«Ջղային Անախորժակութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Աղբիւրներ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: using AWB
Չ →‎Յաւելեալ: clean up, replaced: վրայ: → վրայ։ using AWB
 
Տող 4.
 
Մասնագէտ հոգեբոյժներու համաձայն՝ անհատական ճնշուածութիւն, առանձնութիւն, անապահովութիւն, կատարեալին ձգտում, բարդ հարցեր եւ զգացական կացութիւններ ունեցողները աւելի հակամէտ կ'ըլլան ունենալու ջղային անախորժակութիւն, քան ուրիշներ: Ըստ մասնագէտներուն՝ հիմնական հարցը ընկերային, զգացական եւ [[Կենսաբանութիւն|կենսաբանական]] (biological) խորք ունի: Ծնողական պարտադրանք, ընկերային շրջանակի ճնշում, մարմնական լաւ երեւոյթ ունենալու մարմաջ եւ պարուհի դառնալու փափաք՝ որոշապէս մեծ դերակատարութիւն ունին այս [[Հիւանդութիւն|հիւանդութեան]] յառաջացման մէջ:
Այս հիւանդութենէն տառապողներուն անհատականութիւնը (self-esteem) հիմնուած է որքանով նիհարնալու եւ կշիռք կորսնցնելու վրայ:վրայ։ Անոնք կը խորհին, որ ուրախ պիտի ըլլան, եթէ կշիռք կորսնցնեն: Անոնց հիմնական նպատակը նիհարնալն է եւ ո՛չ թէ [[առողջութիւն]]ը: Անոնք նախպաշարուած են միայն իրենց մարմինին երեւոյթով։
 
Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը [[Տնտեսութիւն|տնտեսական]] լաւ վիճակ ունեցողներ են: Անոնք կ'ըլլան շատ բծախնդիր, ուշիմ եւ լաւագոյնին, կատարեալին ու մեծ յաջաղութեան ձգտողներ: Անոնք շարունակ կերակուրի մասին կը մտածեն եւ կը խօսին, կը սերտեն կերակուրներու տեսակները եւ սննդեղէններու [[Ջերմուժ|ջերմոյժ]]ի քանակը, շուկայի պատրաստ կերակուրներու տուփերուն վրայ գրուած գրութիւնները շարունակ կը կարդան, կերակուրի պատրաստութեան թերթիկները կը պահեն, կերակուր պատրաստելու դասընթացքներու կը հետեւին, սննդականոնի գիրքեր կը կարդան, ճաշացուցակներ կ'ուսումնասիրեն, դժուար եւ բարդ կերակուրներ կը պատրաստեն ուրիշներու համար, յաճախ կը ստեն իրենց կերածին մասին, իրենց կերակուրը գաղտնի տեղ մը կը պահեն կամ կը թափեն, որպէսզի չուտեն: Անոնք շատ քիչ կ'ուտեն, կը հետեւին զօրաւոր սննդականոնի, կը սպառեն քիչ [[շաքար]] պարունակող սննդեղէններ, հանրութեան դիմաց չեն ուտեր եւ կը փորձեն փախուստ տալ, կը մերժեն հրամցուած կերակուրը, շատ կը ծամեն եւ ծամելէ ետք կուլ չեն տար: Որքան նիհարնան, այդքան աւելի նիհարնալ կ'ուզեն: