«Նորվեկիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Աշխարհագրութիւն: clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ using AWB
Չ →‎Նախնադար: clean up, replaced: էր: → էր։ using AWB
Տող 122.
 
=== Նախնադար ===
[[Պատկեր:Joan Blaeu-Norvegia Regnum ca. 1662.jpg|thumb|300x300px|Նորվեկիայի եւ Շուետիայի քարտէսը՝ [[1662]] (քարտէսը՝ Ճօան Պլյուի կողմէն)]]Առաջին բնակիչները պատկանած են Արենսպուրկեան մշակոյթին (մ․թ․ա․ 11-10-րդ հազարամեակ), որ վաղ Դրիասի (Վաքսելեան սառցէ շրջանի վերջին փուլ) վերի հին քարէդարեան մշակոյթ էր:էր։ Մշակոյթը կոչուած է Արենսպուրկ գիւղի անունով, որ Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքէն 25 քմ հիւսիս-արեւելք կը գտնուի, ուր պեղուած են նետերու փայտէ ձողեր եւ սայրեր<ref name="Genetics">{{Cite journal|last2=Cavalleri|first2=G. L.|last3=Lin|first3=A. A.|last4=Cavalli-Sforza|first4=L. L.|last5=Børresen-Dale|first5=A. L.|last6=Underhill|first6=P. A.|year=2002|title=Different genetic components in the Norwegian population revealed by the analysis of mtDNA and Y chromosome polymorphisms|journal=European Journal of Human Genetics|volume=10|issue=9|pages=521–9|doi=10.1038/sj.ejhg.5200834|pmid=12173029|author1=Passarino|first1=G}}</ref>։ Նորվեկիայի մէջ մարդկութեան բնակութեան առաջին հետքերը յայտնաբերուած են ափամերձ շրջաններու մէջ, ուր մ․թ․ա․ 11000 - 8000-ններուն հալած է վերջին սառէ դարաշրջանի հսկայական ծանծաղուտային սառցադաշտը։ Ամենահին գտածոները թուագրուած են մ․թ․ա․ 9500-6000-ններուն եւ յայտնաբերուած են հիւսիսի մէջ՝ Ֆինմարկի (Կոմսա մշակոյթ) եւ հարաւ-արեւմուտքի մէջ՝ Ռոգալանտի (Ֆոսնա մշակոյթ)։ Երկու տարբեր մշակոյթներու մասին տեսութիւնները 1970-ականներուն մերժուեցան։
 
Ափամերձ շրջանին մէջ հնագէտներու յայտնաբերած վերջին գտածոներու հիման վրայ կ՛ենթադրուի, որ տարբերութիւնները կրնան ծագիլ տարբեր գործիքներ օգտագործելու պատճառով եւ ոչ թէ այն պատճառով, որ անոնք տարբեր մշակոյթներու կը պատկանին։ Ծովային կենդանական աշխարհը հնարաւոր դարձուցած է ձկնորսներու եւ որսորդներու բնակութիւնը, որոնք ենթադրաբար ապրած են տակաւին մ․թ․ա․ 10,000-ին, երբ ցամաքը տակաւին սառոյցով պատուած էր։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Նորվեկիա» էջէն