքարել, պէտք էր յաղթել: Ստեղծուեցաւ բարոյական նոր ըմբռնում՝ յաջողութիւն ունենալ, տեղ գրաւել քաղքենիներու շարքին: Հայի հոգին քաղքենի դարձաւ. յաջողութիւն ունենալը կը հանդիսանար անոնց նպատակը, ինչ գնով ալ ըլլար: Բնական է, որ նման միջավայրի մէջ անաղարտ չէր կրնար մնալ գիւղացիի եւ պարզունակ հայու նկարագիրը:
 
Ահա այս տարագիր, ցիրուցան եղած հայութիւնն է, որ պէտք էր համախմբել եւ միասնականացնել: Բոլոր մասերուն անհրաժեշտ էր կապ ստեղծել: Պետք էր մշակել բոլոր այն միջոցները, որոնք կը նապաստէին հայութեան միացման ու հարատեւման: Կար նաեւ ուրիշ պահանջ՝ ստեղծել հայ մտաւորականութիւն: Մտաւորականութիւնն է հանրային գաղափարներ մշակողը, ազգութիւնը մէկ մտքի շուրջ հաւաքողը եւ հոգեւոր աշխարհի ղեկավարը: Թուրքը ծանր հարուած հասցուցած էր հայ մտաւորականութեան՝ գլխատելով այդ խաւը, որ կը մշակէր արժէքներ եւ կը հաւաքէր անոնց շուրջը: